Խմբագրական
Անձկութեան Օրեր
Գրեթէ ամէն կողմ ժողովուրդները մտահոգ են: Խորհրդային Միութեան եւ իր արբանեակներուն Չեխոսլովաքիոյ դէմ առած զինուորական քայլը ո՛չ միայն բիրտ կերպով կոտրեց չեխ ժողովուրդին բնականոն ընթացքը դէպի ազատութիւն եւ ազգային գերիշխանութիւն, այլ նաեւ աշխարհը մատնեց անդոհանքի մը, արդիւնք` այն իրողութեան, որ Քենետի-Խրուշչով 1961-ի Վիեննայի հանդիպումէն ետք գոյացած լռելեայն համաձայնութիւնը խախտած է, եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Պաղ պատերազմը պիտի վերսկսի նախկին թափով:
Այսօր, Պալթիք ծովէն մինչեւ հարաւարեւելեան Եւրոպա, ռուսերը քաշած են հրասայլերու պատ մը` երկաթեայ նշանակութիւն տալով այն վարագոյրին, որուն մասին Չըրչիլ խօսած էր Ֆուլթընի մէջ: Մեղմացումի քաղաքականութիւնը լրջօրէն վտանգուած է, ու Քրեմլին այնպէս կը վարուի, որ կարծէք զղջացած է այնքան երկար տարիներ խաղաղ գոյակցութեան «հաւատացած» ըլլալուն համար եւ կ՛ուզէ կորսուած ժամանակը շահիլ` հետզհետէ խստացնելով իր դիրքը:
Հետեւա՞նքը. այն մտահոգութիւնը, որ կը կրծէ բոլոր ժողովուրդները` ծնունդ տալով պատերազմական հոգեվիճակի մը, որուն հաստատումը կը գտնենք մարաջախտ Թիթոյի վերջին ահազանգին մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը` Միշէլ Տպրէ վերջերս կը յայտարարէր, որ կարեւորը Եւրոպայի խորհրդային զօրաբաժիններուն թիւը ստուգապէս գիտնալը չէ, այլ` թափանցել Քրեմլինի վարիչներուն մտածողութենէն ներս եւ հասկնալ, թէ իսկապէս ի՛նչ են անոնց նպատակները:
Մտահոգութիւնը ծնունդ կ՛առնէ այն իրողութենէն, որ արեւմտեան երկիրներու կարծիքով, խորհրդային 600,000 զինուորներու զօրաշարժը, ինչպէս նաեւ պատերազմական լայն միջոցներու գործածութիւնը երբեք չեն արդարանար միայն Չեխոսլովաքիոյ զինուորական գրաւման անհրաժեշտութեամբ: Քրեմլին նոյն արդիւնքին կրնար հասնիլ շատ աւելի սահմանափակ ուժերով, քանի իր սպասարկութիւններուն միջոցով պէտք էր տեղեակ ըլլար, որ չեխ բանակը ներխուժող ուժերուն չդիմադրելու հրահանգ պիտի ստանար առաջին իսկ վայրկեանին: Հետեւաբար, ինչո՞ւ այդքան լուրջ պատրաստութեան մը արժանացաւ Չեխոսլովաքիոյ գրաւումը, մանաւանդ` Չերնայէն եւ Պրաթիսլաւայէն ետք, որոնք հիմա յայտնի կ՛ըլլայ, որ ժամանակ շահելու միջոցներ եղած են միայն:
Այս հարցումը կը տրուի գրեթէ ամէնուրեք, եւ պատասխանները, աննշան տարբերութիւններով, համարեա՛ նոյնն են: Քրեմլինի վարիչները վերջին տասնամեակին հաշուեկշիռը կազմելով` նկատած են, որ խաղաղ գոյակցութիւնը իր ներկայ ձեւին մէջ նպաստաւոր չեղաւ Խորհրդային Միութեան: Քուպա, Վիեթնամ, Ռումանիա, վերջերս` Չեխոսլովաքիա, աւելի առաջ` Եուկոսլաւիա արձանագրուեցան Մոսկուայի կորուստի տոմարներուն մէջ, մինչ Արեւմուտքը, մասնաւորաբար` Արեւմտեան Եւրոպան, ձերբազատած` զինուորական ծախքերու ճնշումէն, ճանչցաւ տնտեսական աննախընթաց բարգաւաճում մը, որ իր էութեամբ իսկ կը սպառնար արեւելեան ճակատին միասնականութեան: Ճիշդ է, որ բազմաթիւ երկիրներ Մ. Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան հետ ստորագրած էին հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող դաշնագիրը, բայց կարգ մը երկիրներ եւ գլխաւորաբար Արեւմտեան Գերմանիան կը մերժէր ենթարկուիլ, այնքան ատեն որ չէ իրականացած երկու Գերմանիաներուն վերամիացումը, այսինքն խաղաղութեան դաշնագիր չէ ստորագրուած վերամիացած եւ իր բոլոր միջոցներուն վերատիրացած Գերմանիոյ մը եւ նախկին դաշնակիցներուն միջեւ:
Ոմանք Գերմանիոյ այս մերժումին մէջ կը գտնեն Քրեմլինի այսօրուան դիրքին բացատրութիւնը: Ուրիշներ, սակայն, աւելի առաջ երթալով, Պրեժնեւի եւ ընկերներուն մօտ կը տեսնեն Ամերիկայի վիեթնամեան դժուարութիւնները այլ ճակատներու վրայ օգտագործելու ցանկութիւն մը, օրինակ` Միջերկրականի մէջ, որ այլեւս դադրած է ամերիկեան լիճ մը ըլլալէ, եւ ուր անցեալ տարուընէ ի վեր խորհրդային մարտանաւերու աննախընթաց կեդրոնացում մը մտահոգութիւն կը պատճառէ Ատլանտեանի զինակցութեան մաս կազմող նոյնիսկ այն երկիրներուն, որոնք տակաւին տարի մը առաջ ռուսական վտանգը առասպել կը նկատէին:
Ժամանակ մը, փոքր երկիրներ սկսած էին ձայն բարձրացնել` ոչ յանձնառուի, դրական չէզոքի հանգամանքներ արժեցնելով: Հիմա, երբ մեծերը սկսած են խօսիլ հրասայլերով եւ զօրաբաժիններով, փոքրերը կը վարանին մինչեւ իսկ ոչ յանձնառուներու յառաջիկայ վեհաժողովին նախաձեռնարկ ըլլալ` ի մեծ դառնութիւն եուկոսլաւ մարաջախտին:
Խաղաղ գոյակցութիւնը մեծ յոյսեր կը ներշնչէր մարդկութեան: Վերջին ամիսները վերահաս վտանգի մը ահազանգը հնչեցուցին` անձկութեան մատնելով ամբողջ աշխարհը: