Կրթական Խնդիրներ
Շատը Եւ Քիչը
Կրթութեան Մէջ
Ծնողներ կան, որոնք հոգի կու տան իրենց պտլիկ զաւակը մինչեւ վերջ գրքի եւ տետրակի վրայ հակած տեսնելու համար: Թող աշխատի, թող սորվի, ժամանակ թող չկորսնցնէ. ա՛յս է տուներու մեծ մասին մէջ հնչող սովորական կարգախօսը: Երբ մանուկը դպրոցէն դարձին դաս ու պարտականութիւն չունենայ կատարելիք, մայրերուն սիրտը կը նեղուի, եւ ոմանք նոյնիսկ չեն քաշուիր բարձրաձայն գանգատներ ձեւակերպելու.
– Այս ի՞նչ տեսակ դպրոց է, ո՛չ գրելիք կու տան, ո՛չ կարդալիք:
Փոքրիկը տեւաբար աշխատցնելու եւ մտաւոր սնունդը շերեփով կերցնելու այս մտայնութիւնը միայն ծնողներուն յատուկ չէ: Կան նաեւ կրթական պատասխանատուներ, որոնք դէմ են խաղին ու զբօսանքին եւ հետամուտ` աշակերտները մէյ-մէկ հերոս դարձնելու:
Տեսականօրէն աղուոր բան է աշխատանքը, օրհնեալ եւ սուրբ ունակութիւն, մայր` ամենայն բարեաց եւ յաջողութեանց: Բայց գործնականօրէն ո՞ր չափով արդիւնաւոր է ու հնարաւոր մատաղ հասակներու համար:
Կեանքի մէջ ինչ որ կը հակասէ բնական օրէնքներու, օգուտի փոխարէն, վնաս կը հասցնէ: Դպրոցական աշխարհը չի կրնար բացառութիւն կազմել:
Ժամանակին կարգ մը մեծ մանկավարժներ դիտողութեամբ յայտնաբերած են հիմնական որոշ ճշմարտութիւններ: Ներկայիս հազարաւոր մանուկներու վրայ կատարուած գիտական փորձերէ ետք միայն մասնագէտները կը յանգին եզրակացութիւններու, որոնք անհերքելի են եւ վերջնական: Մեր կամքն ու ցանկութիւնը չեն կրնար փոխել կենդանի փաստը եւ թիւերու լեզուն:
Այսպէս, ճշմարիտ տուեալներով հաստատուած է ժամանակի այն տեւողութիւնը, որու ընթացքին մանուկ մը կրնայ ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահել եւ օգտակար աշխատանք կատարել:
Վեցէն ութ տարեկանները 20-30 վայրկեան միայն ուշադիր աշխատանք ի վիճակի են կատարելու, որովհետեւ կը յոգնին եւ կարիքը կը զգան առնուազն 10 վայրկեան դադարի մը:
Տասէն տասնմէկ տարեկանները` 30-էն 40 վայրկեան:
Երբ այս է տարողութիւնը փոքրիկի մտային ընկալչութեան, ի՞նչ օգուտ կրնայ բերել աշխատանքի յաւելեալ պարտադրանք մը կամ առանց դադարի իրարու յաջորդող դասերու շարանը:
Կայ աւելին. վեցէն ութ տարեկան մանուկը օրուան մէջ իրարու վրայ գումարած 2,30 ժամէն աւելի պէտք չէ աշխատի: Ութէն տասը տարեկանը կրնայ ժամ մը աւելի աշխատիլ, իսկ տասէն տասնմէկ տարեկանները ի վիճակի են չորս ժամ աշխատելու: Հաշիւը տարածելով շաբթուան վրայ` կ՛ունենանք նուազագոյն 12 ժամ, իսկ առաւելագոյն 20 ժամ շաբաթական աշխատանք` նախակրթարանի հինգ դասարաններուն համար:
Այս է գիտութեան եւ բնական օրէնքներու թելադրանքը: Եւ Ամերիկայի ու Եւրոպայի արդիական վարժարանները կ՛աշխատին նախակրթարաններու մէջ կեանքի կոչել զայն:
Իսկ ի՞նչ է պատկերը մեր դպրոցներուն: Շաբաթը 35-էն մինչեւ 38 պահ դաս` առանց հաշուելու ժամը 4:00-էն ետք տրուած տնային պարտականութիւններու լեռնակուտակ դէզը:
Գիտեմ` պիտի ըսուի անմիջապէս, որ մեր պայմանները ուրիշ են, կրթական մեր ծրագիրները` չափազանց բեռնաւորուած ստիպուած ենք 3-4 լեզու սորվեցնել միանգամայն եւ այլն:
Բացառիկ կացութիւնները բացառիկ միջոցներ կը պարտադրեն: Ոչ ոք կը ժխտէ աղաղակող այս անբնականութիւնը, որուն տառապանքն ու չարիքները մեր զաւակներուն բաժին կ՛իյնան: Ստիպուած ենք, որոշ չափով, յարմարիլ միջավայրին, ինչպէս ձուկը կը յարմարի այն ջուրերուն, ուր կը լողայ: Եթէ կ՛ուզէք` հայու մեր ճակատագրով ստիպուած ենք ամէն տեղ ուրիշներէ քիչ մըն ալ աւելի աշխատիլ եւ աշխատցնել մեր զաւակները:
Այս բոլորը հասկնալի են, պայմանաւ որ կրթական մեր վարիչները, ապա նաեւ ծնողները մանկավարժական սկզբունքի չվերածեն վեցէն տասը տարեկան նախակրթարանի աշակերտին խաչելութիւնը: Առնուազն համոզուին, որ մանուկը կենսական կարիքը կը զգայ խաղալու, հանգստանալու, վերանորոգուելու: Իր իրաւունքն է ատիկա: Օդի եւ ջուրի պէս անհրաժեշտ իրաւունք մը:
Չմոռնալ, որ երգի, նկարչութեան, ձեռային աշխատանքի եւ մարզական խաղերու պահերը մեր նախակրթարաններուն մէջ կա՛մ ջնջուած են, կա՛մ նուազագոյնի իջած: Արդ, այս դասերը մասամբ կը ծառայէին տղոց մտային լարումը հանգստացնելու: Ներկայիս ոչ միայն զանոնք խլած ենք հայ մանուկին ձեռքէն, այլ կը ստիպենք, որ դպրոցէն տուն գացածին պէս դարձեալ դասի նստի, սորվի՜, սորվի՜, գլուխը պարապ չմնայ…
Հէ՜ք մանուկ, ո՞ր լեզուով եւ ինչպէ՞ս բացատրէ, որ անվերջ սորվելուն պատճառով է շատ անգամ, որ գլուխը կը պարպուի:
Ֆրանսա 1956-ին հրատարակուած օրէնքով պաշտօնապէս արգիլած է նախակրթարանի աշակերտներուն տնային աշխատանք տալ: Ամէն ինչ պէտք է սորվին ու գրեն դասարանին մէջ: Հակառակ այս օրէնքին` հոն ալ սակայն տնային աշխատանք տալէ բոլորովին չեն կրցած խուսափիլ ուսուցիչները:
Կրթական գործին մէջ քանակը չէ, որ կարեւոր է, այլ որակը: Շատ թխելով շատ արդիւնք չի ստացուիր: Գոյութիւն ունի մտային անմարսողութիւն ըսուած բան մըն ալ, որ աւելի գէշ է, քան` ստամոքսի անմարսողութիւնը:
Բացառիկ կերպով ուշիմ եւ արագ աշակերտներով սխալ է դատել ընդհանուր երեւոյթը: Ամէն դասարանի մէջ միշտ ալ պիտի գտնուին մէկ-երկու հոգի, որոնք դիւրաւ պիտի ելլեն դասերու ծանր բերան տակէն: Մնացեալնե՞րը, մեծամասնութի՞ւնը… Բնական օրէնքները կը ճշդուին այդ մեծամասնութեան վրայ:
Ո՛չ, մեր մանուկները պէտք չէ ետ մնան ուսման մրցումին մէջ, բայց պէտք չէ նաեւ գանին ուսումէն: Պարտաւոր ենք գտնել միջին ճամբան, եթէ կ՛ուզենք, որ դպրոցը չդադրի ուրախ միջավայր մը ըլլալէ եւ ուսումը` հաճոյքի աղբիւր:
Հարկ կա՞յ մեծ մանկավարժներէ վկայութիւններ բերելու: Մէկը ըսած է` «Լաւ կազմուած գլուխ մը աւելի կ՛արժէ, քան` լեցուած գլուխ մը»: Ուրիշ մը բարբառած է` «Կրթական գործի մէջ ժամանակ կորսնցնելը ժամանակ շահիլ կը նշանակէ»: Կարելի է դեռ երկարել շարքը ոսկեղէն այս նշանաբաններուն: Բայց ճշմարտութիւնը վէճի նիւթ չէ: Ամբողջ հարցը կը կայանայ անոր մէջ, ի՛նչ ձեւով կարելի է լուծել խնդիրը:
Կը խոստովանիմ` դիւրին խնդիր մը չէ հաշտեցնել Լիբանանի եւ հայ վարժարաններու կրթական բաղադրեալ ծրագիրը մանուկներու բնական աճին ու պահանջին հետ:
Մ. ԻՇԽԱՆ
