Նոթեր Ու Նետեր
Զրոյց` Սովետասէրի Մը Հետ
Հայ համայնավար մը ու հայ հակահամայնավար մը ունեցան հետեւեալ վիճազրոյցը.
– Վերջապէս, քու սիրելի Սովետական Միութիւնդ իր ստրկացուցած արբանեակներով, բռնի ուժով գրաւեց Չեխոսլովաքիան:
– Սխալ բառեր շատ կը գործածես: Գոնէ մի՛ գործածեր «գրաւել» գռեհիկ բառը: Սովետական Միութիւնը սկզբունքով, բանիւ եւ գործով դէմ է գրաւումներու, որոնք աշխարհակալներու գործեր են: Ինք միայն կ՛ազատագրէ զանազան կերպերով.
– Մանաւանդ` հրասայլերով, թնդանօթներով, արագահարուածներով եւ օդանաւերով: Թող թշուառական Թուրքիան ալ ազատագրէ:
– Թուրքիան պէտք է ներսէն ազատագրուի: Կան երկիրներ, որոնք կ՛ազատագրուին դուրսէն: Կան ալ, որոնք կ՛ազատագրուին` ներսէն աւելի ներս մտնելով: Կան տակաւին երկիրներ, որոնք կ՛ազատագրուին` անոնց սահմանները գրկելով:
– Պաշարելուն «գրկե՞լ» կ՛ըսէք…
– Գրկելը սիրալիր ողջագուրումն է` յանուն ընկերվարութեան:
– Ամէն բան կ՛ընէք ընկերվարութեան անունով: Այդ սիրելի բառը պղծեցիք ու մաշեցիք ծակելով:
– Մեր ընկերվարութիւնը մնացած է անպղծելի:
– Ձեր ընկերվարութիւնը, ատոր վստահ եմ, քանի որ գոյութիւն չունի: Բայց բառը բարոյապէս պղծեցիք, ու ընկերվարութիւնը հոմանիշ եղաւ շահագործումի, անխղճութեան եւ աննախընթաց բռնակալութեան:
– Մենք բառերով չենք խաղար: Կը գործենք:
– Եւ ձեր գործերը մէջտեղն են. խայտառակութիւններ: Ձեր վերջին խայտառակութիւնը ունեցաւ ակամայ մեծ օգուտ մը, բացաւ կիսաբաց կամ կոյր աչքերը: Կան անշուշտ տակաւին քեզիպէսներ ալ, որոնց աչքերը չբացուեցան երկու պատճառով. կա՛մ աչք չունէին, որ բացուէր, եւ կա՛մ իրենց շահը կը պահանջէր գոց պահել աչքերը: Յամենայն դէպս Սովետական Միութիւնը իր բարբարոսօրէն բիրտ ուժի քաղաքականութեամբ շատ տուժեց ու դեռ պիտի տուժէ: Չեխոսլովաքիան պիտի ըլլայ իր բարոյական գերեզմանատունը, եւ գէշ գերեզմանատուն մը չէ:
– Փա՜ռք Մարքսին, Էնկելսին, Լիպնեխտին ու Լենինին, կոմունիզմը անմահ է: Ինք է, որ կը գերեզմանէ ուրիշները:
– Ուրեմն անմահ գերեզմանափոր մըն է: Բայց այս աշխարհիս մէջ որքա՜ն անմահներ մահացած են ու մտած են մոռացութեան մութին մէջ: Նոյնիսկ Ֆրանսական ակադեմիային միշտ քառասուն անմահներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մահկանացու եղած է:
– Համայնավարութիւնը կը շարժի, կը յառաջդիմէ, որով կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ:
– Համայնավարութիւնը յետադիմական տեղքայլի մէջ է: Իբր թէ քայլ մը կ՛առնէ ու «յառաջդիմութի՜ւն» կ՛աղաղակէ, մինչդեռ երկու-երեք քայլ ետ կ՛երթայ ու կը լռէ: Կը նմանի այն խաղամոլին, որ երբ փոքր գումար մը կը շահի, բարձրաղաղակ կը յայտարարէ իր շահած ըլլալը, իսկ երբ իրերայաջորդ կերպով կորսնցնէ, բացարձակապէս բերանը կը փակէ: Եւ սակայն շատեր կը հասկնան, որ տանուլ տուած է: Վերջին անգամ Չեխոսլովաքիոյ մէջ գէշ կերպով կորսնցուց եւ ստացաւ ձեւեր շահողի:
– Բայց ի՞նչ կորսնցուց, ի՞նչ, եղի՛ր փաստացի…
– Կորսնցուց` մնացորդը իր յարկին, վերջին փշրանքները իր պատիւին, փոշիները իրեն հանդէպ եղած համակրանքին: Ատկէ զատ, մոլի խաղամոլի մը նման, կորսնցուց` կինը, կնոջը սիրահարները, սիրահարներուն կիները, այդ կիներուն սիրահարները եւ այլն, եւ այլն:
– Ատ ի՜նչ անբարոյական ընտանիք մը կը վերագրես համայնավարութեան պատկանողներուն: Ատ ինչ խառնակենցաղ գերդաստան կազմած են համայնավարները` ըստ քեզի:
– Աւելի ճիշդը կայ. համայնավարներ չկան: Կան համայնավարի դերակատարներ, կան համայնավարութիւնը գաղտնօրէն ատող համայնավարներ, կան ոխերու, հաշիւներու համար համայնավարացածներ, կան համայնավարութենէ տառապող համայնավարներ, կան համայնավարութենէ տաղտկացած համայնավարներ, կան կեղծ համայնավարներ, մանաւանդ` կեղծերը կեղծող կապիկ համայնավարներ, կան յանուն յամառութեան համայնավարներ, կան շահու համար համայնավարներ, որոնք համայնավարութիւնը վերածած են մասնագիտութեան, պաշտօնի, խանութպանութեան կամ առնուազն` արհեստի: Կան տակաւին անգլուխ, անվիզ, անուս, անիրան համայնավարներ, որոնք մի միայն անդամ են, ու դատապարտուած են անդամալուծման:
– Ես ատոնցմէ ո՞ր մէկն եմ:
– Կը հարցնես, որովհետեւ դուն ինքդ ալ չես գիտեր, թէ ինչո՛ւ համայնավար ես: Դուն համայնավար կը ձեւանաս` ի հեճուկս հայ հակահամայնավարներու: Քու համայնավարութեանդ պարունակութիւնը հակահով է կամ հակափուք:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
