Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երիտասարդութիւն Եւ Յոյս

Քանի մը օր առաջ խօսեցանք ամերիկահայ մեծ հօր մը հայ գիրքին հանդէպ դրսեւորած ապրումին եւ իր ապրումով աննպաստ միջավայրի մը մէջ մեծցած թոռը վարակելու փաստին մասին:

Հեռուէն եկած սրտամօտ ձայն էր, որ բնականաբար, մեր անմիջական կեանքին վրայ աչք մը նետելու պիտի մղէր ընթերցողը եւ յառաջացնէր սա հարցումը.

– Ի՞նչ կ՛ընեն արդեօք մեր մեծ հայրերը եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ մեծցող անոնց թոռները հոս:

Կոյր չըլլանք: Շա՛տ բան: Ոչ ընծայուած հնարաւորութիւններուն չափ ի հարկէ, յամենայն դէպս շա՛տ բան, երէկուան հետ համեմատած` քանի մը պատիկ աւելի:

Դժգոհութիւններ կա՛ն բարեբախտաբար, դժգոհութեան պակասը բարենիշ մը չէ արդէն ժողովուրդի մը համար, անտարբերութեան ախտանիշ է դժգոհութեան պակասը, դժգոհութիւններ կա՛ն, բայց ատիկա կարելիութիւններէն կը բխի ու չի հերքեր կատարուածը, որ ըստ էութեան քիչ չէ ու արժանի է ամէն յարգանքի:

Կատարուածին պերճախօս վկաներն են հետզհետէ աճած, աճո՛ղ ազգային մեր բջիջները, եկեղեցիներուն թիւը, դպրոցներուն թիւը, ակումբներուն թիւը, թերթերուն թիւը, թերթերուն տպաքանակը, պարբերաթերթերուն գոյութիւնը, հրատարակչական տուներուն եռուզեռը:

Դեռ տասնամեակ մը առաջ այս պատկերը չէր ներկայացներ մեր կեանքը, նուազ պայծառ էր, երկու տասնամեակ առաջ` առաւել եւս տժգոյն, անկէ առաջ չերթա՛նք աւելի առաջ, այլ նայինք ներկային, որ բարձրորակ մտաւորականներ շատ չկարենալ հաշուելու իր խոցելի կողմէն զատ` ոչինչով կը զիջի անցեալին:

Կու գան եւ այդ մտաւորականները, չեն կրնար չգալ, պիտի ըսէր բանաստեղծ մը: Կու գա՛ն: Հողը պարարտ է: Դիտեցէք ձեր շուրջը: Դիմագիծ յայտնաբերելու մեծ առիթներ ընծայուած են երիտասարդներուն: Մեր կեանքին մէջ քիչ անգամ պատահած երեւոյթի մը առջեւ կը գտնուինք արդարեւ: Եկեղեցական ասպարէզէն մինչեւ կուսակցական մարզը, գրական, կրթական ու հրապարակագրական բոլոր կալուածներուն տնտեսութիւնը, մեծ տոկոսով, յանձնուած է երիտասարդութեան: Եկեղեցւոյ իշխանը, հանրային գործիչը, խմբագիրներն ու տնօրէնները յիսունը հազիւ անց եւ յիսունէն շատ վար մարդիկ են հիմա, որոնք կոչուած են նոր եռանդ եւ որակ հաղորդելու մեր բոլոր բջիջներուն:

Ոգեւորիչ է հայ կեանքի այս երիտասարդացումը:

Տարագիր բազմութիւններուն հայեացքները սեւեռուած են մեր քաղաքին վրայ, եւ մեր քաղաքը պարտաւոր է կատարել իրեն վստահուած թթխմորի կենսատու դերը:

Պ. Ս.

«Պատմական Վկայութիւն Մը
Սողոմոն Թեհլիրեանի Դատավարութենէն»

Այս վերնագրով յօդուածաշարք մը հրատարակեց մեր մամուլը: Յօդուածաշարքը, զոր Գրիգոր  վրդ. Կէրկէրեանը արտագրեր է Փարիզի Նուպարեան մատենադարանին կտակուած Արամ Անտոնեանի անտիպ ձեռագիրներէն:

Այս առնչութեամբ մանրայուշ մըն ալ ես պատմեմ:

Տարիներէ ի վեր կը թղթակցէի Սողոմոնի հետ: Պելկրատ կը բնակէր այն ատեն Սարօ Մարքովիչ Մելիքեան կեղծանունով: Օր մը, նամակով կը տեղեկացնէր, որ իր յուշերը գրի առնելու առաջարկ մը կը խնդրէր, որ տեսակցիմ այս վերջնոյն հետ եւ տպաւորութիւնս հաղորդեմ:

Առաջարկը չզարմացուց զիս: Ամէն գրող, չէզոք թէ յեղափոխական, պիտի ցանկար պատմաբանը ըլլալ Սողոմոնի, որուն քաջագործութիւնը, թէեւ` կազմակերպուած Դաշնակցութեան կողմէ, համազգային վրիժառութիւնն էր մեր ցեղին:

Այցի գացի Ա. Անտոնեանին, Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը, որուն վարիչն էր: Իր գրասենեակը առաջնորդուեցայ: Գրասնեա՞կ էր, թէ՞…  գրամթերանոց: Հազիւ ներս մտած էի, դէմ դիմաց եկայ ճամբաս փակող լայնատարած սեղաններու, որոնց վրայ խառն ի խուռն բլուր-բլուր դիզուած էին խոշոր հատորներ` դեղնած, փոշոտ: Զգուշութեամբ յառաջացայ նրբանցքէ մը: Սեղան մը եւս, դարձեալ հաստափոր մատեաններով ծանրաբեռն, որոնց ետին նստած մարդու գլուխը միայն կը տեսնէի: Դիմովի կը ճանչնայի Անտոնեանը: Խօսակցութեան մէջ էր ուրիշ երկու այցելուի հետ: Խօսակցութիւնը դադրեցուց եւ «Հրամեցէք» ըսաւ:

Բարեւեցի, անունս տուի եւ ներկայացայ: Ժամանակ չթողուց, որ յայտնեմ այցելութեանս նպատակը: Անունս լսեց եւ իսկոյն հարցուց.

– Դուն Զմիւռնիոյ աքսորեալներէն չե՞ս: 1916-ին Տարսոն չմնացի՞ր փախստական:

– Այո՛,- ըսի զարմացած:

Բախտակից «լուսեղբայր» մը գտեր էր, իր ցաւը հասկցող: Լայնօրէն բացաւ յուշերու իր գիրքը` սկսելով Տարսոնէն: Տարսոն իմ փոխադրավայրս եղած էր: Իր պատմութիւնը իմ պատմութիւնս էր քիչ մը, սրտիս կը խօսէր: Մտիկ ըրի հետաքրքիր: «Տարսոնապատում»-ը կէս ժամ մը տեւեց: Յետոյ անցաւ Ատանա: Ընդմիջե՞մ: Ինձմէ աւելի տարիքոտ էր, ինձմէ աւելի տառապած: Ձգեցի, որ ցաւը դրսեւորէ, ամոքի:

Լաւ զրուցաբան էր. յուզուելով` կը յուզէր: Ընկճուեցայ իր պատմումներէն: Կամաց-կամաց ես ալ փոխադրուեցայ սոսկումներու աշխարհը եւ մոռցայ, թէ ինչո՛ւ այցի եկած եմ: Ատանայէն անցաւ Հալէպ` «Պարոն» պանդոկը, ուր ծանօթացեր էր կարեւոր անձերու, ուր ձեռք ձգեր էր պաշտօնական վաւերագրեր, անհերքելի վկայութիւններ` թուրքերու ծրագրեալ հայասպանութիւնը հաստատող:

Իրիկուան դէմ գացեր էի մատենադարան, հիմա գիշերը հասեր էր: Յոգնած կ՛երեւէր երկար խօսելէն: Առիթէն օգտուեցայ եւ սահեցուցի:

– Սողոմոնին կողմէ եկած եմ,- ըսի:

– Առաջուց չյայտնէի՞ր, մա՛րդ Աստուծոյ,- եղաւ իր անդրադարձը:

– Առաջուց յայտնելու միջոց չտուիք,- ըսի քիչ մը սրտմտած:

Կարեւորութիւն չտուաւ միջադէպին եւ ժպտելով` անցաւ մեզ հետաքրքրող հարցին.

– Պատրաստած եմ Սողոմոնի դատավարութեան շուրջ վաւերագրական ընդարձակ տեղեկութիւն մը, որ այդ դատավարութեան մութ ու անծանօթ ներքին ծալքերը կը պարզաբանէ: Այս տեղեկատուութեան լոյսով յստակ կը լուսաբանուի, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս անպարտ արձակուեցաւ Սողոմոն: Իբրեւ մարդասպան բանտ նետուեր էր, իբրեւ գազանասպան դուրս ելաւ: Իր անպարտացումով մեր Դատն ալ շահեցաւ:

– Առաջարկեր էի Սողոմոնին` իր յուշերը գրի առնել: Ինք թող գրէ լայնօրէն, մանրամասնօրէն, ես կը դասաւորեմ, կը կոկեմ: Իր յուշերուն կցելով իմ տեղեկագրութիւնս, վստահ եմ, որ ամէնուն մատչելի, ամէնուն կողմէ ուզուած, փնտռուած պատմական գործ մը դուրս կու գայ: Սպառումը բարձր կ՛ըլլայ, շօշափելի շահ մըն ալ կը ձգէ…

Բաժնուեցայ Ա. Անտոնեանէն` խոստանալով Սողոմոնը վերահասու ընել մեր խօսակցութեան: Իմ տպաւորութիւնս այն եղաւ, որ Անտոնեան ցանկացող էր յուշագիրը ըլլալ մեր վրիժառուին:

Հրանտ Սամուէլի համաձայն, երեք հարիւր էջնոց գիրքի մը տպագրական ծախսերը շուրջ երեք հարիւր հազար ֆրանքի կը հասնէին: Այս ծանօթութիւնը, ինչպէս նաեւ Ա. Անտոնեանին առաջարկութիւնը յաջորդ օրերուն Սողոմոնին հաղորդեցի:

Իմ անձնական կարծիքս այն էր, որ Սողոմոն ինք անձամբ գրէ իր կենսագրութիւնը եւ զայն հրատարակութեան յանձնէ եղածին պէս, իր ինքնուրոյն պատմումով: Թէեւ գրագէտ  չէր, բայց տիրացած էր մեր լեզուին: Ինծի ուղղած իր հարիւրէ աւելի նամակները դարձեալ աչքէ կ՛անցնեմ եւ կը հաստատեմ, որ անթերի ուղղագրութեամբ (ու գեղագրութեամբ), կենդանի ոճով գրուած էր էջերուն մէջ միշտ տիրական են առողջ դատողութիւնը եւ անճիգ շարահիւսութիւնը:

Ա. Անտոնեանի առաջարկին ընթացք չտուաւ Սողմոն: Տարիներ ետք, երբ յաջողեցաւ Եուկոսլաւիայէն դուրս ելլել եւ արտասահման ապաստանիլ, հետը բերած էր Վ. Մինախորեանի կողմէ խմբագրուած իր յուշերուն ստուար ձեռագիրը, զոր «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը լոյս ընծայեց Վահան Նաւասարդեանի յառաջաբանով:

«Վերյիշումներ»-ուն մէջ դատավարական իրադարձութիւնները լայնօրէն պարզուած են: Ի մասնաւորի` փաստաբաններու պաշտպանողականներուն ընթերցումով, ընթերցողը լիուլի գաղափար կը կազմէ, թէ ինչո՛ւ են ինչպէ՛ս անպարտ արձակուեցաւ Սողոմոն:

Արամ Անտոնեանի վերոյիշեալ վերնագրով հրատարակուած յուշագրութիւնը շահեկան է,  սակայն, իր լուսաբանութիւններով, մասնաւորապէս` դատավարութիւնը նախորդող շրջանի գործունէութեան մասին:

ԼԵՒՈՆ ԵՐԿԱՆԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞Նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Փառաշուք Տօնախմբութեամբ Յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 128-ամեակը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?