Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Հոկտեմբեր 1968)

October 6, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ «Շանթ» Պասքեթպոլի
Տիպար Խումբ Մը

Տիպար խումբ մըն է ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» պասքեթպոլի խումբը: Սիրուած խումբ մը` մարզական շրջանակներէն, յատկապէս` Լեռնալիբանանի մարզական միութիւններէն, որոնց խումբերուն հետ ամէն ամառ բազմաթիւ մրցումներ կը կատարէ օդափոխութեան վայրերուն մէջ:

Հայկական թէ արաբական մարզական միութիւններ միշտ հաճոյքով դիմաւորած են «Շանթ»-ի խաղացողները, որոնց ցուցադրած մարզական ոգին եւ եղբայրական վերաբերումը ամէն անգամ գնահատուած է:

Միութիւններու կազմակերպած մրցաշարքերուն միշտ փնտռուած է ՀՄԸՄ «Շանթ»-ի մասնակցութիւնը: Փոխադարձաբար, բոլոր խումբերը սիրով ընդառաջած են «Շանթ»-ի հրաւէրներուն:

Արդարեւ, ՀՄԸՄ «Շանթ» Լիբանանի ամէնէն շատ մրցումներ կազմակերպած եւ մրցումներու հրաւիրուած խումբերէն է: Նաեւ` ամէնէն շատ ծափահարուած խումբերէն մէկը, իր հաճելի, ներդաշնակ եւ մաքուր խաղարկութեամբ: Իր բոլոր խաղացողները եղած են օրինակելի, տիպար մարզիկներ, որոնք միշտ բարձր պահած են հայու եւ ՀՄԸՄ-ի անունները:

Ներկայիս խումբին խաղացողներն են` Զարեհ Սապսըզեանը, Արա Գալֆայեանը, Յովսէփ Փերտէճեանը, Վարդան Թերզեանը, Արա Փիլիպպոսեանը, Սագօ Չագմաքեանը, Յարութիւն Գրաճեանը, Միհրան Հատիտեանը:

Այս ամառ եւս ՀՄԸՄ «Շանթ» մրցումներ

ունեցաւ Համմանայի, Պէյթ Մերիի, Զահլէի, Այն Սաատէի, Ժիւնիէի, Պիքֆայայի, Ֆէյթրունի եւ այլ վայրերու մէջ: Արձանագրեց 6 պարտութիւն եւ 12 յաղթանակ: Այս մրցումներէն յատկապէս յիշատակութեան արժանի է Զահլէի «Անիպալ» մարզական միութեան պասքեթպոլի մարզական ամսուան բացման առիթով «Անիպալ» խումբին դէմ ունեցած իր մրցումը, Զահլէի մէջ, որուն ներկայ եղան պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հազարէ աւելի մարզասէրներ:

ՀՄԸՄ «Շանթ» իր արձանագրած յաղթանակներով, Լիբանանի պասքեթպոլի խումբերուն մէջ առաջիններէն կը դասուի: Իր կազմութենէն ասդին, եօթը տարուան ընթացքին շահած է 48 բաժակ, որոնք Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան հաւանութեամբ զետեղուած են Քարանթինայի ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբին մէջ, ուր «Շանթ» ունի նաեւ պահարան մը, որուն մէջ կարելի է հանդիպիլ «Շանթ»-ի խաղացողներու խմբանկարներուն եւ հայ թէ օտար թերթերու մէջ «Շանթ»-ի մասին տպուած գրութիւններու:

ՀՄԸՄ «Շանթ» պասքեթպոլի խումբը իր կենսունակութիւնն ու ստեղծած խանդավառութիւնը ոչ միայն կը պարտի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան քաջալերանքին, այլեւ հիմնադիր-վարիչ` Մուշեղ Սընտըրեանի անվերապահ գնահատանքի արժանի եռանդուն գործունէութեան եւ անձնուէր հոգածութեան:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Պայծառ Ճամբայ…

Այս օրերուն, հայրենիքի մէջ, ու հայրենիքին արձագանգելով, ի սփիւռս աշխարհի հպարտութեամբ կը նշուի Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի ծննդեան վաթսունամեակը:

Տիեզերական հռչակի տիրացած անձնաւորութիւն է Համբարձումեան, բայց այդ հանգամանքը հազիւ թէ պզտիկ դեր մը ունի այն հանուր, ընդհանուր համակրանքին մէջ, զոր կը վայելէ իր ժողովուրդին մէջ, աւելի քան միջազգային ճանաչում գտած ուրիշ ոեւէ հայ:

Վիքթոր Համբարձումեան որքան մեծցաւ, որքան վեր բարձրացաւ, այնքան աւելի «պայծառացաւ, հայացաւ»:

Իր անունը խորհրդանիշ անուն է այլեւս, հայոց պատմութեան յաւերժափառ անուններու համաստեղութեան մէջ մտած` լուսասփիւռ աստղ:

Թիւով, հողային տարածութեամբ, մշակութային ու քաղաքակրթական նուաճումներով առաջնակարգ տեղ գրաւած որեւէ ժողովուրդ երկնատուր շնորհ մը պիտի համարէր Համբարձումեան մը ունենալու բախտը, հարիւրապատիկ անգամ աւելի փառք ու հարստութիւն պիտի շռայլուէր իրեն, եթէ ապրէր մեծ հայրենիքի մը մեծ ժողովուրդին մէջ, բայց ինք երբեք չհմայուեցաւ աշխարհով եւ աշխարհի ընծաներով, ընդհակառակն, իր ներկայութեամբ կեդրոնաձիգ հմայք մը եւս աւելցուց Հայաստան աշխարհին վրայ:

Գիտնականի ու արուեստագէտի հով ունեցող ամէն անձ այս արժանաւորութեամբ չի կրնար կշռել կեանքը ու ապրիլ փառքի ու չտեսութեան ախտերէն զերծ մնացած մարդոց յատուկ խաղաղութեամբ: Փառքի ծարաւն ու չտեսութեան ախտը փոքրերու, փոքրոգիներու դրսեւորումներ են, անո՛նց սնունդը, որոնք իրենց տկարութիւնները կը ջանան տրտունջներով ջնարակել, ապերախտներ կը տեսնեն իրենց շուրջը, օտար կարօտներ կը մշակեն տեւաբար, կը գաղթեն պատեհ առիթներու, կը կերպարանափոխուին շարունակ, կը տխմարանան շարունակ եւ կը չքանան օր մը` առանց շարունակելի աւանդ մը ձգելու իրենց ետին:

Տարբեր է մեծերուն վարքը:

Մեծերը կը մնան հաւատարիմ իրենց էութեան, կ՛ապրին սեփական հողին վրայ, սեփական աստղերուն տակ, Համբարձումեանին պէս, հարազատ ժողովուրդին ներքին կշռոյթով, բաժնելով անոր ուրախութիւններն ու տառապանքը, յանուն հին սրբութիւններուն, նոր որակի, պայծառ լինելութեան:

Վերամուտի այս օրերուն իրական հաճոյք մըն է արտասանել Վիքթոր Համբարձումեանին անունը եւ յիշեցնել անոր ուսանելի կենսագրականը` աշակերտներուն եւ ծնողներուն հաւասարապէս:

Նուաճել աշխարհը` հաւատարիմ մնալով ցեղային խառնուածքին: Վիքթոր Համբարձումեանի օրինակով:

Տարբեր փառասիրութիւններ արթնցնել տղոց մէջ` պիտի նշանակէր ջուր խառնել անարատ գինիին, ի յառաջագունէ թումբ քաշել զարգացման հնարաւորութիւններուն դէմ ու բազմացնել «անինքնուրոյն» մարդոց անշահ հօտը:

Ուղիղ ճամբան Վիքթոր Համբարձումեանի բացած ճամբան է, պայծառ ճամբայ…

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խօսինք Միասին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.