Հրապարակային Դասախօսութիւն
Նիւթ`
Հայաստանի Հանրապետութեան Ստեղծումը
Բանախօս` Երուանդ Փամպուքեան
Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Յակոբ Իսկենտերեան բացումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակին առիթով կազմակերպուած երեք հրապարակային դասախօսութիւններէն առաջինին, որուն նիւթը կը պատկերացնէր երկունքը Հայաստանի Հանրապետութեան:
Խօսքը տալէ առաջ դասախօս Երուանդ Փամպուքեանին` օրուան նախագահը բացատրեց, որ եղածը պարզ անդրադարձում մը չէ: Դէպքը տակաւին շատ մօտ ըլլալով` անոր պատմական տարողութիւնը ճշդել դժուար է: Վարչակարգի փոփոխութենէն ետք, մանաւանդ, որ այսօր տակաւին առարկայականօրէն չքննուին հարցերը, ու չենք գիտեր` ո՞ր թուականին կարելի պիտի ըլլայ չափել այդ պատմական դէպքին իսկական տարողութիւնը: Այս դասախօսութիւնները, ըսաւ, կը յուսանք, մեր նոր սերունդին համար կ՛ըլլան ինքնագիտակցութեան եւ մտքի գրգիռ:
Երուանդ Փամպուքեանին նիւթը կ՛ընդգրկէր 1914-ի եւ 1918-ի միջեւ պատահած գլխաւոր պատմական անցուդարձերը:
Կը սկսի Ա. Համաշխարհային պատերազմը նախորդող ռուս-թրքական դաշնագրով, որ հայկական բարենորոգումներուն նուիրուած համաձայնագիր մըն էր: Առաջին անգամ ըլլալով, կը բացատրէ դասախօսը, կը կարծուի, որ բարենորոգումներու խնդիրը գործնական հունի մը մէջ մտած է: Հայ վիլայեթներուն պիտի տրուէր եւրոպացի ընդհանուր քննիչ մը` լայն իրաւասութիւններով: Թրքական պետութիւնը, հակառակ համաձայնագրին, դժուարութիւններ կը յարուցէր. հայ ղեկավար դասակարգը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւս խանդավառ չէին այդ ծրագրով, որովհետեւ այս ձեւով Հայկական հարցը իր քաղաքական հունէն դուրս բերուած էր:
Այս անորոշ կացութիւնն էր, որ կը տիրէր, երբ վրայ հասաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը. երկու եւրոպացի քննիչները` Հոֆ եւ Վեսթենենկ թրքական պետութեան հրամանով անմիջապէս դուրս դրուեցան:
Օսմանեան Թուրքիոյ պատերազմի մէջ մտնելը` Գերմանիոյ կողքին, անակնկալ մը չեղաւ: Գերմանացիները յաջողած էին, մասնաւորաբար` զինուորական մարզին մէջ, թուրքերուն հիացումը խլել: Մեծ թիւով գերման սպաներ կը գործէին արդէն թրքական բանակին մէջ. պատերազմի միջոցին սակայն, անոնց թիւը պիտի տասնապատկուէր ու հասնէր մինչեւ 800-ի: Գերմանացիները Հայկական հարցին մէջ ներշնչողը եւ քաջալերողը եղան այն ահաւոր սպանդին, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր:
Պատերազմը սկսած ատեն Էրզրումի մէջ կը գումարուէր ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհ. ժողովը. թուրք պատասխանատու ղեկավարներ, որոնց մէջ` Պեհաէտտին Շաքիր, դիմեցին Դաշնակցութեան` բանակցութեան առաջարկով եւ խնդրեցին, որ հայերը միանան թուրքերուն եւ կռիւ մղեն ռուսերու դէմ, արտասահմանի մէջ աշխատին ի նպաստ Թուրքիոյ, Կովկասի մէջ խռովութիւններ յառաջացնեն:
Դաշնակցութեան պատասխանը եղաւ հետեւեալը: Լաւ է, որ Թուրքիան դուրս մնայ այս պատերազմէն եւ իր ամբողջականութիւնը պահէ: Հայերը ուր որ կ՛ապրին, հաւատարմօրէն պիտի ծառայեն այդ պետութեան:
Թուրքերը գոհ չմնացին անշուշտ այդ պատասխանէն, որուն անմիջական անդրադարձներէն մէկը կարելի է համարել ջարդերը, կանխամտածուած ցեղասպանութիւն, մարդկային պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող, որ անակնկալի բերաւ հայութիւնը:
Ռուսերը պատերազմի սկզբնաւորութեան մեծ ու նոր թափ տուին հայերու հետ իրենց սիրալիր յարաբերութիւններուն: Պատճառները բազմաթիւ էին. 200.000 հայեր ռուսական բանակին կը ծառայէին, ռուսերը կ՛ուզէին գրգռութիւն յառաջացնել հայ մարտական գունդերու միջոցով Թուրքիոյ մէջ:
Ռուսիա խոստացաւ նոյնիսկ, պատերազմի ատեն, Թրքահայաստանի ինքնավարութիւնը ապահովել` մինչեւ Կիլիկիա:
Կովկասի մէջ ընդհանուր ոգեւորութիւն` հայերուն կողմէ: Վստահ էին, որ ռուսերը եւ դաշնակիցները պիտի յաղթեն, եւ Ռուսիա իր յանձնառութիւնները պիտի յարգէ:
ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը դէմ արտաայայտուած էր կամաւորական շարժման. հակառակ տրուած որոշումին, սակայն, տարերային շարժում էր Կովկասի մէջ, հրահրուած` դաշնակիցներու կողմէ: Ժողովրդական ընդհանուր այս տրամադրութեան դէմ ղեկավարութիւնը ոչինչ կրնար ընել:
Շարժումին գլուխը կ՛անցնին` Անդրանիկ, Քեռի, Համազասպ, Դրօ. կամաւորներ կու գան Պալքաններէն, Ամերիկայէն, Թրքահայաստանէն. Ռուսիան, որ կ՛ուզէր այդ շարժումը խորհրդանշական բան մը ըլլայ, քանի որ հազարը չանցնող, կը սկսի մտահոգուիլ: Այս կամաւորները, սակայն, մեծ նպաստ բերին ռուսական բանակին:
Ներքին ճակատի վրայ, ռուսական բանակը 1914-1915 շատ նեղ կացութեան մէջ էր: Տարօնի ապստամբ հայերը բնաջնջուեցան, ռուսերը չկրցան հասնիլ անոնց օգնութեան: 1916-ին էր միայն որ թրքական ճակատը քայքայուեցաւ եւ ռուսերը յառաջացան ներս: Այս շրջանին, սակայն, Ռուսիան փոխեց իր դիրքը ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ:
Ռուսերը չուզեցին այլեւս նեցուկ կանգնիլ կամաւորներուն. Թրքահայաստանի ինքնավարութեան խոստումը մերժեցին, ջնջեցին իրենց ծրագրէն: Շատ անարդար գտան ինքնավարութիւն տալ գրուած շրջաններուն, ուր ջարդերուն պատճառով հայերու թիւը տեղացիներէն շատ աւելի նուազ էր:
Ռուսական յեղափոխութենէն ետք եկող իշխանութիւնը եւս Լենինի բերնով խոստացաւ Թրքահայաստանի անկախութիւնը, բայց նոյն իշխանութիւնը դաշնագրով մը Կարսը եւ Արտահանը կը զիջէր Թուրքիոյ:
Կովկասի ժողովուրդը անջատուած էր, թուրքերը քաջալերուած ռուսական բանակի տուն դարձի քաղաքականութենէն` սկսան աւելի գործօն դառնալ: Յարձակումները հայկական գիւղերու վրայ բազմապատկուեցան: Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին կովկասեան ճակատը քայքայուեցաւ. թրքական բանակը անարգել կը յառաջանար, եւ տեղացի թաթարները գոհ էին: Վրացիները իրենք եւս Թրքահայաստանի ճակատագրով շատ խանդավառ չէին, պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնը պիտի իյնար հայերու ուսերուն վրայ:
Հայերը գործի կ՛անցնէին նոր զինուորներով, ճակատը զօրացնելու աշխատանքով:
Թիֆլիսի մէջ միթինկներ կը կազմակերպուէին, ժողովուրդին տրամադրութիւնները բարձրացնող ճառերով կ՛ուզէին խրախուսել կռուողները. սակայն այդ բոլորը կը մնային ճառերու սահմանին մէջ: Զինուորագրուողները ընդհանրապէս թրքահայերն էին, ջարդերէն ճողոպրած հայերը եւ բուն Հայաստանի ուժերը:
1918-ին թուրքերը զինադադարը կը խզէին. ինչպէս կ՛ըսէր Դրոն, այդքան ճակատ պաշտպանել հայ զինուորներով միայն` կարելի չէր: Հայերը կը փորձէին բանակցիլ, սակայն թրքական բանակը կը յառաջանար: Կ՛իյնայ Էրզրումը, եւ կ՛անդրադառնան այլեւս, թէ մահու-կենաց խնդիր է:
Կ՛իյնայ Կարսը, թուրքերը տակաւին գոհ չեն, կը պահանջեն միշտ աւելին: Հայերը մնացած էին բոլորովին առանձին: Արարատեան նահանգին մէջ Արամի ղեկավարութեան տակ կը հաւաքուին բոլոր գոյութիւն ունեցող ուժերը` հակահարուած տալու համար թշնամիին:
Արամի կոչին վրայ` մնացած զինուորներն ու կամաւորները կու գան միանալու հայկական բանակին. հայերը օրինակելի քաջութեամբ կը կռուին Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի մէջ ու կը յաջողին կասեցնել, արգելք հանդիսանալ թրքական յառաջխաղացքին:
Այդ օրերուն կռուող հայութեան միտքը սեւեռած էր մէկ կէտի վրայ. պատուաւոր կերպով մեռնիլ: Կը յուսայի՞ն արդեօք թրքական բանակին դէմ դնել ու անկախութիւն հռչակել, կասկածելի է: Հայկական ոգին, հողին ուժը, իրականացուցին աննախատեսելին, եւ մայիս 30-ին Ազգային խորհուրդը հռչակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը` ժամանակաւորապէս ստանձնելով կառավարական բոլոր պաշտօնները:
Աւերուած երկիր մը, տառապած աչքերուն արցունքները կը սրբէր ու ճամբայ կ՛ելլէր իբրեւ անկախ պետութիւն:
ՇԱՔԷ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ