Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին
Պիտի Երթայ-Պիտի Չերթայ…
Օգոստոսի վերջերէն ի վեր, երկար ատեն, տղուս ու մեր տան մէջ իրարանցում կար: Գրաւի կու գամ, երբ մեծ հայասէր գիտնական Նանսեն բեւեռ արշաւախումբ կը կազմակերպէր, իրենց տունին իրարանցումը մեր տան իրարանցումէն նուազ էր: Աւելի ճիշդ` իմ տան ու տղուս տան մէջ տիրող իրարանցման ընդհանուր գումարէն նուազ էր:
Ի՞նչ էր պատահած…
Բան մը չէր պատահած, պատահելու էր. թոռնուհիս` Քարենը, առաջին անգամ ըլլալով, երբ դպրոցները բացուէին, մանկապարտէզ պիտի երթար:
Եղած-չեղածը այս էր:
– Պիտի երթայ:
– Պիտի չերթայ:
– Ա՛լ մեծցած է:
– Չէ՛ մեծցած, դեռ փոքր է:
– Օրական երկու ժամը ի՞նչ է որ…
– Օրական երկու ժամը մօրմէն բաժնուած երեխայի մը համար յաւիտենականութեան չափ երկար է:
– Օ՜, փա՜…
– Փա, մա չկայ. չօճուխին երջանկութեան օրերը մի՛ սահմանափակէք… Թոյն մի՛ խառնէք անոնց… Հինգ տարեկանին դպրոց ղրկելով` փրոֆեսէօ՞ր պիտի շինէք զայն… Երբ մեծնայ, յաւիտենական ուսանող դարձուցէք զինքը, եթէ կ՛ուզէք… Բայց հիմա սպասեցէք, մինչեւ որ գէթ վեց տարեկան ըլլայ:
– Բայց, փա՛, երթալիք տեղը մանկապարտէ՜զ է, ուր խաղալ ու երգե՜լ կայ միայն:
– Օտարի մը հսկողութեան տակ:
– Բայց այդ օտար կոչածդ մանկավարժ մըն է` տարիներով այդ գործին համար պատրաստուած…
– Երբէ՞ն ի վեր մանկավարժական հաստատութիւններէ շրջանաւարտ են մանկապարտիզպանուհիները:
– Փա՛, փլի՜զ, խօսք հասկցիր:
– Ի՞նչ է, ղաթուղա՞զ եմ ես, խօսք չհասկցո՞ղ…
Բայց վերջապէս զաւակը որո՞ւնն է…
– Եթէ քու զաւակդ է, իմ ալ թոռս է, ես ալ քեզի չափ բաժին ունիմ:
– Բան մը կրնա՞մ ըսել,- մէջ ինկաւ կինս:
– Կախում ունի, թէ ըսելիքդ ի՛նչ է, եթէ անոնց կողմը պիտի բռնես, չես կրնար ըսել:
– Վերջապէս դուն հոս ի՞նչ ես, միապե՞տ… Անոնց դարը անցա՜ծ է,- առարկեց կինս:
– Բրուտո՛ս, դո՞ւն ալ… Ի՞նչ մեղքիս մեծ մայրն ես… Ձագուկին չե՞ս մեղքնար… ելեր` միապետ, միապետութիւն կը խաղաս… Չէ՛, ես միապետ չեմ, բայց այս տան գլուխն եմ… Ու որոշումները գլուխները կու տան:
– Բան մըն ալ ես կրնա՞մ ըսել,- մատ բարձրացուց հարսս:
Մէկ րոպէ, միայն մէկ րոպէ իր դէմքը ուսումնասիրելէ ետք, հասկցայ, թէ ո՛ր կողմ բռնելու էր, ու ըսի վճռականօրէն, թէ`
– Դուն մի՛ խառնուիր, դուն չես կրնար անկողմնակալ ըլլալ:
Քիչ մնաց լար:
– Մայր ես չե՞մ…
– Արտն ալ եգիպտացորենին մայրն է, բայց տեսե՞ր ես, որ մէկը երթայ հարցնէ արտին, թէ ի՛նչ ընենք իր բերքը, խաշե՞նք, խորովե՞նք, թէ՞ ալիւրի վերածենք…
– Ձայներնիդ կտրեցէք, թող այդ օրը գայ տէ բան մը կ՛ընենք,- միջամտեց կինս ու հարցը այդպէսով փակուած համարուեցաւ: Բայց իրականութեան մէջ հեռու է փակուած ըլլալէ: Յաջորդ օրերուն ու շաբաթներուն, ժամերով, երբեմն Քարենը հետերնին առած, երբեմն` առանձինն, կ՛անհետանային ու ծրարներով կը վերադառնային ետ: Ըսեմ նաեւ, որ այդ ծրարները տուն կը մաքսանենգուէին ինձմէ գաղտնի ու կը պահուէին դարակներու եւ պահարաններու մէջ: Հասկցայ: Ապուշ չէի… Ո՛վ որ աղջիկ-տղայ մեծցուցած է, գիտէ, որ անոնց կեանքին մէջ երեք անգամ ճեհեզ կը պատրաստուի: Մէկը` առաջին անգամը, դպրոց գացած ատեննին, երկրորդը` քոլեճ ու երրորդը` հարս գացած ատեննին…
Հասկցայ, որ Քարենին առաջին ճեհեզը կը պատրաստէին:
Ու մտքէս խնդացի իրենց վրայ: Ես գիտէի ընելիքս: Սեպտեմբերին երեխան պիտի բերէի մեր տունը ու հոն պահէի ամիս մը, մինչեւ որ արձանագրութեանց օրերը անցնէին:
Ա՛լ ոչ ես խօսք բացի այդ մասին, ոչ ալ իրենք: Մեղր ու շաքար դարձանք: Սեպտեմբերն եկաւ, օդերը զովացան: Հայոց եկեղեցին խաղողը օրհնեց, ու գիշերները, պառկելէ առաջ, սկսանք պատուհաններէն մէկ քանին կիսով փակել:
Քաղաքի վարժարաններուն վերամուտի թուականը եկաւ ու անցաւ, բայց վարժարանները մնացին փակ, ու մէկ միլիոն հարիւր հազար ուսանողներ մնացին փողոցը կամ տունը, որովհետեւ ուսուցչական միութիւնը գործադուլ էր յայտարարած…
Ի՜նչ մեծ ամօթ…
Ու ինչո՞ւ համար: Սեւամորթներով բնակուած շրջանի մը մէջ ծնողները ճամբու դրեր էին տասը ուսուցիչ` առարկելով, որ անոնք յարմար մարդեր չեն, բաւականաչափ սրտցաւ վերաբերմունք ցոյց չեն տար, դասարաններուն մէջ անիշխանութիւն կը տիրէ, կարգապահութիւն չկայ, աշակերտները կը ջարդեն ապակեփեղկերը ու փողոց կը նետեն աթոռները, եւ ուսուցիչները չեն կրնար զսպել զանոնք…
Դարն ու պայմանները այնպէս են, որ չեն կրնար անոնք պատասխանել, թէ` ձեր լակոտներուն համար դուք ուսուցչի պէտք չունիք, դուք գազանազուսպնե՛ր կ՛ուզէք…
Ուսուցիչներու միութիւնը այդ պաշտօնազրկուած ուսուցիչները կ՛ուզէ իրենց դասարաններուն մէջ տեսնել. երկար բանակցութիւններէ ետք այդպէս ալ ըրին, բայց երբ ուսուցիչները կը մտնեն իրենց համար նշանակուած դասարանները, զանոնք կը գտնեն պարապ:
Հարցը այնքան ալ պարզ չէ: Կը թուի, որ երկու կողմն ալ իրաւունք ունին:
Պէտք չէ մոռնալ, որ ուսումը, Ամերիկայի մէջ, մինչեւ նախակրթարան ձրի է ու պարտաւորիչ: Այսօր` 4 հոկտեմբեր, վարժարանները կրկին փակ մնալու սպառնալիքին տակ են: Կը մտածեմ, որ անպատուաբեր է ուսուցչի մը համար, հոգ չէ թէ` ի՛նչ պատրուակով, գործադուլ ընելը: Դուք կրնա՞ք երեւակայել հայ ուսուցիչ մը, որ նման պարագայի մը գործադուլի քուէ տայ…
***
Երէկ գիշեր մեր հեռաձայնի զանգակը կանչեց.
– Քեզի համար ըլլալու է,- ըսաւ կինս:
– Հըլլօ,- ըսի` լսափողը ականջիս մօտեցնելով:
– Հըլլօ, կրենփա:
– Հըլլօ Քարեն, ճանի՛կս, բալի՛կս:
– Այսօր, դպրոց գացի կրենփա:
– Ի՞նչ…
– Այսօր դպրոց գացի…
– Մինա՞կդ:
– Չէ, առտուն փափաս տարաւ, վերջն ալ մամաս եկաւ զիս առնելու:
– Հոն ի՞նչ ըրիր:
– Խաղալիքներս հետս տարած էի:
– Ուսուցչուհիդ կը սիրե՞ս:
– Կարմիր մազեր ունի:
– Օ՜… Քեզ կը սիրէ՞:
– Չեմ գիտեր:
– Դուն զինքը կը սիրե՞ս:
– Չեմ գիտեր:
– Հոն ի՞նչ ըրիր:
– Պատկեր մը գծեցի:
– Հետդ տուն բերի՞ր, թէ՞ հոն ձգեցիր:
– Բերի տուն:
– Պահէ, որ ինծի տաս:
– Այո՛, կրենփա, կը պահեմ, որ քեզի տամ:
– Ուրիշ ի՞նչ ըրիք հոն:
– Երգեցինք: Մերի անուն աղջիկ մը կար, լացաւ: Ես չլացի:
– Գիտե՞ս, թէ կրենփան քեզ որքան կը սիրէ:
– Գիտեմ:
– Որքա՞ն շատ:
– Ծովուն չափ:
– Ապրի՛ս, գիտցար: Է՛, հիմա մեծ հայրիկին պաչիկ մը տուր:
Ու վաթսուն մղոն հեռուէն, համով պաչիկ մը, հեռաձայնի գծով եկաւ հասաւ ինծի:
– Գիշե՛ր բարի, բալի՛կ:
– Բարի՛ գիշեր կրեմփ:
Ու գործիքը գոցեցի:
– Ո՞վ էր,- հարցուց կինս, կարծես թէ խօսակցութիւնս մտիկ ընելով գուշակած չըլլար ամէն բան:
– Քարենն էր:
– Ի՞նչ ըսաւ:
– Ըսաւ, որ դպրոց գացեր ու գայլ մը գծեր է:
– Գա՞յլ մը գծեր է…
– Այո՛, գայլ մը գծեր է, որ մեծ մայրերուն մէջ քեզ ուտէ ու մեծ հայրերուն մէջ զիս…
Ու քիթս կոխեցի լրագրիս մէջ:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ