Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1968)

October 4, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական Մամուլ

 Թուրքերը, Հայերը Եւ Հրեաները

«Հայերը Դարերով Եղբօր Պէս Ապրեցան Թուրքերուն Հետ,
Քսու Հրեաներն Են, Որ Պառակտեցին Զանոնք»

«Պու Կիւն»-ի մէջ, Մ. Շահապ Թան, անդրադառնալով թուրքերու եւ հայերու անցեալին ունեցած «եղբայրական» կեանքին, հետագային անոնց միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը կը վերագրէ հրեաներուն եւ կը գրէ.

Պատմութեան հին գիրքերը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէին թուրքերն ու հայերը. բարձրաբերձ լեռներով շրջանակուած դալարագեղ հովիտ մը, հեռուն` մզկիթներուն արծաթեայ եւ եկեղեցիներուն արոյրէ գմբէթները, որ կը ցոլանան արեւուն տակ, բիւրեղի պէս վճիտ ջուրեր եւ աղբիւրներ, եւ Սվազի տոհմիկ տարազները հագած թուրք եւ հայ մանկամարդ աղջիկներ, որոնք քով քովի կը լեցնեն իրենց կուժերը: Եւ իրենց գիւղերուն մէջ Նշան եւ Ալի քով քովի արօր կը վարեն, միասին կը հնձեն: Գոյնզգոյն շալվարներ հագած Վարդանուշը եւ Ֆաթման իրենց թեւերէն դոյլեր կախած` կ՛երթան ոչխարներ կթելու եւ միեւնոյն երգը կ՛երգեն:

Թաշխանէն վաճառական Գարեգին էֆենտին եւ Միւչթեպա պէյ, քեպապճը Արութ ուսթա եւ խոհարար Թահսին ուսթա, սեղանաւոր Ֆաիք էֆենտի եւ ոսկերիչ Արթին ուսթա, նպարավաճառ Մուսթաֆա էֆենտի եւ տէօքմեճի Վահան ուսթա, տոքթ. Կողմոզ էֆենտի եւ տոքթ. Զիյա պէյ` բոլորը նոյն լեզուն կը խօսէին, նոյն տեղը կը զուարճանային, իրենց զաւակները միեւնոյն դպրոցը կ՛երթային: Իրենց հիւանդները կը դարմանուէին միեւնոյն հիւանդանոցներուն մէջ:

Երբեմն թուրքերը հայ դատաւորներուն, երբեմն ալ հայերը թուրք դատաւորներուն կողմէ կը դատուէին: Պատուոյ եւ ընտանեկան արժանապատուութեան համար հայերն ալ ոճիր կը գործէին: Լոկ կրօնական տեսակէտով տարբեր էին իրարմէ: Միայն թէ, երկուստեք յարգանք կ՛ընծայուէր մէկզմէկու կրօնին:

Թէ՛ հայերը եւ թէ՛ թուրքերը միասնաբար կ՛ատէին հրեաները: Հրեաները չէի՞ն, որ թունաւորել ուզեցին մեր Մոհամետ մարգարէն եւ Քրիստոսն ալ խաչեցին: Իսլամ թուրքերը եւ լուսաւորչական հայերը շատ լաւ գիտէին այս պարագաները:

Ռամատանի օրերուն հայ դրացիները ջուր կը կրէին իրենց իսլամ հարեւաններուն եւ կ՛ըսէին. «Դուք ծոմ կը պահէք, մի՛ յոգնիք»:

Քանի որ այս է պատմական իրողութիւնը, ո՞վ իրարու թշնամի դարձուց թուրքերն ու հայերը, որոնք եղբօր պէս ապրեր էին 450 տարիէ ի վեր:

Ո՞վ պիտի ըլլայ նոյնինքն` հրեաները, ստորութեան եւ քսութեան ախոյեանները, Աստուծմէ իսկ նզովեալ հրեաները: Անոնք էին, որ կաշառեցին քանի մը ընչաքաղց հոճաներ եւ քահանաներ` զանոնք մասոն ընելով, երկու եղբայր ազգերը իրարու դէմ գրգռեցին եւ հասան իրենց կործանարար նպատակին:

Ա՛լ ատենը եկած է, որ այս վայելքը չտանք հրեաներուն, չուրախացնենք մեր թշնամիները, եւ բոլոր հայերն ու թուրքերը սրտանց միանան եւ խեղդամահ ընեն իրենց մեծագոյն թշնամիները` հրեաները եւ վերադառնան իրենց հին ու քաղցր օրերուն:

Այս հայրենիքին մէջ, այս երկրին իբրեւ հարազատ զաւակները, թուրքերէն ետք հայերը կու գան:

Քաոս Ու Յոյս

Երեւոյթները այսօրուան թոհուբոհին ընդմէջէն դիտելով` խաղաղութեան երազները, զինաթափման ու խաղաղ համակեցութեան առաջարկները անցնող տասնամեակին կը պատկանին, եւ մարդկութիւնը ստիպուած է նորէն ըսել, որ` «Օրերը գեղեցիկ չեն»:

Անձկութիւնը կա՛յ ու կը մնայ բոլոր հոգիներուն մէջ, աշխարհի չորս ծագերուն, տկարին ու զօրաւորին մօտ հաւասարապէս:

Այս դարու երկրորդ կիսուն մարդը երկինքներէն վար չիջաւ, սկսաւ լուսին երթալ-գալ, այլ չկրցաւ բնակելի դարձնել մեր դժբախտ մոլորակը, ուր վտանգի ազդանշանները օրէ օր կը շատնան, եւ ոչ ոք ի վիճակի է գուշակելու, թէ ծագող արեւը եղերական ի՛նչ նորութիւններ պիտի հաղորդէ…

Մեծ պատերազմներու, մեծ սպանդներու, մեծ անվստահութեանց դա՛ր եղաւ այս դարը, ու նաեւ` մեծ որոնումներու, գլխապտոյտ առաջացնող գիւտերու, տիեզերական թռիչքներու շռայլ ժամանակաշրջան:

Դար` հակասութեան:

Հին անիրաւութիւնները սրբագրելու համար մարդկային իրաւանց յանձնախումբեր կեանքի կոչուեցան, բայց իրաւունքներու նոր բռնաբարութիւններ կը կատարուին ամէն օր:

Մէկ կողմէ խաղաղութեան ընդարձակ գրականութիւն մը կը մշակուի, եւ միւս կողմէ` մահասփիւռ զէնքերու հսկայ ճարտարարուեստ մը:

Բանակ մը դաշնակից երկրի մը օգնելու կարգախօսով ճամբայ կ՛ելլէ եւ սահմանէն ներս ոտք դրած պահուն հոն կը հաստատէ իր բռնակալ կամքը:

Տեղ մը ճորտերը ազատութիւն կը յուսան, մինչ ուրիշ տեղ մը ազատութեան սուղ գին վճարած ժողովուրդները բռնօրէն կը ճորտացուին:

Միացեալ Նահանգներու եղերաբախտ նախագահը` Ճոն Քենետի, կ՛առաջադրէր այնպիսի՛ քաղաքականութիւն մը վարել, որ մեծ ժողովուրդները իրարմէ չվախնան եւ փոքրերը անպաշտպան չզգան իրենք զիրենք, այլ բոլորը ապրին` համերաշխօրէն, հաւասար իրաւունքով, խաղաղութեան մէջ, իրենց ազգային ու մարդկային լրիւ իրաւունքներով:

Քենետիի երեւումով պահ մը կարծուեցաւ, որ աշխարհը պիտի գտնէ իր հաւասարակշռութիւնը, ու կեանքը մտնէ նոր հունի մը մէջ, բայց լաւատեսութիւնը երկար չտեւեց, մեծ նախագահը ինկաւ նահատակ, ու քաոսը վերսկսաւ նորէն ու պիտի տեւէ հաւանաբար երկար, մինչեւ այն օրը, երբ մարդկութիւնը ծնունդ տայ նահատակ նախագահին ձեւակերպած ազնիւ ուղղութեան հետեւող ղեկավարութեան մը, քաղաքական գիտութիւններու հետ` ներքին մշակոյթ ունեցող զօրեղ անհատականութիւններու:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչո՞ւ Երեխան Կու Լայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.