Պոլսոյ Մուրացկանները
«Աւանակ կը փնտռեն» խորագրով Պոլսոյ այսօրուան սիւնակագիրներէն մէկը վերջերս նիւթ ըրած է համանուն քաղաքի մուրացկանները, որոնք, տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող միւս թուրքերուն պէս, իւրայատուկ բարքերով կը փայլին: Սիւնակագիրին համաձայն, «Կասկած չկայ, որ Պոլիսը այն քաղաքն է, ուր մուրացկանները համախմբուած են ամէնէն մեծ թիւով: Այս արուեստագէտները, որ կը շահագործեն մարդուս գութի զգացումը, ձեր պոչին կը կառչին, ամէն փողոցի մէջ, ամէն անկիւն, ամէն քայլափոխի»:
Ողորմութիւն հայցող չէզոք չքաւորներ չեն Պոլսոյ մուրացկանները, ունին շարժելու, հետապնդելու, մեծ էներժի վատնելու հսկայ ուժ եւ «անգամ մը որ հանդիպին մարդու մը, որուն իգական սեռէն ներկայացուցիչ մը կ՛ընկերանայ, անկարելի է, չեն ձգեր ձեր օձիքը: Մէկը կ՛երթայ, միւսը կու գայ»:
Անճիշդ չէ սիւնակագիրին բնորոշումը: Ի՛սկ եւ իսկ իրենց ասպարէզին լաւագոյնս տիրապետած արուեստագէտներ են Պոլսոյ մուրացկանները, որոնք գիտեն շահագործել «յաճախորդներուն» հոգեբանական պահը, իսկ հակառակ պարագային, ինչպէս դիտել կը տրուի, կը դրսեւորեն մարտական տրամադրութիւն մը, մէկէն «երես կ՛առնեն, չեն հաւնիր ձեր տուած ողորմութեան եւ ձեզ կը չախեն»:
Այսպէս են Պոլսոյ մուրացկանները: Նախ` քանակական պատկառելի ուժ մը կը ներկայացնեն, ամէն տեղ են, ամէն անկիւն, ամէն քայլափոխի, անհամա՜ր, եւ յետոյ` ի՜նչ մակարդակի բարձրացուցած են մուրացկանութեան ոճը:
Մուրացիկը Պոլսոյ յատուկ տիպար չէ: Ուրիշ մայրաքաղաքներու մէջ ալ մուրացիկներ կը բուծանին: Մեծ տարբերութեամբ մը` սակայն: Մինչ ուրիշներ նուագով, երգով, նկարով, արուեստի միջոցներով կը մուրան, թուրքերը, ընդհակառակն, մուրացկանութիւնը վերածած են արուեստի:
Իրապէս որ տարբեր շաղախ ու հակում ունի թուրքը: Առաքինութիւններու զարգացման հանդէպ` անտարբեր, յոռի բարքերու ախոյեա՛ն:
Ընդարձակ դաշտագետիններով, լեռներով, ծովերով օժտուած երկիր է Թուրքիան, բայց այդ հարստութեանց հարուստ կարելիութիւնները օգտագործելով ապրելու հպարտութիւնը երբեք հող չէ գտած թուրք հոգիին մէջ, թուրքը ապրած է ծոյլ արեան մը խմորած անազնիւ բնազդներու դրդումով, փոխ առ փոխ կողոպտելով ու մուրալով, միշտ` առանց քրտինքի:
Պոլսոյ մուրացկաններուն ցուցադրած վարքն ու բարքը դասակարգի մը յատուկ երեւոյթ չէ, խառնուածքային բխում է, ցեղային ընդհանուր ոճ:
Պ. Ս.
Պէյրութ Եւ Լիբանան
Նոր Տուրքեր Պիտի Հաստատուին
Կառավարութիւնը ուսումնասիրելու վրայ է նախագիծ մը, որ այսօր` չորեքշաբթի պիտի ներկայացուի նախարարաց խորհուրդին: Ըստ այդ նախագիծին, «Սուփըր» պենզինին գինը յաւելում պիտի կրէ, 20 լիթրի համար` 75 լ. դահեկան: Այդ պարագային մէկ թիթեղ պենզինը փոխանակ 7 ոսկի 25-ի պիտի ծախուի 8 լ. ոսկիի: Սովորական պենզինը արդէն 20 լիթրի վրայ 25 դահեկանի յաւելում մը կրած էր վերջերս: Շնորհիւ այս նոր տուրքին` տարին երկուքէն երեք միլիոնի եկամուտ մը պիտի ապահովուի:
Միւս կողմէ` Պէյրութի օդակայանէն մեկնող ճամբորդներուն համար որոշուած տուրքին գանձումը պիտի սկսի, երբ աւարտի հարկային դրոշմաթուղթերու տպագրութիւնը: Այսպիսով, տարին տասը միլիոն ոսկի պիտի ապահովուի, իսկ երբ ճամբորդներու թիւը աւելնայ 1975-ին առնուազն 30 միլիոն պիտի գանձուի:
Կը կարծուի, որ պետութիւնը պիտի աւելցնէ նաեւ մեքենական տուրքը եւ պիտի ստեղծէ նոր հարկ մը` իւրաքանչիւր ձիաուժի համար գանձելով մէկ կամ մէկուկէս ոսկի: Այսպէսով, տարին պիտի գանձուի չորս միլիոն ոսկի: Այս բոլոր միջոցառումները տակաւին ուսումնասիրութեան մէջ են եւ պիտի առաջարկուին տարուան վերջերուն:
«Լրացուցիչ» ապրանքներու գիներուն բարձրացումը դժգոհութիւն ստեղծեց ժողովրդային շրջանակներու մէջ: Պետականի սպասարկութիւններուն հաղորդուեցաւ, որ նոր տուրքերուն դէմ ցոյցեր կրնան կազմակերպուիլ:
Միւս կողմէ` երկուշաբթի, առանց նախապէս լուր տալու ենթականերուն, կառավարութիւնը աւելցուց կարգ մը ապրանքներու մաքսատուրքը: Երբեմն այս յաւելումը կը հասնի 50 առ հարիւրի: Յաւելումի ենթարկուած են յատկապէս գորգերու, ճամբորդական առարկաներու, բնական կաշիէ հագուստներու, ելեկտրա-տնային առարկաներու, հաղորդակցութեան գործիքներու եւ պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի գործիքներուն տուրքերը:
Առեւտրականները նոյն օրը իրենց կեդրոնին մէջ գումարեցին ժողով մը` քննելու համար այս յաւելումներուն պատճառով ստեղծուած կացութիւնը: Որոշուած է բողոքագիր մը ներկայացնել իշխանութիւններուն:
Վերջապէս, ծխախոտի Ռեժիին տնօրէնութիւնը ծխավաճառներուն յայտնեց, որ իրենց մօտ ունեցած սիկարեթները պէտք է ծախեն նախկին գիներով, այլապէս տուգանքի պիտի ենթարկուին: Հասկնալի է, թէ որքան դժուար է հակակշռի տակ առնել ծխավաճառները, որոնց առաջին իսկ օրէն 25 դահեկան աւելցուցին ամերիկեան սիկարեթներուն գինը կամ մերժեցին ծախել: Ներկայիս Ռեժին նոր ծխախոտ չի տար ծխավաճառներուն, որպէսզի կարենայ տուփերուն վրայ փակցնել նոր գիները
Պէյրութի Օդակայանը Փոխադրելու
Առաջարկ Մը
Օտար ընկերութիւն մը առաջարկած է Պէյրութի միջազգային օդակայանը փոխադրել մայրաքաղաքէն 25 քիլոմեթր հեռու գտնուող վայր մը` Ռաս Սաատիյաթի եւ Նապի Եունեսի միջեւ: Օդակայանը պիտի շինուի տասը տարիէն: Պիտի արժէ 241 միլիոն, մինչ այժմու օդակայանին ընդարձակումը պիտի արժէ 163 միլիոն: Քիչ հաւանականութիւն կայ, որ այս նոր ծրագիրը ընդունուի:
