Հայաստան
Լեւոն Շանթի «Ընտիր Երկեր»-ու Հրատարակումը Երեւանի Մէջ
ՀՀԳ-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ «Հայաստան» հրատարակչութիւնը 40 հազար օրինակ տպաքանակով լոյս ընծայած է Լեւոն Շանթի «Ընտիր երկեր»-ը:
Հատորին մէջ զետեղուած են` «Լերան աղջիկը» վիպերգը, «Երազ օրեր» յուշագրութիւնը, «Դարձ» վէպը, «Հին աստուածներ», «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ «Օշին Պայլ» թատրերգութիւնները:
Գիրքին յառաջաբանը գրած է գրականագէտ Էդուարդ Թոփչեանը:
Երեւանի 2750-ամեակի Տօնակատարութիւնը
Երեւանի մէջ, հոկտեմբեր 17-էն սկսած, ամբողջ շաբաթ մը տեղի պիտի ունենան Երեւանի 2750-ամեակի յոբելենական տօնահանդէսները: Երեւանցիներու հետ տօնահանդէսներուն պիտի մասնակցին նաեւ մեծաթիւ հիւրեր:
Այդ օրերուն քաղաքի հրապարակներուն եւ զբօսայգիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ բացօթեայ բեմահարթակներու, ակումբներու եւ մշակութային տուներու մէջ տեղի պիտի ունենան ներկայացումներ, համերգներ, հանգիստի երեկոյթներ, մարզական խաղեր, եւ պիտի ցուցադրուին հայկական շարժանկարներ, որոնց շարքին` «Երեւանը 2750 տարեկան է» գեղարուեստական նոր վաւերագրական ժապաւէնը: Պիտի բացուի ցուցահանդէս` «Երեւանը հայ նկարիչների գործերում»:
Տասնեակ հազարաւոր երեւանցիներ Հայաստանի մարզարանին մէջ պիտի մասնակցին համաքաղաքային հանրահաւաքին: Հանրահաւաքէն ետք պիտի կազմակերպուին թատերականացուած ներկայացում ու երիտասարդական մարզատօն:
Արին-բերդի բլուրին վրայ պիտի բացուի Երեւանի հիմնադրման թանգարանը: Բլուրի լանջերուն հանդիսաւորութեամբ պիտի հիմնադրուի «Էրեբունի» զբօսայգին: Զբօսայգիի հիմնադրման պիտի մասնակցին հիւրերը եւ մայրաքաղաքի աշխատաւորութեան ներկայացուցիչները, որոնք պիտի տնկեն 2750 ծառ` խորհրդանշելով Երեւանի տարիքը:
Նախատեսուած է երգի մեծ տօն անցընել «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ: Հայաստանի ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու ցուցահանդէսի տաղաւարներուն մէջ պիտի բացուի Երեւանին նուիրուած ցուցահանդէս:
Հայաստանի հրատարակչութիւնները Երեւանի հիմնադրման 2750-ամեակին առիթով լոյս պիտի ընծայեն եւ վաճառքի պիտի հանեն քաղաքի յոբելեանին նուիրուած շարք մը գիրքեր:
Գ. Սունդուկեանի անուան թատերախումբը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Նայիրի Զարեանի «Արտաւազդ եւ Կղէոպատրա» թատրերգութիւնը:
Հոկտեմբեր 18-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական հանդիսաւոր նիստ, որ պիտի հաղորդուի ձայնասփիւռով եւ պատկերասփիւռով:
Երեւանի հեռատիպ
Չնախատենք Զուիցերիան
Պէյրութ կը բարեզարդուի, Պէյրութ կը կերպարանափոխուի:
Հանրային պարտէզներ կը յարդարուին, նոր պողոտաներ կը բացուին, շուտով ելեկտրոնային լուսանշաններ պիտի հաստատուին գլխաւոր քառուղիներուն վրայ:
Այս բոլորը մետալին մէկ կողմն են: Միւս կողմը կը ներկայանայ անօրինակ քաոսի մը պատկերով: Անիշխանութիւնը օրէնքի կարգ անցած է մեր մայրաքաղաքին մէջ: Ու գլխաւոր պատճառներէն մէկը պատասխանատուներուն անհեռատեսութիւնն է:
Չորս տարի առաջ Քանթարիէն Թապարիս երկարող գիծին վրայ սկսաւ գործադրութեան դրուիլ տասը տարի առաջ որոշուած ծրագիր մը, որ ծանօթ է «առեւտրական ռինկ» անունով: Աշխատանքները տեւեցին երկար, մինչեւ որ ճամբան բացուեցաւ ու մասամբ մեղմացուց խճողումը, որ օրուան գրեթէ բոլոր ժամերուն Պէյրութի փողոցներուն առօրեայ պատկերն է: Առաջին օրէն, սակայն, այս նոր պողոտան չկրցաւ իր դերը լիովին կատարել, որովհետեւ թերի էր, մինչ ամբողջական ծրագիրը կը նախատեսէր կամուրջի մը շինութիւնը, որ Քանթարիէն մինչեւ Թապարիս արագ շրջագայութեան հնարաւորութիւն պիտի տար վարորդներուն: Երեք տարի շարունակ քաղաքապետութիւն եւ Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդ վէճի բռնուեցան, մինչեւ որ կարելի եղաւ կազմել վերջնական յատակագիծ մը: Հիմա շինուածը սկսան քանդել, որպէսզի, ըստ լաւատեսներու, քսան ամիսէն փապուղի մը եւ կամուրջներ շինուին Ֆուատ Շեհապ պողոտային վրայ: Անկախ նիւթական մեծ վնասներէն, որոնք ի վերջոյ ժողովուրդին պիտի անդրադառնան, ժամանակի կորուստը եւ մանաւանդ աշխատանքներուն ստեղծած աննկարագրելի խճողումները կրնային խնայուիլ, եթէ պատասխանատուները ժամանակին մտածէին բոլորին մասին` փոխանակ սահմանափակելու իրենց տեսողութեան դաշտը:
Ուրիշ գայթակղութիւն մը նաեւ` սպանդանոցի խնդիրը: Միլիոններ ծախսուեցան, մինչեւ որ Պէյրութ ունեցաւ արդիական չափանիշով սպանդանոց մը, որ սակայն ամիսներէ ի վեր անգործածելի կը մնայ: Պատճառը` անհաւատալի, բայց իրաւ, շատ պարզ է. սպանդանոցը շինուած է կով մորթելու համար, մինչ լիբանանցի ժողովուրդը 90 տոկոսով կը սնանի ոչխարի միսով:
Եթէ քաղաքապետարանի մարզադաշտը գացած էք, անպայման տեսած պէտք է ըլլաք դեղին բեռնակառքերու երկար շարք մը, որոնք ամիսներէ ի վեր հոն անշարժ կը մնան, մինչ Պէյրութի փողոցներուն աղբահաւաքման գործը կը կատարուի միջնադարեան եղանակով: Հոս ալ պատճառը անհեռատեսութիւնն է: Պաշտօնապէս ընդունուած է, որ ղրկուած բեռնակառքերը չեն համապատասխաներ ապսպրանքներուն:
Հապա՞ Արհեստից ցուցասրահը, որ Այն Մրէյսիի մէջ ի զուր կը սպասէ ցուցադրուելիք ապրանքներուն:
Շարքը չենք երկարեր: Աւելորդ է: Բայց կը խնդրենք, այլեւս դադրինք մեր երկիրը արեւելքի Զուիցերիան կոչելէ:
Չնախատենք Զուիցերիան:
Տ. Ո.