Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1968)

December 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեր Բարոյականը

Կը հարցնենք. պէ՞տք է, որ անձ մը, ազգ մը, հաւաքականութիւն մը կամ կուսակցութիւն մը իր յոյսը դնէ ուրիշներու վրայ եւ անոնցմէ սպասէ փրկութիւնը:

Ո՛չ, կը պատասխանէ իմաստութիւնը:

Ո՛չ, կը կրկնէ փորձառութիւնը, որ իմաստութեան խտացած ձեւն է:

Պիտի խոստովանինք, որ մենք ի զուր եւ ընդունայն օգնութիւն կամ օժանդակութիւն ակնկալեցինք օտարներէն: Եւ ի զուր յուսացինք, որ փրկութիւնը պիտի գայ անոնցմէ: Միա՛յն անոնցմէ:

Բաւական սուղ գին վճարեցինք մեր այս միամիտ, չըսելու համար անմիտ ակնկալութեան համար: Արիւն թափեցինք ի հաշիւ ուրիշներուն, գոնէ` մեր թափած արեան հատուցումը սպասելով Քրիստոսի վարդապետութիւնը դաւանողներէն, որոնք կը քարոզէին միայն, բայց չէին գործադրեր իրենց քարոզածը:

Չենք ուրանար,  որ մեր այս ակնկալութիւնը հիմնուած էր նախընթացներու վրայ: Յունաստանը, Պուլկարիան, Սերպիան ունէինք աչքի առջեւ, բայց կը մոռնայինք, որ մեր շերեփը երկաթէ չէր, թուղթէ էր:

Յաճախ կարդացած ենք օտարներու կարծիքը հայոց մասին: Մեզի հետ կարդացած ըլլալու են նաեւ մեր ընթերցողները: Մեղր ու կարագով ծեփուած այդ կարծիքները մեզ մինչեւ եօթներորդ երկինքը կը բարձրացնէին ատեն մը: Կլատըսթոնը ըսաւ, որ… Սալըզպրին յայտարարեց, թէ… Լորտ այսինչը եւ կոմս այնինչը խոստացան, որ… եւ այլն:

Հիմա այդ կարծիքները մեզի վիշտ, դառնութիւն, հիասթափութիւն միայն կը պատճառեն, բայց` որոնց հաւատացինք, որոնց կառչած մնացինք գրեթէ ամբողջ դար մը, թերեւս աւելի:

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց յատկապէս ամերիկեան մեծ հանրապետութեան մարդասէ՜ր նախագահին` Ուիլսընի այն ճառը, զոր ան խօսած էր 1918-ի աշնան, երբ դեռ կը շարունակուէր Ա. Աշխարհամարտը, որ ի վերջոյ աւարտեցաւ դաշնակիցներու յաղթանակով (ի դէպ, դաշնակիցները շահեցան պատերազմը, բայց կորսնցուցին խաղաղութիւնը):

Ուիլսըն կը յայտարարէր հանդիսաւորապէս.

«Զէնքերը վար պիտի չդնենք, մինչեւ որ Թուրքիոյ կողմէ ճնշուած ազգերը գտնեն իրենց ազատութիւնը: Թուրքիա իր վայրագութեամբ գլեց անցաւ իր տէրերը (ակնարկը` Գերմանիոյ): Հայերու հանդէպ գործադրուած մեթոտիկ ջարդերը կը ստիպեն մեզ աւլել-սրբել Եւրոպայէն այս տգէտ ու վատառողջ աւազակախումբը: Հայաստանի պէտք է տրուի իր պատմական իրաւունքը: Թուրքիայէն աւելի իրաւունք ունի ան ապրելու: Ուշ կամ կանուխ` Թուրքիա պիտի հանուի դատաստանի առջեւ եւ հաշիւ պիտի տայ իր արարքներուն համար: Եւ այն ատեն պիտի պահանջուի իրմէ իրենց տէրերուն վերադարձնել այն, ինչ որ խլած է անոնցմէ, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր»:

Այս յայտարարութիւնը, եւ` անոր պէս բազմաթիւ ուրիշներ, մենք հիմա կը նկատենք հռետորական վիպապաշտութիւն, այսինքն` աւելի շատ բառ, քան գործ: Աւելի շատ նետել, քան բռնել:

Այն ատեն, 1918-ին, չէինք գիտեր, եւ հիմա ալ դեռ շատ լաւ չենք գիտեր, որ աշխարհի մեծերը վարողը ազգային շահերն են եւ ոչ թէ` բառական հռետորութիւնը: Եւ ոչ թէ` հանդիսաւոր խոստումները, որոնք կոչուած են պարապ փամփուշտի դեր մը միայն կատարելու:

Ամերիկա, որ իր նախագահին բերնով կը սպառնար Եւրոպայէն դուրս նետել «Տգէտ ու վատառողջ աւազակախումբը», հիմա զինակիցն ու եոլտաշն է այդ նոյն աւազակախումբին, որուն մինչեւ հիմա, քսան տարուան ընթացքին, շնորհած է երեքուկէս միլիառ տոլար, իսկ մեզի` ապրելու իրաւունք ունեցող միամիտներուս, ո՛չ իսկ սենթ մը` հակառակ իրեն եւ իր երբեմն դաշնակիցներուն համար մեր թափած արիւնին:

Չէինք ըմբռներ, եւ դեռ չենք ըմբռնած, որ պետութիւններուն համար բարեկամներ չկան, թշնամիներ չկան, այլ կան միայն գերագոյն շահեր, որոնց պատրաստ են զոհելու իրենց փոքր շահերը եւ առաւել եւս, ուրիշներուն շահերը:

Այս պահուն մեր միտքը կու գայ մանրավէպ մը, որ շրջան կ՛ընէր Ա. Աշխարհամարտի օրերուն: Կը պատմուէր, որ մեծ իշխանաւորի մը միակ աղջիկը կոկորդին մէջ պալար մը ունէր, որ կրնար պայթիլ, եթէ հիւանդը կարենար խնդալ լայնաբերան: Զուր կ՛անցնին զայն խնդացնելու բոլոր փորձերը: Ի վերջոյ մէկը, հաւանաբար` աշխարհը լաւապէս ճանչցող իմաստուն մը, կը խոստանայ ուրիշներուն չկրցածը ընել, այսինքն` խնդացնել հիւանդը: Կը մօտենայ անոր եւ ականջին բան մը կը փսփսայ: Յանկարծ անբուժելի նկատուած հիւանդը կը սկսի քահ-քահ խնդալ: Կը պայթի պալարը եւ իր առողջութիւնը կը վերագտնէ իշխանուհին:

– Ի՞նչ ըսիք,- կը հարցնեն ներկաները,- որ կրցաք խնդացնել մեր հիւանդը:

Իմաստունը կը պատասխանէ.

– Ըսի, որ Մեծն Բրիտանիա եւ իր դաշնակիցները կը կռուին փոքր ազգերու ազատութեան համար…

Հեքիաթէն դառնանք իրականութեան, կեանքին եւ կեանքէն քաղուած փորձառութեան:

Իրականին մէջ, մենք-փոքրերս, կը կռուէին մեծ ազգերու ազատութեան եւ յաղթանակին համար, իսկ իրենք` մեծերը, կը կռուէին փոքր ազգերու… գերութեան համար:

Չի բաւեր բարեկամներ միայն ունենալ, պէտք է նաեւ-պէտք է մանաւանդ-շահակիցներ ունենալ:

Մենք բարեկամներ ունէինք, եւ ունինք, բայց շահակիցներ չունէինք: Ընդհակառակն, Թուրքիա բարեկամ չունէր, եւ չունի, սակայն շահակիցներ ունի:

Երանելի են, բախտաւոր են, երջանիկ են այն ազգերը, որոնք ոչ միայն կրցած են բարեկամներ ունենալ, այլ նաեւ եւ մանաւանդ` շահակիցներ ունենալ: Կրնայինք ըսել նոյնիսկ, որ նախընտրելին ոչ այնքան բարեկամն է, որքան` շահակիցը:

Մեր խօսքը, կը հասկցուի անշուշտ, քաղաքականութեան մասին է, եւ ոչ թէ` բարոյականի:

Տեսանք մենք բարեկամները, որոնք ո՛չ միայն զէնքերը վար դրին` առանց ապահովելու ճնշուած ազգերուն ազատութիւնը, այլեւ այդ ազատութեան դէմ գործեցին եւ ճնշողներուն հետ եղան` ընդդէմ ճնշուածներուն:

Այս «բարեկամ»-ներն էին դարձեալ, որ վաճառքի հանեցին մեր իրաւունքները` լաւապէս կատարելով Յուդայի դերը, եւ երեսուն հազար քառ. քմ. հողն իսկ շատ տեսան մեզի եւ անոր մէկ մասը մեզմէ առնելով` ընծայաբերեցին հողով աւելի հարուստ մեր հարեւաններուն:

Դառնութիւն չունինք սակայն, որովհետեւ հիմա մեզի համար պարզ է այլեւս, որ աշխարհի առանցքը շահն է եւ ոչ թէ` բարոյականը, եւ ոչ թէ` փոքր ազգերու ազատութիւնը, եւ ոչ թէ` արդարութիւնը, որ աստուածային ստորոգելի մըն է, բայց որ հաւանաբար իրագործուած իսկ չէ երկնային թագաւորութեան մէջ, այլ կը մնայ դեռ իրագործելի…

Մեր կուսակցութիւնը, որ հասած է կամ հասնելու վրայ է իր գոյութեան ութսունամեակի հրուանդանին, հիմա դարձած է աւելի իմաստուն, աւելի խոհեմ, աւելի զգաստ, աւելի  շրջահայեաց եւ իր հասուն մարդու փորձառութիւնը, հակադրած է երբեմնի իր խիզախումներուն եւ  խանդավառութեան: Ատեն մը Մամիկոնեան էր, հիմա Բագրատունի է…

Սակայն պիտի ըսենք, որ իր բարոյականը չի բխիր մեծ կամ փոքր շահերէ, վաշխառուի հոգեբանութենէ, այլ կը բխի իրաւունքի եւ արդարութեան անաղարտ ակունքէն:

Մենք դեռ կը շարունակենք հաւատալ բարոյականի յաղթանակին, որքան ալ հեռու եւ հեռահաս թուի ան:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ընտրութիւններէն Վերջ…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.