Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1969)

Յունուար 3, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանեան Պետութեան Խօսքը
ՀՄԸՄ-ի 50-ամեակին Առիթով

«Կը Մաղթեմ, Որ Անվարան Շարունակէք Ձեր Գործը», Կ՛ըսէ Տոքթ. Իսամ Հայտար

Ստորեւ կը ներկայացնենք Լիբանանի Կրթական նախարարութեան մարմնակրթանքի տնօրէն տոքթ. Իսամ Հայտարի խօսքը` ՀՄԸՄ¬ի յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 29¬ին, «Պիպլոս»¬ի ընդարձակ սրահին մէջ:

Յարգելի՛ հանդիսականներ,

Ես հրաւիրուած եմ ներկայ ըլլալու այս շքեղ հանդիսութեան, բայց կը տեսնեմ, որ ես հրաւիրեալ մը չեմ, այլ հանդէսը կազմակերպող Կեդրոնական վարչութենէն անդամ մը, ճիշդ բանաստեղծին ըսածին պէս.

«Ո՜վ հիւր, երբ մեզի այցելես,
Կը գտնես, որ մենք քու հետդ ենք կարծես»:

Որպէս պատասխանատու պաշտօնեայ, ՀՄԸՄ¬ը Լիբանանի մէջ ճանչցայ իբրեւ գործունեայ եւ լուրջ կազմակերպութիւն մը եւ անդամները` պարկեշտ, հեզ ու խոնարհ նկարագիրով անձինք:

Մարզական կեանքի մէջ, ՀՄԸՄ¬ը ճանչցայ եռանդուն, տոկուն եւ վերանորոգումի ոգիով տոգորուած խումբ մը: Խումբ մը, որ տիրական է մրցումներու մէջ, խումբ մը, որ կը կրթէ մարմին ու հոգի: Խումբ մը, որ իր անդամներուն կը ներշնչէ ինքնավստահութիւն, ներողամտութիւն եւ գեղեցիկ ոգի:

Ճանչցայ ՀՄԸՄ¬ը իբրեւ նուիրեալ միութիւն մը Լիբանանի ազգային վերելքին: ՀՄԸՄ¬ը է՛ նաեւ ընկերային եւ մշակութային մեծ կազմակերպութիւն մը:

Մարզական կեանքի մէջ, ՀՄԸՄ¬ը ամէն տեղ է, իր ներկայացուցիչները ունի ֆետերասիոնի բոլոր յանձնախումբերուն մէջ:

Յիսնամեակի այս շքեղ հանդիսութեան առիթով, կ՛ողջունեմ ու կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կը մաղթեմ, որ անվարան շարունակէք ձեր վսեմ գործը` յարաճուն վերելքով:

Լիբանանի մէջ միշտ զարկ պիտի տաք մարզական կեանքին, պիտի աշխատիք անոր ծաւալումին եւ վերելքին:

Լիբանանը հայ համայնքին գործօն մասնակցութիւնը տեսած է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Հանդիսութիւնը, զոր կը կատարենք, թող ըլլայ աշխատանքի մղիչ նոր ուժ:

Թշնամիին երէկուան վատ ու անարգ չարիքը, որ այստեղ դատապարտուեցաւ, կրնանք վանել միայն առողջ ու գիտակից երիտասարդութեան ուժով:

Ամէնքս գործունեայ մէկ միաւոր ենք, ամէնքս նուիրեալներն ենք հայրենիքին:

Զօրացնենք մեր շարքերը, ընենք զանոնք յաղթ ու ամրակուռ, որպէսզի ըմբերանենք ամէն չարիք եւ ճզմենք անիրաւ թշնամին:

Կը շնորհաւորեմ ձեզ, կեցցէ՛ Լիբանանը:

Հայաստան

Եղիշէ Չարենցի Կինը Երեւանի Մէջ

Հ. Գալստեան «Սովետական Հայաստան» թերթին մէջ կը գրէ.-

Ինչ երջանիկ պատեհութիւն: Նստած կը զրուցենք մեծ բանաստեղծին կեանքի ընկերուհիին` Իզապելային հետ: Կը յիշեցնենք 1932¬ի լուսանկար մը, սեղանի շուրջը` աջ կողմը Իզապելան է, ապա նստած է Չարենցը, Մ. Սարեանը, Մ. Մազմանեանը: Բոլորը բաժակ բարձրացուցած են` իրենց աչքերը ուղղած Իզապելային:

¬ Շատ լաւ կը յիշեմ այդ օրը,- կը պատասխանէ տիկին Իզապելան:- Հիւանդանոցէն տուն վերադառնալու օրն էր, երբ Չարենցը հրաւիրած էր իր բարեկամները: «Տե՛ս, Իզապելա,- անընդհատ կ՛ըսէ Չարենցը,- քու կենացդ կը խմենք»:

Արծաթուած են Իզապելայի մազերը, բայց աչքերուն մէջ` Չարենցի նկատմամբ ունեցած հաւատքն է ու կարօտը: Այդ կարօտը աւելի քան երեսուն տարի անոր սրտին մէջ վառ պահած է Չարենցի մեծ ու վսեմ կերպարը: Եւ ի՜նչ ոգեւորութեամբ, ի՜նչ սիրով ան կը պատմէ բանաստեղծին կեանքին կապուած մեծ ու փոքր մանրամասնութիւնները:

– Սիրելի՛ Իզապելա,- մտերմիկ կը հարցնենք,- ի՞նչպէս հանդիպեցաք Չարենցին:

Մեղմիկ կը ժպտի, ապա թաքուն երանութեամբ մը կը վերյիշէ.

– «1931-ի ամառն էր, երբ Մոսկուայէն եկած էի Երեւան: Երեկոյթի մը ատեն զիս ծանօթացուցին հռչակաւոր բանաստեղծին հետ: Ուշ երեկոյեան, տուն վերադառնալու ատեն, ցանկութիւն յայտնեց ուղեկցիլ ինծի: Երբ փողոց դուրս եկանք, հարցուց.

¬ «Դուք կը սիրէ՞ք բանաստեղծութիւնը:

– «Ի հարկէ կը սիրեմ:

– «Իսկ ամէնէն շատ զո՞վ կը սիրէք:

«Այն ատեն ես ռուս գրականութեան ծանօթ էի եւ տուի Պուշկինի անունը: Այս ալ առիթ եղաւ, որ Չարենց ռուսական հանճարի մասին դասախօսութիւններու հրապուրիչ շարքի մը սկսէր, որ շարունակուեցաւ յաջորդ հանդիպումներուն եւս: Զիս կը կախարդէր, այնքան լաւ եւ պարզ կը խօսէր, որ կարծես Պուշկինը նոր միայն յայտնաբերեցի: Չկրցայ պահել զարմանքս:

– «Դուք այնպէս կը խօսիք, կարծես Պուշկինի ժամանակ ապրած ըլլայիք:

¬ «Ի՞նչ կայ որ,- չեմ գիտեր լուրջ, թէ կատակով պատասխանեց ան,- գուցէ եւ ապրած եմ…»:

Այսպէս կը պատմէ Իզապելա Չարենցը: Կը պատմէ երկար, կը պատմէ գորովով: Ինչ դժուար, ինչ լաւ օրեր անցուցած է հանճարեղ բանաստեղծին հետ:

… Մոսկուայի գրական շրջանակները մեծարանքով ընդունեցին Չարենցի տիկնոջը: Հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւկին ծննդեան 70¬ամեակին նուիրուած Մոսկովեան յոբելենական հանդէսին, տիկ. Իզապելան թանկագին եւ մեծապատիւ հիւրն էր:

Ա. Միկոյեան սրտառուչ եւ երկարատեւ զրոյց ունեցաւ իր վաղեմի բարեկամուհիին հետ: Ան ողջունեց Իզապելայի մտադրութիւնը` վերաբնակելու հարազատ Երեւանի մէջ:

Եւ ահա, բանաստեղծին կինը հայրենի քաղաքին մէջ է: Հայաստանի կառավարութիւնը սիրով օժանդակեց անոր, հանգիստը անհրաժեշտ միջոցներով ապահովելու համար:

Տիկին Իզապելան այժմ կը բուժուի Երեւանի առաջնակարգ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այստեղ ալ, երբ անոր կ՛այցելեն բարեկամները, երբեք չի զլանար նոր դրուագներ եւ մանրամասնութիւններ պատմելու իր ամուսնոյն` մեծ Չարենցի կեանքի վերջին էջերէն:

Ա. Տատուրեանի Արխիւը

Վերջերս Լոնտոնէն Հայաստան ժամանած Ասատուր Կիւզէլեան Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին յանձնեց Ահարոն Տատուրեանի անձնական արխիւը: Բանաստեղծութիւններու վեց հատորներ կը պատկանին Ահարոն Տատուրեանի գրչին, որոնք տպագրուած են Փարիզի մէջ, 1937¬էն 1959¬ի միջեւ:

Թանգարանին յանձնուած նիւթերու շարքին են նաեւ հեղինակին ստեղծագործութիւններուն բնագրերը, մանկավարժական գործունէութեան վերաբերող փաստաթուղթեր, զեկուցումներ, ելոյթներ, անձնական վկայագրեր, նամակներու հարուստ հաւաքածոյ, որոնք հիմնականին մէջ, ուղղուած են հարազատներուն, հայ մտաւորականներուն եւ ծանօթներուն: Կը շօշափեն հեղինակի գործունէութեան վերաբերող հետաքրքրական տեղեկութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր անյայտ էին գրական շրջանակներուն:

Ահարոն Տատուրեանի արխիւը հարւստ է նաեւ հեղինակի ստացած ու գրած նամակներով, որոնց թիւը կը հասնի 850¬ի: Ստացուած նիւթերու հիման վրայ, գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպուեցաւ Ահարոն Տատուրեանի արխիւային ֆոնտը:

Ալեքսանդր Դոլուխանեանի Յիշատակին

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց ականաւոր երգահան Ալեքսանդր Դոլուխանեանի յիշատակը յաւերժացնել:

Երեւանի երաժշտական դպրոցը կոչուած է վաստակաւոր գործիչի անունով:

Մոսկուայի Նովոդիվիչէի գերեզմանատան մէջ, ուր  թաղուած է Ալեքսանդր Դոլուխանեան, պիտի կանգնեցուի յուշարձան մը:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՌԱՏԻՊ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ապառաժ»-Ի Խմբագրական. Վճռականութեան Եւ Նորանոր Յաջողութիւնների Ակնկալիքով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?