Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 17, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ողջունելի Վերադարձ Մը

Մօտ երկու տարի մեր իրականութենէն պակսեցաւ գործ մը եւ հանրային կեանքէն մարդ մը:

Այսօր այդ երկու զրկանքներէն մէկը լիովին գոհացուած է սքանչելի գործով մը, որ տարիներ շարունակ փնտռուեցաւ հասարակութեան լայն խաւերուն կողմէ:

Կ՛ակնարկենք «Ամէնուն տարեգիրք»-ին եւ անոր տքնաջան հեղինակ Կարօ Գէորգեանին, որ առողջական պատճառներով անցեալ տարի ստիպուեցաւ առկախել տարեգիրքերուն շարքը:

Անօրինակ ճիգով մը եւ կամքի անսովոր զօրութեամբ, Կարօ Գէորգեան ուզած է մնալ պատնէշի վրայ, եւ այս տարուան իր գործը յաղթանակ մըն է նախ զինք տառապեցնող հիւանդութեան դէմ, ապա զուտ գրական գետնի վրայ կը հանդիսանայ նոր նուաճում մը, որուն հանդէպ միայն հիացում ունինք:

Իր տարեգիրքերուն ընդմէջէն, ինչպէս բոլոր գործերուն մէջ, Կարօ Գէորգեան կը ներկայանայ իբրեւ հաւատքի, բծախնդրութեան, խղճմտութեան եւ անխոնջ աշխատանքի մարդը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, այս տարի եւս իր բազմահազար ընթերցողներուն կ՛ընծայէ հաճելի եւ հետաքրքրական ընթերցումը թանկագին գործի մը, առանց որուն` անպայման որ բան մը պիտի պակսէր մեր տուներէն ներս:

Տարեգիրքը, իր բաժիններու այլազանութեամբ, ճաշակաւոր դասաւորումով, այլ մանաւանդ` ընթերցողին օգտակար եւ հաճելի ըլլալու առաջադրութեամբ, կը  նուիրագործէ հեղինակին տասնամեակներու անձնազոհութիւնը, նուիրումի ոգին, որ իւրաքանչիւր գործի յաջողութեան նախապայմանն է:

Վստահ ենք, որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Պարսկաստան, հոն` ուր տարիներ ամբողջ մարդիկ անհամբերութեամբ սպասեցին «Ամէնուն տարեգիրքը», ընթերցող հասարակութիւնը հաճելի անակնկալը պիտի ունենայ իր տրամադրութեան տակ ունենալու Կարօ Գէորգեանին գործը` այն միակ մաղթանքով, որ` «այս մէկը հարկադրաբար չըլլայ իր հրաժեշտի հատորը»:

Որովհետեւ, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր եւ վստահաբար վաղը ընթերցողները մեծ հաճոյքով պիտի կարդան այս գործը, ու մեր գրական հրապարակը անպայման որ մեծ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ հեղինակը ստիպուի ընդհատել տարեգիրքերու հրատարակութիւնը:

Կարօ Գէորգեանի գործին հիմնական արժէքը կը տեսնենք այն իրողութեան մէջ, որ անոր հեղինակը պարզ համադրող մը չէ, նիւթեր հաւաքող եւ զանոնք մէկտեղող անձ մը չէ, այլ` մեր հանրային հասարակական կեանքին հանդէպ լայն հետաքրքրութիւններ ունեցող, իր բոլոր նիւթերը հայկական պրիսմակէն անցընող, երեւոյթները հայութեան շահերուն անկիւնէն դիտող հեղինակութիւն մը, որ կարծիք ունի, տեսակէտ ունի, կեցուածք ունի:

Կը կարծենք, որ այս է ընդհանուր նկարագիրը իր գործին, որ տարին երեք հարիւր վաթսունհինգ օր կը մնայ մեր սեղանին վրայ ու ապա կը դառնայ մատեան վկայութեան, վկայութիւնը` հայ մարդու մը, որ իր ժամանակաշրջանը կը ներկայացնէ հարազատ գոյներով:

«Այս ուշացած հատոր»-ին առիթով Կարօ Գէորգեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ընթերցողներուն, որոնք լաւագոյնս գնահատեցին տարուած ծանր եւ բազմամեայ աշխատանքը:

Կը խորհինք, որ աւելի արդար եղած կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ այդ շնորհակալութիւն փոխադարձ է, կ՛ուղղուի ոեւէ մէկէն առաջ իրեն` հեղինակին, որ կը կատարէ իր կենսունակութեան եւ պարտականութեան գիտակցութեան յուզիչ հաստատումը:

Տ. Ո.

Լուրեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն – Անթիլիաս

Բացում` Դպրեվանքի 39-րդ
Ուսումնական Տարեշրջանի

Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, կիրակի, 13 հոկտեմբեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տեսչական պատարագ: Պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն` հանգուցեալ գրագէտ Շաւարշ Նարդունիի հոգւոյն համար: Ապա, աւանդական սովորութեամբ, դպրեվանքի ուսանողները ստացան Ս. հաղորդութիւն:

Երկուշաբթի, 14 հոկտեմբեր, առաւօտեան, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, դպրեվանքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վանական հանդէս: Ներկայ էին` միաբաններ, դպրեվանքի ուսուցչական ամբողջ կազմը եւ ուսանողութիւնը:

Կարդացուեցան շարականներ, կատարուեցան արտասանութիւններ, նաեւ ընթերցում` Ս. Գիրքէն:

Խօսք առաւ տեսուչ հայր սուրբը: Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց դպրեվանքի 39-րդ ուսումնական տարեշրջանը եւ, այս առիթով, ընդգծեց յատկապէս, որ դպրեվանքի ծրագրին մէջ հիմնական բարեփոխումներ կատարուած են: Պիտի իրագործուի ութամեայ ծրագիր մը: Աւարտականները, համաձայն իրենց կոչումին, ազատ պիտի ըլլան ընդունելու կուսակրօնութիւնը, ամուսնացեալ քահանայութիւնը, կամ նուիրուելու հանրային-կրթական ծառայութեան, որուն այնքան կարիքը ունի սփիւռքահայութիւնը ամէնուրեք: Այս իսկ պատճառով աւելի խնամք եւ աւելի լայն ժամանակ պիտի ընծայուի աստուածաբանական, իմաստասիրական եւ, յատկապէս, հայագիտական նիւթերու դասաւանդութիւններուն:

Այս ծրագրի իրագործումին համար, յայտնեց վեհափառ հայրապետը, կատարուած է պիւտճէի յաւելում, բացուած են երկու նոր դասարաններ, յետ քննութեան ընդունուած են 32 նախակրթարանաւարտ նոր աշակերտներ, ոչ միայն պահուած է նախորդ ուսուցչական կազմը, այլեւ, անոր կողքին, պաշտօնի հրաւիրուած են նաեւ նոր ուսուցիչներ:

Դպրեվանքը այս տարի ունի 50 ուսանող, որոնց վեցը` սարկաւագ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?