Խմբագրական
Վե՛րջ` Յիսնամեայ
Անարդարութեան
Տարեվերջի այս օրերուն, երբ ընդհանրապէս մարդիկ հաշուեփակի կը պատրաստուին, հեռաւոր Պաքուի խուլ բանտէն, ուր նետուած է աւելի քան տարիէ մը ի վեր, մարդ մը, հայ մարդ մը անակնկալօրէն կու գայ յիշեցնելու մեզի այն աղաղակող անարդարութիւնը, որուն ամէնէն դժբախտ զոհերէն մէկն է:
Ինչ որ կ՛ընէ Բենիկ Մովսիսեանը, իր նամակին մէջ, բացի զուտ անձնական եւ մարդկային իր տուայտանքներէն, հարազատ արտայայտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու, հոս թէ մայր հայրենիքի մէջ, ի տես ողբերգութեան մը, որուն ենթակայ են օտարի տիրապետութեան յանձնուած հայապատկան հողեր ու այդ հողերուն վրայ բնակող մեր հայրենակիցները:
Ղարաբաղի ողբերգութիւնը անուն չունի, բացատրութիւն չունի, բացի անկէ, որ եղբայրութիւնը, որուն անունով կը սիրեն խօսիլ խորհրդային իշխանութիւնները, բացարձակապէս միակողմանի է, աւելի ճիշդ` գոյութիւն չունի, մանաւանդ` Ազրպէյճանի համար, ուր տիրապետողը թրքական ծանօթ բարքերն են ու թաթարական նոյնքան ծանօթ տրամադրութիւններ:
Համայնավարութեան քողին տակ Ազրպէյճանի եղբա՜յր հանրապետութիւնը կը գործադրէ ազգայնամոլ քաղաքականութիւն մը, որ ծնունդ կ՛առնէ հայութեան հանդէպ այդ երկրի ժողովուրդին առհաւական թշնամութենէն: Համայնավարութիւնը, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան իր լոզունգներով, ժողովուրդներու միասնականութեան իր յիսնամեայ քարոզչութեամբ, դոյզն չափով մը իսկ չկրցաւ մեղմել այդ թշնամութիւնը, որ ընդհակառակն, ամէն օր քիչ մը աւելի սաստկացաւ, երբ հայութիւնը արդարութիւն պահանջողի իր ձայնը ուզեց լսելի դարձնել, ամէն անգամ որ հնարաւորութիւն ունեցաւ:
«Ինչո՞ւ է հայ եւ ազրպէյճանական ժողովուրդների բարեկամութիւնը ամրապնդելու փորձ է կատարւում հայկական հողերն ու գիւղերը Ազրպէյճանին տրուելու միջոցով». արդեօ՞ք անոր համար, որ մենք «անտէր ենք ու անպաշտպան, հաւատարիմ ու անբախտ», հարց կու տայ Մովսիսեանը:
Իրողական կացութեան մը թելադրանքը եղող տրամաբանական եզրակացութիւն` ասիկա, որուն սակայն կը մերժենք հաւատալ, կը մերժէ հաւատալ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ իր Դատին արդարութեան գիտակցութեան հետ ունի նաեւ այդ Դատը անընկճելի կամքով հետապնդելու ուժն ու կորովը:
Խորհրդային Միութիւնը իր մեղրածորան խոստումները չկրցաւ կամ չուզեց գործի վերածել զինք բաղկացնող ժողովուրդներուն ազգային հարցերուն լուծման գծով: Լայնածաւալ կայսրութեան հարաւային սահմաններուն վրայ, մեր հայրենիքը, հակառակ բոլոր տեսակի իր նուաճումներուն, որոնց դիմաց նպաստաւորուած ժողովուրդներ պարզապէս մնացին հոն, ուր որ էին, յիսուն տարի շարունակ նկատուեցաւ «աղքատ ազգականը» խորհրդային ժողովուրդներու հարո՜ւստ ընտանիքին:
Ժամանակը եկած է այլեւս, որ վերջ գտնէ յիսնամեայ այս անարդարութիւնը: Թէ ի՛նչ ձեւով` Մոսկուան, որ յաճախ միջազգային վէճերու համար լուծումներ կ՛առաջարկէ, անպայման որ միջոցը կը գտնէ նաեւ հաշտեցնելու ազրպէյճանական իր մտահոգութիւնները հայկական պահանջներուն հետ: Կարեւորը բարեացակամութիւնն է: Այդ Բարեացակամութիւնը պակսեցաւ ցարդ, պէտք չէ պակսի այսուհետեւ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ՀԵՏ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻՆ: Ըսած ենք ու կը կրկնենք: Մեր հողերուն կապակցութեամբ, հայութիւնը մէկ մարդու պէս կը մտածէ: Համայնավար հայը, դաշնակցական հայը, արտասահմանի հայը, հայրենիքի հայը: Տարբեր չի կրնար ըլլալ: Կարծեցեալ տարակարծութիւններու վրայ յոյս դնողները պէտք է հասկցած ըլլան ցարդ այս ճշմարտութիւնը, որ ազգային ընդհանրական մտածումներու եւ ապրումներու արդիւնք է եւ ոչ թէ` պարագայական դիրքորոշումներու:
Հայութիւնը այլեւս չի կրնար հանդուրժել Ղարաբաղի նախատինքին: Եթէ միջազգային բարդ խնդիրներ տակաւին անլոյծ կը պահեն թրքական տիրապետութեան ենթակայ մեր հողերուն խնդիրը, ոչ մէկ խոչընդոտ հասկնալի եւ ընդունելի կրնայ ըլլալ, երբ հարցը կը վերաբերի ներքին սրբագրութիւններու:
Հայութիւնը, ամբողջականօրէն, պահանջատէր է իր հողերուն: Ո՛չ տարիները եւ ո՛չ ալ կամայական կարգադրութիւններ կրնան հայկական կնիքը վերցնել անոնց վրայէն: Ինչ որ դարերը եւ պատմութիւնը նուիրագործած են, տարիները չեն կրնար ջնջել, ո՛չ ալ վարչակարգերը, որոնք ի վերջոյ ժամանակաւոր են:
Այս համոզումը արմատացած է իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ համոզումէն կը ստանայ իր ուժը` համբերելու եւ տոկալու, յուսալու եւ պայքարելու, մինչեւ որ հնչէ արդարութեան ժամը, ու եղբայրութիւնը այլեւս դադրի սնամէջ բառ մը ըլլալէ` պատասխանատուներու բերնին մէջ:
Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնանք ըսել: Իսկ թէ ի՛նչ ապրում ունեցաւ հայ մարդը` ի լուր Մովսիսեաններու ողբերգութեան, այդ արդէն արտայայտութեան չի կարօտիր:
Մեծ ցաւերը անոնք են, զորս մարդիկ լուռ կը տանին:
 
			