Հրապարակային Դասախօսութիւն
Նիւթ`
Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Ներքին Կեանքը
Դասախօս` Սարգիս Զէյթլեան
Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
***********************************************************
Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման նախորդող պատմական դէպքերու ներկայացումէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան, շարունակելով այս նիւթին նուիրուած դասախօսութիւններուն շարքը , պարզեց հանրապետութեան ներքին կազմակերպչական աշխատանքները:
– 1918-ին Կովկասի մէջ կը ստեղծուէին երեք հանրապետութիւններ, որոնք կը յաւակնէին պետութիւն դառնալ: Այս պետութիւնները չունէին ո՛չ ճշդուած սահմաններ եւ ո՛չ կազմակերպուած վարչական մեքենայ: Թշնամի էին ո՛չ միայն իրենց անկախութիւն հռչակած պահուն, այլ` դարերէ ի վեր: Հակառակ էին իրարու` իրենց արիւնով, ազգային շահերով, իրենցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէր Կովկասը իր տիրապետութեան տակ առնել:
Նոյն տեսակի կացութիւն մը Արեւմտահայաստանի մէջ պատճառ դարձած էր, որ հայ ժողովուրդը, իսկական իրաւատէրը, կորսնցնէր իր հողը, եւ թուրքը դառնար քաղաքական իրաւատէր:
Անդրկովկասի մէջ կրնար կրկնուիլ դէպքը. երեք ժողովուրդներ կը վիճէին, կը կռուէին հոն, ուր ստիպուած էին քով քովի ապրիլ:
Զիրար քանդելու այս կործանարար պայքարին մէջ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէր Հայաստանը ազատագրական կազմով:
1918-ին երեւանեան նահանգին մէջ հայութեան թիւը կէս միլիոնէն քիչ մը աւելի էր: Հողին մեծ մասը, սակայն, հայութեան սեփականութիւնը չէր: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ այդ 500.000 հայութեան կէսը գաղթական էր ու թշուառ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երբ 1919-ին կը տիրանար ռուսական Հայաստանին, 1914-ի սահմաններով, իր բնակչութեան մէկ երրորդով օտար էր:
Մէկուկէս միլիոն բնակչութեան 700.000-ը թուրք, թաթար եւ քիւրտ էր:
Երեւանեան նահանգին ամէնէն բերրի հողերը եւ ռազմականօրէն ամէնէն կարեւոր դիրքերը գրաւուած էին: Հայաստանի հողին երկու երրորդը սեփականացուցած էին օտարները` ծանրակշիռ վտանգի տակ դնելով հայութիւնը: Անկախ այս բոլորէն` հայութիւնը արտաքին ոչ մէկ կռուան ունէր: Թուրքը, պարտուած կամ յաղթական իր զանգուածով, նիւթական միջոցներով, կ՛աշխատէր տունը ներսէն պայթեցնել: Այս բոլորին կողքին, կար նաեւ մեզի դրացի եւ բախտակից ժողովուրդը, որ տրամաբանօրէն մեզի հետ պէտք էր ըլլար, եւ սակայն միայն իր շահերուն մասին կը մտածէր: Աննպաստ պայմաններուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ թուրք եւ համայնավար սիրաբանութիւնը: Այս փլատակներէն էր, որ հայութիւնը ո՛չ միայն իր պետութիւնը պիտի ստեղծէր, այլ նաեւ պիտի վերակառուցէր քանդուած քաղաքները, պատսպարէր 300.000 գաղթականներ եւ որբեր:
Պատմական մեծ առաքելութեան մը լծուած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ զայն ղեկավարող կուսակցութիւնը: Հայաստանը պէտք էր հայացնել: Հայ ժողովուրդը ըրաւ այն, ինչ որ իր թշնամին ըրած էր իրեն: Հայաստանի մէջ կազմուած թաթարական հանրապետութիւնները իրենց զինուորներով, վարչական մեքենայով չէին ուզեր հպատակիլ հայկական կառավարութեան: Հայկական բանակը, որ ծով արիւն թափած էր 3 տարի շարունակ Թրքահայաստանի մէջ, շուրջ 15-17 հազար զինուոր հաշուող այս բանակը պիտի լծուէր հայ ժողովուրդին իր պետականութիւնը տալու աշխատանքին:
Ամիսներ շարունակ կռիւ պիտի մղէր իր սահմաններուն մէջ` իր գոյութիւնը պաշտպանելու եւ Հայաստանի հայկական դիմագիծ տալու համար:
Երկուքուկէս տարուան ընթացքին եղած նուաճումները:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետականօրէն, միջազգային կերպով կը ճանչցուէր:
Աշխարհի բոլոր պետութիւններուն հետ կը ստեղծէր դիւանագիտական կապեր:
Սեւրի դաշնագրով բովանդակ հայութեան իրաւունքները կը պարտադրէր մեծ պետութիւններուն:
Կը կազմէր ազգային բանակ:
1920-ի ամառը Հայաստանի կազմակերպուած պետութիւն էր` բանակով, կառավարութեամբ եւ ընկերային ու մշակութային կեանքով:
Առաջին անգամ հայ հողի վրայ հիմնարկութիւնը կը կատարուէր հայկական համալսարանին, եւ մշակութային կեանքը թափ կ՛առնէր երկրէն ներս:
Հայացած Հայաստան մը` կազմակերպուած, միջազգայնօրէն ճանչցուած, կը դառնար գուրգուրանքին առարկան եւ կեդրոնը` բովանդակ հայութեան:
ՇԱՔԷ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վեհափառը Պիտի Այցելէ
Միացեալ Նահանգներ Եւ Քանատա
Մեր պաշտօնակիցը` «Հայրենիք», իր 8 փետրուարի թիւին մէջ հրատարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի թեմի առաջնորդարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը:
Հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Խորէն Ա. կաթողիկոս 1969-ի գարնան պիտի այցելէ Ամերիկա: Այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք ամիս: Վեհափառ հայրապետը մտադրած է այցելել Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի բոլոր հայահոծ գաղութները:
Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց թեմը ունի ծխական 32 շրջաններ` թիւով 125 հազար հաւատացեալներով: Թեմը 1956-ին միանալէ ետք Կիլիկեան կաթողիկոսութեան, աննախընթաց բարգաւաճում արձանագրեց վերջին 12 տարիներու ընթացքին, եկեղեցաշինութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պաշտօնէութեան եւ անդամներու թիւի աճման տեսակէտով:
Վեհափառ կաթողիկոսի Ամերիկա այցելութեամբ պիտի շեշտուի այն կարեւոր դերը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմը կը կատարէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:
Պաշտօնապէս ընդունելու համար կաթողիկոսը բոլոր այն քաղաքներուն մէջ, ուր պիտի այցելէ, գործի պիտի լծուի ընդունելութեան յատուկ համագաղութային յանձնախումբ մը` բաղկացած հարիւրէ աւելի ամերիկահայերէ:
 
			