Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 10, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2000 Թուականին

Ազատ Ժամանակը

Մեծ սխալ մըն է կարծել, որ մարդկային կեանքին մէջ ազատ ժամանակի յանկարծական ընդարձակումը զայն ծոյլ պիտի դարձնէ: Կեղծ է երեւակայութիւնը մարդկութեան մը մասին, որ հանգստաւէտ տեղաւորուած կոճակներու եւ գործիքներու միջավայրի մը մէջ, կը տառապի մտային կարողութիւններու դանդաղ նուազումէն, պատմութեան մէջ բերելով կայունութեան նոր շրջան մը: Անգամ մը որ ընդունինք, թէ 2000 թուականին աշխատանքը հոմանիշ պիտի ըլլայ մտածման`  աստիճանաբար նուազումովը ֆիզիքական ճիգին, անփոփոխ ժամերու ծրագիրը ոչ համոզիչ եւ բացարձակապէս պայմանադրական կը դառնայ: Կարեւորը ստեղծագործական ընկերակցութիւնն է, որ չի հետեւիր ժամացոյցի սլաքներուն: Մտածումը կը գլէ աշխատանքի ժամերուն թումբերը: Դեռ աւելի՛ն. իր պատեհ բոյնը կը տեղաւորէ անոնցմէ դուրս: Միտքի օրէնքները, դարձած` ապագայ աշխատանքի օրէնքներ, կ՛ենթադրեն ազատագրումը բռնադատումներէ, աղմուկէ եւ անբաղձալի խթանումէ: Երբ ներշնչման վերաբերեալ նամակի մը մէջ Մոցարդ կը պահանջէ որ «ոչ մէկ բան զբաղեցնէ ուշադրութիւնը», ան կը յայտնէ հիմնական օրէնք մը: Մեղեդիները իրեն կու գան, երբ լաւ տրամադրութեան մէջ է, կառքով պտոյտ մը ընելու կամ լաւ ճաշէ մը ետք ոտքով շրջագայելու միջոցին: Եթէ սակայն երաժիշտները դիւրութեամբ չեն ընդունուած իբրեւ նախատիպեր, փոխարէն` պէտք է նկատի առնել ուսողագէտներու փորձառութիւնը, տրուած ըլլալով, որ այս տեսակի մտաւորականները լայն տարածում պիտի ունենան 2000 թուականին:

Նշենք «Նորարարութեան հոգեբանութիւնը ուսողական բնագաւառին մէջ» գիրքը Ժաք Ատամարի, որ հայրն էր ուսողագէտներու բազմաթիւ սերունդներու: Յիշենք Փուանքարէի փորձը` քունի ատեն ուղեղի ստեղծագործութեան շարունակման «թխսումը նախորդող լուսաւորման» մասին: Այս ռահվիրաներուն աւանդութեան մէջ, ֆրանսացի մեծ գիտնական Լիխներովից կ՛ըսէ, որ աշխատանքը կը սկսի այն պահուն, երբ իր կինը կը կարծէ, թէ քնանալու վրայ է:

2000 թուականը կ՛արգիլէ զանազանութիւն դնել ծրագրուած աշխատանքին եւ ազատ աշխատանքի միջեւ եւ ընդմէջ` խորհրդածութեան եւ խոկման, նախընտրելով հաստատուիլ վերջին դասաւորութեան մէջ: Ինչ որ ներկայիս ճշմարտազանց կը թուի, ապագային պիտի ըլլայ ճշմարիտ: Որքան քիչ աշխատանք կատարուի, հին ըմբռնումով, այնքան աւելի շատ պիտի ըլլայ արտադրութիւնը: Հիմնարկութիւններու եւ գործարաններու մէջ գոյութիւն պիտի ունենան «մտածումի բաժիններ», որոնց անձնակազմը վայելելով ազատ ժամեր` պիտի ներկայանայ, ամէն անգամ որ օգտակար գաղափարներ ունենայ, առնուազն` տարին երկու անգամ, զանոնք արժէքաւորելու համար:

Ինչպէ՞ս պիտի օգտագործուի մարդուն կեանքին ազատ, ծաւալուն ժամանակը 2000 թուականին: Հետապնդելով երկրորդ կոչում մը: Ասպարէզի մը ընտրութիւնը ըլլալով ամէնէն տկար զարգացած գործունէութիւններէն մէկը` թիւով քիչ են անոնք, որոնք կրնան ըսել, որ կ՛աշխատին իրենց երազած արհեստին մէջ: Դէմդ  կ՛ելլեն արգելքներ` դպրոց, արհեստը փոխելու դժուարութիւն: Ապագային, հակառակ որ մարդոց մուտքը իրենց արհեստներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ խաղաղ եւ ներդաշնակ կերպով, մարդկային բազմապիսի կապերը եւ մշակութային այլազանութիւնը կարելի պիտի դարձնեն, որ անոնց գլխաւոր արհեստը օժտուի յաւերլուածական երկրորդ որակումով մը: Սփինոզա ցերեկները ոսպնեակներ կը յղկէր, որպէսզի ճարէ օրապահիկը եւ գիշերը կարենայ գրել «Բարոյագիտութիւնը»: 2000 թուականի մարդը ստեղծագործաբար պիտի խորհի ցերեկը, երեկոյեան պիտի կիրարկէ արհեստ մը, որպէսզի պահպանէ ֆիզիքական իր զգացումները եւ յատկութիւնները:

Ոչինչ աւելի հաճելի է եւ աւելի յարմար մարդու բնութեան, քան` խաղը: Մարդը պիտի նուիրուի այլազան խաղերու: Խաղերը ունենալով միեւնոյն ուսողագիտական կառուցուածքը` տնտեսական գործունէութիւններուն, բանակցութիւններուն եւ կարգ մը պատմական իրողութիւններուն հետ մեզ կ՛առաջնորդեն ա՛լ աւելի լաւ ըմբռնելու ընկերային կեանքը: Այսպէս, նարտ խաղացողները կրնան աւելի լաւ պատկերացնել յոյներու պատերազմը պարսիկներու հետ, իսկ ճատրակ խաղացողները աւելի ատակ են թափանցելու միջուկային ռազմավարութեան բնոյթին: Պրիճի խաղը պիտի ընդհանրանայ ձեռնարկութիւններու տնօրէններուն միջեւ:

Մարդկային ընկերականութեան յարատեւութիւնը պիտի արտայայտուի բազմաթիւ խմբաւորումներով, ակումբներով, ընկերութիւններով: Իմացած եմ, որ թռչունները հետազօտողներու ընկերակցութիւնը իրական նպաստներ կը բերէ գիտութեան, սակայն զարմացայ, որ ներկայիս գոյութիւն ունին խխունջներ խնամողներու ակումբներ: Ընկերակցութիւնները պիտի ունենան նաեւ ուրիշ արժանիք մը. ընկերութեան մանրանկար նմուշներն են: Անոնք կը քուէարկեն իրենց սահմանադրութիւնը, կ՛որոշեն ծրագիրներ, կ՛ունենան հաւաքոյթներ, 2000 թուականին, ընկերակցութիւնները պիտի դառնան ծաւալուն երեւոյթներ` շնորհիւ իրենց ընտրած նիւթերու առատութեան:

Խաղացողին կամ զանազան ընկերակցութիւններու անդամներուն չօգտագործած ազատ ժամանակը պիտի կլանուի, լայնօրէն հետաքրքրութիւններով: Այս ճիւղը պիտի արգասաւորուի ընթերցանութեամբ կամ, 2000 թուականի ասացուածքով, տեղեկութիւններու իւրացումով: Ճամբորդութիւնները եւ հետազօտութիւնները փոփոխակներն են` հետաքրքրութիւններու գործադրութեան: Հեռաւոր վայրերը բոլոր զգայնութիւններով կարդացուած գիրքեր են: Ազատ ժամանակը մարդուն պիտի թոյլատրէ դիւրութեամբ տեսնելու հակոտնեայ աշխարհը: Իրական ճամբորդութեան եւ պատկերասփիւռով կատարուած ճամբորդութեան միջեւ տարբերութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ վերջինը պիտի ընծայէ աւելի շատ եւ աւելի կանոնաւոր տեղեկութիւններ:

Ժամանակի աւելի հարուստ աղբիւրներով` մարդը միջոցին մէջ եւս պիտի շարժի աւելի ազատ եւ աւելի շատ յենակէտներ պիտի գտնէ աշխարհի քարտէսին վրայ:

ՄԻՐԻՉԷԱ ՄԱԼԻՑԱ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?