50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1969)
Հայրերու Տառապանքը Տեւաբար կը խօսուի նոր սերունդի դժգոհութեան մասին, եւ անոր հոգեկան տառապանքին զանազան երեսները կը ներկայացուին իբրեւ այդ դժգոհութեան իրաւացի պատճառները: Հանրային կարծիքը, ընդհանուր առմամբ, բարեացակամ է նորերուն հանդէպ, որովհետեւ նորահաս տունկերը միշտ ալ գուրգուրանքի եւ հոգածութեան կը կարօտին աճելու եւ ամրանալու համար: Եւ յետոյ, չէ՞ որ ապագան երիտասարդներունն է. չէ՞ որ անոնք միայն պիտի կրնան այս կեանքին տալ նոր շունչ եւ նոր ուղղութիւն: Ոչ ոք նկատի ունի, սակայն, հայրերուն տառապանքը: Չ՛արժե՞ր արդեօք երբեմն ալ հակիլ անոնց հոգին կրծող ցաւին վրայ եւ որոնել դարմանը: Նպատակս չէ խօսիլ հայրերու եւ որդիներու դասական պայքարի մասին: Սերունդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ դժգոհութեան...
Կարդալ ԱւելինDetails



