Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 5, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներդաշնակ Գործունէութիւն

Վերամուտ: Ոչ միայն կրթական, այլ նաեւ` հանրային ու ազգային:

Եռամսեայ պարտադիր դադարէ մը ետք կեանքը պիտի վերսկսի իր նախկին եռուզեռով, շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը գրաւուած պիտի ըլլան այլազան ձեռնարկներու համար: Թատերական, գեղարուեստական, երաժշտական, դասախօսական երեկոներն ու հանդէսները իրարու պիտի յաջորդեն` տալով խրախուսիչ, բայց քիչ մը խառնակ պատկերը գաղութի մը, որ ազգային-մշակութային գետնի վրայ նախանձելի, առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէ ժամանակէ մը ի վեր:

Կասկած չկայ, որ Պէյրութի մեր իրականութեան մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները մեր մշակոյթին, մեր յաւիտենական եւ անկորնչելի արժէքներուն ծառայելու բարձր կոչումով ելած են ճամբայ եւ կը գործեն այդ նպատակին համար` անկախ իրենց գաղափարական ըմբռնումներէն, տեսակէտներէն եւ մօտեցումէն: Կասկած չկայ նաեւ, որ իւրաքանչիւր ձեռնարկ, իր հայաշունչ մթնոլորտով, աւելի կամ պակաս չափով եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, նպաստ կը բերէ այն պայքարին, որ հայութիւնը կը տանի ի խնդիր իր ազգային դիմագիծին անաղարտ պահպանման:

Ընդունելով հանդերձ այս հիմնական իրողութիւնը, կը կարծենք, որ վերամուտի առիթով մեր գլխաւոր միութիւններն ու հաստատութիւնները, որոնք այս օրերուն սկսած են կազմել յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագիրը, պէտք է առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձնեն մեր բազմակողմանի գործերուն մէջ աւելի կարգ եւ ներդաշնակութիւն դնելու անհրաժեշտութիւնը: Կը խորհինք, որ նոյն աշխատանքը, որուն առջեւ միայն ուրախութիւն կրնայ ունենալ հայ մարդը, աւելի արդիւնաւոր կ՛ըլլայ եւ կը հասնի նպատակին, եթէ ներդաշնակենք մեր գործերը, ներդաշնակեն մանաւանդ այն միութիւնները, որոնք գաղափարական նոյն հոսանքին պատկանող հանդիսականներով կը լեցնեն իրենց սրահները:

Մանրամասնութիւններու մէջ չենք մտներ: Հանրային գիծ եւ հետաքրքրութիւն ունեցող մարդիկ, որոնք կը վարեն մեր միութենական կեանքը, յաճախ իրենք առիթը կ՛ունենան գանգատելու խաչաձեւումներէ, պարապ սրահներէ եւ այլ թերութիւններէ, որոնք կը վերնան եւ կը սրբագրուին մեծ չափով, եթէ քիչ մը շրջահայեաց մօտեցումով ճամբայ ելլեն եւ մրցակցութիւնը չվերածեն զիրար ակամայ խանգարելու անբաղձալի արշաւի մը:

Մեր փափաքն է հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր միութիւնները տեսնել առաւելագոյն արդիւնաւորութեան ճամբուն մէջ, որուն կարելի է հասնիլ միայն ներդաշնակ գործունէութեամբ: Չենք կարծեր, որ տարբեր մտածողներ կրնան գտնուիլ, մանաւանդ հասարակութեան մէջ, որ յաճախ շփոթի կը մատնուի, չի գիտեր` որո՞ւ նախապատուութիւն տայ, մինչ յստակ կարգ մը մեծապէս պիտի դիւրացնէր մեր հետաքրքիր ժողովուրդին գործը` մեծ բան պակսեցնելով նաեւ կազմակերպիչներուն դժուարութիւններէն:

Տ. Ո.

Իրանեան Մամուլը Կը Դատապարտէ Հայութեան Դէմ Գործուած Թրքական Վայրագութիւնները

 Բուռն Պայքար Իրանեան Եւ
Թրքական Թերթերու Միջեւ

«… Թեհրանի առաւօտեան թերթերէն «Այանտեկան» փաստացի գրութեամբ մը վար առած է խումբ մը փառամոլ թուրքերու դիմակը` Իրանի դէմ տարուող թաքուն գործերու մէջ եւ սուր քննադատութեան ենթարկած է թուրք մամուլին որոշ գրութիւնները:

«Երբ թուրք դեսպանը Իրանեւթուրք մշակութային տան մէջ բեմէն եւ պաշտօնապէս կը ջատագովէ թրքերէնի տարածումը Իրանի մէջ եւ խարդախօրէն թոյլ չի տար, որ Իրանի պետական օրհներգը նուագեն, եւ մեր պետական շրջանակներն ալ լուռ կը մնան, «Ենի Կազեթա»-ի շփացած աշխատակիցները պիտի ուզեն 14 միլիոն թուրքեր տեսնել Իրանի մէջ…»:

Իրանեան թերթին խմբագրութիւնը ապա կը գրէ.

«Այանտեկան»-ի նոյն համարին եւ նոյն գրութեան մէջ ակնարկ կայ նաեւ Թուրքիոյ քիւրտ փոքրամասնութեան մասին: Յօդուածին մէջ ըսուած է, որ թուրքերը «լեռնական թուրքեր» կը կոչեն քիւրտերը:

Այս մտայնութիւնը այնքան խորացած է թուրք դիւանագէտներու մէջ, որ անոնցմէ մէկը Թեհրանի մէջ վերջերս յայտարարած է, որ Իրանի բոլոր նահանգներուն մէջ խօսակցական լեզուն թուրքերէնն է: Երբ իրեն ըսած են, որ շատ մը վայրերու մէջ թուրքերու մասին գաղափար իսկ չունին մարդիկ, ենթական դիւանագիտական զարմանք յայտնած է…:

«Ալիք» նոյն համարին մէջ սկսած է հրատարակել «Սահար»-ի բուն գրութիւնը, որ կը կրէ «Թրքական վայրագութիւնները հայութեան դէմ» խորագիրը: Դժբախտաբար տակաւին մեր տրամադրութեան տակ չունինք «Ալիք»-ի յաջորդ համարները, ուր լոյս տեսած պիտի ըլլայ այդ շահեկան յօդուածին շարունակութիւնը: Բայց առաջին մասը արդէն յստակ գաղափար մը կու տայ գրութեան ոգիին  մասին եւ` այն ուղղութեան, որով պիտի ընթանայ հեղինակը` եղբայր ժողովուրդի մը դատը պաշտպանելով:

Ստորեւ` մատնանշուած մասը: (Շարունակութիւնը` երբ հնարաւորութիւն ունենանք).-

«Հայաստանը, որ ներկայիս խորհրդային հանրապետութիւններէն մէկն է, փոքր երկիր մըն է եւ համարուած է ու կը համարուի աշխարհի հնագոյն պատմական երկիրներէն մէկը: Նախաքրիստոնէական դարերուն Հայաստանը ընդգրկած է հսկայական տարածութիւններ եւ եղած է մեծ տէրութիւն:

«Այս երկիրը տասնմէկերորդ դարէն սկսեալ ենթարկուած է թուրքերու գրոհներուն եւ ներխուժման, ու 1514-ին սուլթան Սելիմ Ա. գրաւած է Հայաստանի մեծ մասը, եւ ի վերջոյ, 1878-ին, Պերլինի վեհաժողովէն ետք, հայերուն վերադարձուած է Հայաստանի մէկ մասը, եւ օսմանեան կառավարութիւնը յանձնառու եղած է Թուրքիոյ հայաբնակ գաւառներուն մէջ բարենորոգումներ կատարել:

«Հայերը միշտ ենթակայ եղած են օսմանեան թուրքերու վայրագ ու անմարդկային հալածանքներուն եւ խժդժութիւններուն, եւ երբ Թուրքիան, դրժելով իր խոստումները եւ հակառակ Պերլինի վեհաժողովին խոստումներուն, շարունակած է հալածել հայերը, հայ զանգուածներն ու յեղափոխական կուսակցութիւնները սկսած են դիմադրել թուրք վայրագութիւններուն: Ահա այդ բերումով թուրքերը ձեռնարկած են ջարդերու եւ 1894 եւ 1895 թուականներուն կոտորած են 200.000-էն աւելի հայեր, իսկ 1896-ին Պոլսոյ մէջ կոտորած են շուրջ տասը հազար հայ»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար Գիւղաւանին Մէջ Պետրոս Հերկելեան Բանաստեղծը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?