Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1968)

Սեպտեմբեր 28, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Քանի Դեռ Ուշ Չէ

Միացեալ ազգերու ընդհանուր քարտուղարը, անկախ իր բարձր պաշտօնէն եւ հանգամանքէն, որոնք անվիճելի կշիռ կու տան իր խօսքին ու գործին, ինքնին ծանրախոհ դիւանագէտ մըն է, որ երբեք սովորութիւնը չունի օդին մէջ պարապ խօսքեր նետելու:

Հետեւաբար, երբ անցեալ օր Ընդհանուր ժողովին ներկայացուցած իր տարեկան տեղեկագրին մէջ ընդգծեց չորս մեծերու հանդիպման մը անհրաժեշտութիւնը, անպայման որ նախապէս շօշափած էր շահագրգռուողներուն տրամադրութիւնները: Ճիշդ է, որ այդ անհրաժեշտութիւնը ակներեւ դարձնելու համար պարտաւորուեցաւ ծանրանալ վերջին ամիսներու դէպքերուն վրայ, որոնք մութ ապագայի մը հեռանկարը կու տան մարդկութեան, բայց շատ հաւանաբար ատիկա ըրաւ հանրային կարծիքին համար, մինչ բուն ենթակաները` իբրեւ պատասխանատու, արդէն տեղեակ են կացութեան ծանրութեան եւ այն վտանգին, որուն պիտի ենթարկուի աշխարհ, եթէ Պաղ պատերազմը վերսկսի 50-ական թուականներու թափով եւ սաստկութեամբ:

Միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ 1960-ը կազմեց անկիւնադարձ մը: Այդ թուականի մայիսին ներքին դժուարութիւններու պատճառով Խրուշչով ստիպուեցաւ տապարահարել Փարիզի վեհաժողովը: Անկէ ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ նախագահ Քենետի, 1961-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ երկու գերտէրութեանց գլխաւորներուն հանդիպումը, որ պիտի նետէր հիմերը խաղաղ գոյակցութեան: Այդ օրերուն Սպիտակ տունը եւ Քրեմլին կարծէք եկած էին այն համոզման, որ չորսերու հանդիպումներէն աւելի արդիւնաւոր կրնան ըլլալ երկկողմանի տեսակցութիւնները, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, որոնց ձեռքին մէջ կը գտնուէր պատերազմի եւ խաղաղութեան բանալին` իբրեւ հետեւանք ռազմական այն զօրութեան, որուն տիրացած էին հիւլէական զէնքերու մարզին մէջ:

Ուաշինկթըն-Մոսկուա երկկողմանի շփումները, գերագոյն աստիճանի վրայ, կրնային շարունակուիլ, եթէ 1962-ին չծագէր Քուպայի տագնապը, որ մինչեւ հիւլէական բախումի մը սեմը տարաւ մարդկութիւնը: Ատկէ ետք հարկ եղաւ սպասել հինգ տարի, մինչեւ 1967, որպէսզի, Միջին Արեւելքի տագնապին առիթով, որուն ուղղակի միջամտելէ զգուշացած էին երկու տէրութիւնները, Ճոնսըն եւ Քոսիկին հանդիպում ունենան Կլեսպորոյի մէջ, ուր արաբեւիսրայէլեան վէճը առիթ եղաւ աւելի ծանրակշիռ հարցերու ուսումնասիրութեան: Այդ հանդիպման արդիւնք եղաւ առաւելաբար հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող դաշնագիրը, զոր ստորագրեցին բազմաթիւ երկիրներ` բացի Չինաստանէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ Իսրայէլէն:

Վերոյիշեալ չորս երկիրներուն մէջ ամէնէն յատկանշականը Ֆրանսայի մերժումն է: 1958-էն ի վեր, երբ զօրավար տը Կոլ ստանձնեց նախագահութիւնը, Փարիզ միշտ ալ կողմնակից եղած է բազմակողմանի խօսակցութիւններու` արժեցնելու համար մեծ տէրութեան իր իրաւունքները` համաշխարհային հարցերու կարգադրութեան մէջ: Հակառակ 1960-ի ձախողութեան` Ֆրանսայի նախագահը երբեք չհրաժարեցաւ չորսերու հանդիպման գաղափարէն ու, իբրեւ արդիւնք այդ քաղաքականութեան, հետզհետէ հեռացաւ Ատլանտեանի զինակցութենէն` միջազգային կեանքի մէջ խաղալու համար այն դերը, որուն զօրավարը կ՛ուզէր սահմանել իր երկիրը: Ամէն անգամ որ տագնապներ ծագեցան, զօրավար տը Կոլ առաջարկեց չորս մեծերու հանդիպում մը, նոյնիսկ համաձայն գտնուեցաւ, որ Մաօ Ցէ Թունկի Չինաստանը մասնակցի ժողովներուն: Վերջին առաջարկը ներկայացուց անցեալ տարի, յունիսի պատերազմին նախօրեակին, ու մինչ Ամերիկա առանց խանդավառութեան ընդունեց, Մոսկուա անօգուտ նկատեց բազմակողմանի ժողով մը` նախընտրելով գլուխ գլխի կարգադրութիւն մը Միացեալ Նահանգներու հետ:

Հիմա, երբ Ու Թան դարձեալ սեղանի վրայ կը բերէ չորս մեծերու հանդիպման մը ծրագիրը, կասկած չկայ, որ միտքերը բաւական հասունցած են այդ ուղղութեամբ, յատկապէս` Քրեմլինի մէջ: Այլապէս, անիմաստ կը դառնայ Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը չորս մեծերու հանդիսաւոր մէկ յայտարարութեամբ երաշխաւորելու խորհրդային ծրագիրը, որուն մասին կը խօսուի վերջերս:

Այս պայմաններուն մէջ շատ հաւանական է, որ շահագրգռուող մայրաքաղաքները ընթացք տան Ու Թանի առաջարկին եւ նախապատրաստական շփումներուն սկսին իրենց արտաքին նախարարներուն միջոցով, ինչպէս կը թելադրէ Ընդհանուր քարտուղարը:

Քրեմլին-Սպիտակ տուն ուղղակի շփումները չկրցան խաղաղ ապագայի մը հիմերը նետել: Թէեւ քառակողմանի հանդիպումները եւս ժամանակին այնքան արդիւնաւոր չեղան, բայց այդ պարագային գոնէ այն ապահովութիւնը կայ, որ աւելի շրջահայեաց որոշումներ կը տրուին, եւ պատասխանատուութիւնները կը բաժնուին:

Քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է ու անհրաժեշտ է նոր փորձ մը կատարել, քանի միջազգային կացութեան մեղմացումը այդ կարելիին սահմանէն դուրս չէ ելած դեռ: Քանի դեռ ուշ չէ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Արուեստագէտը Միջազգային Մրցանքի Դափնեկիր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?