Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրթական Խնդիրներ

 Հայերէն Լեզուի Ուսուցումը
Եւ Պետական Քննութիւնները

Լիբանանի մէջ մեր դպրոցները կը վայելեն կրթական գործունէութեան լայն ազատութիւն: Իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնութիւն ազատ է իր ուզած ձեւով դասացուցակ կազմելու եւ դասաբաշխում կատարելու: Որեւէ նիւթի դասապահերը սահմանափակող օրէնք գոյութիւն չունի:

Մեր լեզուի ուսուցման եւ մեր մշակոյթի զարգացման տեսակէտէն սքանչելի է անշուշտ այս ազատութիւնը, որմէ կ՛օգտուինք ահա կէս դարէ ի վեր: Բայց եթէ հարցը քննենք ըստ էութեան, կը տեսնենք, թէ ներկայիս մանաւանդ հայ վարժարաններու կրթական ինքնավարութիւնը աւելի երեւութական սկսած է դառնալ, քան իրական:

Պետութիւնը ունի իր սերթիֆիքայի, պըրըվէի եւ պաքալորէայի ծրագիրը եւ պաշտօնական քննութիւնները: Այդ քննութիւններուն ընծայած վկայականները կը պահանջուին բնականաբար զանազան դռներէ ներս մտնելու իբրեւ բանալի: Պէյրութի երեք համալսարաններուն մուտքը պայմանաւորուած է պաքալորէայով: Ֆրանսական պաքալորէան կամ ամերիկեան սոֆոմորը ցարդ համարժէք կը նկատուին լիբանանեանին: Վաղը կրնայ կացութիւնը փոխուիլ եւ լիբանանեան պաքալորէան օրէնքին առջեւ նկատուիլ ի զօրու եղող միակ վկայականը, ինչպէս որ կ՛ենթադրուի: Լիբանան հանդուրժողութեան երկիր է, եւ այս հողին վրայ ծաղկող այլազան քաղաքակրթութիւններ արգելք են այլամերժ օրէնքներու:

Ի՛նչ ալ ըլլայ սակայն, մեր վարժարաններուն համար հարցը կը մնայ նոյնը: Հակառակ մեր վայելած օրհնեալ ազատութեան, ուզենք թէ չուզենք, մեր զաւակները պիտի պատրաստենք պաշտօնական քննութեանց` իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի: Եւ այս կէտէն ալ կը սկսի բնական կաշկանդում մը, որուն հետեւանքները անխուսափելիօրէն կ՛անդրադառնան հայ լեզուի ուսուցման վրայ:

Նախակրթարաններու առջեւ ներկայացող պետական քննութիւնը այժմ լիբանանեան սերթիֆիքան է, որ դարձած է հիմնական  նպատակ գրեթէ բոլոր հայ վարժարաններուն համար: Ասիկա առաջին սանդխամատն է` հասնելու համար աստիճան առ աստիճան մինչեւ պաքալորէա: Եւ մրցադաշտի վրայ վազող մարզիկներու նախանձայոյզ պրկումովը, մեր վարժարանները իրարու հետ մրցումի ելած են կարծես` տարեվերջի արդիւնքներուն մէջ քանի մը յաջողութիւն աւելի յայտարարելու գոհունակութեամբ:

Լաւ բան է անշուշտ յաջողութիւններ արձանագրելը պաշտօնական քննութիւններու մէջ: Բայց այս ձգտումը պէտք չէ մոռցնել տայ մեզի հայ դպրոցին գոյութեան նպատակը:

Այդ նպատակը բացատրութեան չի կարօտիր. հայ մանուկին հոգին կաղապարել հայ շունչով, հայ ապրումներով եւ հայ լեզուին անփոխարինելի քաղցրութեամբ:

Արդ, պետական եւ պաշտօնական քննութիւններու մտահոգութիւնը, որ ներկայիս տիրապետող գերակշռութիւն ստացած է դասացուցակներուն եւ դասաւանդութիւններուն վրայ, արիւնաքամ ընելու վրայ է մեր վարժարաններու հայեցի կրթութիւնը: Պէտք չէ վախնալ շեշտակի նայելէ ճշմարտութեան աչքերուն մէջ: Այսօր երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ դասարանի մեր աշակերտները հայերէն լեզուն այնպէս չեն սորվիր, ինչպէս կը սորվէին երէկ: Հայեցի արժէքներու հանդէպ շահագրգռութիւնը զգալապէս նուազած է: Եւ ասիկա` հետեւեալ շատ հասկնալի պատճառներով.

Նախ` հայերէնով աւանդուող նիւթերը կամաց-կամաց կը զեղչուին, կը կրծուին եւ կը չքանան: Նախակրթարանին մէջ մայրենի լեզուն միա՛յն լեզուի յատկացուած դասապահերով կարելի չէ իւրացնել: Անոր օժանդակ պէտք է դառնան գիտութեանց, աշխարհագրութեան, թուաբանութեան եւ այլ դասեր, որոնք նոյնպէս մայրենի լեզուով պէտք է աւանդուին, որպէսզի ընդհանուր մթնոլորտ մը ստեղծուի, հարազատ եւ հայեցի, ուր հայերէնը մանուկի հոգիին մէկ մասը դառնայ:

Մինչդեռ այժմ հակառակն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Հայերէնի ուսուցումը կը կատարուի քանի մը դասապահերու ընթացքին` իբրեւ առանձնակի լեզու, իսկ օժանդակ միւս դասերը կ՛աւանդուին արաբերէնով` ի սէր սերթիֆիքայի յաջողութեան: Վարժարաններ ունինք, ուր շաբթուան 36 պահերէն աւելի քան քսանը յատկացուած է արաբերէնով դասաւանդուող նիւթերու, վեցը` օտար լեզուի մը եւ քանի մը փշրանք ալ` հայերէնին:

Այս իրողութիւնը ծանր հարուած մըն է հայ լեզուին համար, եւ այս մասին պատասխանատուները լրջօրէն պէտք  է մտածեն:

Երկրորդ պատճառը կը բխի առաջինէն եւ կը դառնայ ընդհանուր մտայնութիւն աշակերտներուն մէջ: Արդարեւ, դպրոց մը իր նպատակին սլաքը ո՛ր ուղղութեամբ լարէ, այդ ուղղութիւնը կը ստանայ առաջնակարգ կարեւորութիւն եւ մնացած դասերը երկրորդական բնոյթ կը ստանան: Հայերէնը ինքնաբերաբար նետուած է արդէն երկրորդ գիծի վրայ: Չի բաւեր դասապահերու թիւը նոյնը պահել, չի բաւեր աշակերտներուն ազգասիրական յորդորներ կարդալ, չեն բաւեր նոյնիսկ բարեխիղճ ուսուցիչներու ճիգերը` դասարանէն ներս: Աշակերտը միշտ կը մտածէ. «Սերթիֆիքայի յաջողութեան մէջ հայերէնը դեր չի կատարեր»: Այս է աշակերտին մտայնութիւնը, որ, աւա՜ղ, հետզհետէ անզգալաբար կը դառնայ նաեւ դպրոցի մտայնութիւն:

Այս պատճառներուն վրայ աւելցուցէք նաեւ ծնողներու մեծ մասին նախասիրութիւնը, որ կը թեքի դէպի պաշտօնական քննութեանց յաջողութիւնը, դուք կ՛ունենաք խեղճ եւ անպաշտպան մայրենի բարբառ մը, որ մինակ է պայքարի ճակատին վրայ, լքուած` իր բոլոր դաշնակիցներէն:

Ես ալ ուրիշներու կարգին մատնանշեցի ցաւը` առանց լուծում առաջարկելու: Լուծումը հաւաքական խորհրդակցութեան ու գործակցութեան կը կարօտի: Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր լեզուն` ազատութեան այս հողին վրայ: Եւ ատիկա անկարելի չէ, եթէ գիտնանք տալ կայսեր` ինչ որ կը պատկանի կայսեր եւ Աստուծոյ` ինչ որ կը պատկանի Աստուծոյ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչ Բաներ Կարելի Չէ Ընել Երեխայի Ներկայութեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?