Նորէ՛ն
Հայ ուսուցիչ հասկացողութիւնը, ուրիշ բազմաթիւ հասկացողութիւններու հետ, ստացաւ նոր բովանդակութիւն մը, աւելի ճիշդը` զգալիօրէն պարպուեցաւ իր բովանդակութենէն:
Դեռ տասնամեակ մը առաջ հայ ուսուցիչը հայ ուսուցիչ էր, հայութեամբ զօրացած գործօն, որ իրենց նկարագրով ոչ ազգային նիւթերը` օտար լեզու, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն աւանդած ժամերուն իսկ մեծ օժանդակութիւն մը կը բերէր հայ տղուն ժառանգական ընդունակութիւնները զարգացնելու համար ստեղծուած ընդհանուր մթնոլորտին:
Հիմա նոյնը չէ մթնոլորտը:
Ներկայիս հայ ուսուցիչ կը հաշւըուի մայրենի լեզու, հայ գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն աւանդող անձը: Միա՛յն: Մեր ամբողջ ճիգերուն, զոհողութիւններուն, երազներուն պսակը կախում ունի այդ մէկուն որակէն, պատրաստութենէն, կորովէն, արդիւնաւորելու նախանձախնդիր կամքէն:
Մեր վարժարաններէն ներս ան մինակը պիտի տանի այս պայքարը, որ իրերու բերումով անհրաժեշտ դարձաւ մղել սերթիֆիքայի, պրըվէի ու պաքալորէայի խողովակներով յառաջացող մակընթաց մտայնութեան դէմ:
Ու այդ պայքարի ելքին մասին թերահաւատ պէտք չէ ըլլալ: Առնուազն կրնայ իր այրող նպատակին եւ այլոց փայփայած միջոցներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել:
Որքա՛ն ալ խճողուած ըլլայ դասացուցակը, մենք հաւատացած ենք, որ եթէ ուսուցիչը ուժեղ է, գիտէ ստեղծել անհրաժեշտ մթնոլորտը, աշակերտը կարօտով կը սպասէ իրեն, իր աւանդած ոգեղէն առարկաներուն, որ մեր պարագային հայ լեզուն է, գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը:
Վերջին հաշուով, հայ դպրոցին գոյութեան հիմքը կազմող այդ նիւթերը ծանօթութիւններ կուտակելու սոսկական առիթներ չեն, ունին տարբեր կախարդանք մը, արիւնը խայտանքով խենթեցնող եւ հոգին յափշտակութեան տանող պայթուցիկ կարելիութիւններ, որոնց առջեւ չի կրնար անտարբեր մնալ տղան, եթէ հաղորդութիւնը կատարուի միջնորդութեամբ հաւատացեալ ուժերու:
Հայ լեզուին ու անոր նուաճած նրբութիւններուն, հայ գրականութեան եւ անոր գանձերուն, հայոց պատմութեան եւ անոր արձանագրած սխրագործութիւններուն ծանօթ եւ անոնց նոր կարելիութիւններով խանդավառ ուսուցիչը կրնայ հրաշքներ գործել այս պայքարին մէջ:
Հայ ուսուցիչը, յանուն սուրբ գործին, պէտք է ջանայ այդ ուժը դառնալ` լայնցնելով իր մտքին հորիզոնները, խորացնելով ապրումները, ջիղերու մնայուն լարումով, նորոգուելով շարունակ, իր առաքելութեան խոր գիտակցութեամբ:
Պ. Ս.
Երուսաղէմի Հայկական Գանձերու
Ցուցադրութիւնը
Հայկական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոն Մը
Պիտի Հաստատուի
Դարերէ Ի Վեր «Քնացող» Գանձեր Պիտի Ցուցադրուին
«Հայրենիք» (22 սեպտ.).-
Հաղորդած էինք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Երուսաղէմի թղթակցին համաձայն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ պահուած հայկական թանկարժէք հնութիւններուն մէկ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 1969-ի ապրիլին, տեղւոյն վրայ, Ս. Յակոբ վանքի մէկ շէնքին մէջ:
Նիւ Եորքի մեծ օրաթերթը այս ցուցահանդէսի մասին տեղեկութիւնը կարեւորութեամբ տուած է իր առաջին եւ երկրորդ էջերուն վրայ: Ստորեւ կու տանք թղթակցութեան վերջին մասը.
Հայկական ձեռագրերու ուշագրաւ մանրանկարները պիտի ցուցադրուին լուսարձակով, պատերու վրայ, ցուցահանդէսի ընթացքին, հայկական վանքին մէջ, որ մաս կը կազմէ հին Երուսաղէմին:
Օգտագործելով այս առիթը եւ հիմնադրամի մը օժանդակութեամբ, հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը պիտի հաստատուի եկեղեցւոյ կողմէ: Այս նպատակով վանքի մատենադարանին չորս հազար ձեռագիրները ժապաւէնի կ՛առնուին:
Հայկական մշակոյթի այս կեդրոնը երկրորդն է Խ. Հայաստանէն ետք: Մասնաւոր հիւրերու ցոյց պիտի տրուին ամէնէն հազուագիւտ կարգ մը գանձերը վանքին: Պիտի պատրաստուի նաեւ ցուցակը բոլոր ցուցադրուելիք առարկաներուն:
Պրիւքսելի արքայական թանգարանէն փրոֆ. Ա. Մխիթարեանը կը լուսանկարէ հազուագիւտ աւետարաններ եւ արուեստի գործեր: «Սքանչելի գործեր կան այստեղ, զորս երբեք տեսած չեմ, նոյնիսկ եպիսկոպոսը տեսած չէ, որովհետեւ դարերէ ի վեր թաղուած են գանձարաններու մէջ», յայտարարած է փրոֆ. Մխիթարեանը:
Ամէնէն թանկագին 60 կամ 70 կտոր գանձերու մէջ է 12-րդ դարերէն արքայական մական մը (գաւազան), որ միակտուր սաթէ շինուած է եւ` ոսկիով ծածկուած:
Նոյնինքն Ս. Յակոբի մայր եկեղեցին արուեստի գործ մըն է` 4-րդ դարէն, ուր աշխատած միջոցին փրոֆ. Մխիթարեանը կը քննէր 11-րդ դարու Ս. գիրք մը` մանրանկարներով, որոնցմէ ոմանք կը պակսէին, ուրիշներ ճեղքուած կամ կտրուած են: Քահանայի մը համաձայն, յոյները կտրած են այդ էջերը, երբ դար մը ամբողջ պայքար կար եկեղեցւոյ սեփականութեան մասին:
Եկեղեցական հայրերը ի վիճակի չեն ճշդելու գինը հաւաքածոյին, որուն արժէքը քանի մը ձեւերով կարելի է ըմբռնել: Առաջինն է այն անհաշուելի արժէքը, զոր կը ներկայացնեն իբրեւ անզուգական գործեր: Երկրորդը այն արժէքն է, զոր կը ներկայացնեն այդ գործերը` գիտական պրպտումներու համար:
Սակայն Աճէմեան եպիսկոպոսին համաձայն, անոնց մեծագոյն արժէքը կը կայանայ այն ազգային գիտակցութեան մէջ, որ կ՛արթնցնեն անոնք` տարասփիւռ վեց միլիոն հայերու մէջ: Հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են, եւ իրենց գրականութիւնը սփիւռքի ակնարկութեամբ յատկանշուած է:
Փրոֆ. Մխիթարեանը կ՛ըսէ, որ Խ. Հայաստանի մէջ, Երեւան, 10.000 հայկական ձեռագիրներ կան` ուսումնասիրութեանց համար:
Հայ ազգը իր պատմութիւնը ստեղծած է Արարատ լերան շուրջ (այժմ` արեւելեան Թուրքիա), լեռը, ուր Նոյի տապանը հանգչած է ըստ աւանդութեան: Հայկական թագաւորութիւնը ծաղկած է պատմութեան զանազան շրջաններուն, եւ Հայաստան պատմութեան առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը եղած է:
