ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի Փառահեղ
Տօնակատարութիւնը
Յովհաննէս Շահինեան Պարգեւատրուեցաւ
Լիբանանեան Մայրիներու Ասպետի Շքանշանով
Բարձր հովանաւորութեամբ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախաձեռնութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 29 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին «Պիպլոս»-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութիւնը:
Ներկայ էին` վեհափառ հայրապետը, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքը, վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանը, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, պետական ներկայացուցիչ տոքթ. Իսամ Հայտարը, հրաւիրեալներ եւ երեւելի ազգայիններ: Խուռներամ բազմութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը:
Հանդէսը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքը կատարեց Շրջ. վարչութեան կողմէ տոքթ. Միսաք Արզումանեանը: Նախ դատապարտութեան խօսք ուղղեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին վրայ կատարուած իսրայէլեան անարգ եւ ոճրային յարձակման համար: Յայտնեց, թէ ներկայ ժողովուրդին անունով բողոքի հեռագիր մը պիտի ուղարկուի: Այնուհետեւ տոքթ. Արզումանեան ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով կատարած դերը անցնող 50 տարիներու ընթացքին` Լիբանանի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի: Հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու: ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն եւ անդարձ մեկնողներուն յիշատակը: Ապա կոչ ուղղեց ՀՄԸՄ-ականներուն` վերանորոգել իրենց մի՛շտ պատրաստ մնալու ուխտը:
Ծիա Կէօվճելեան տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ եւ խոր ապրումով արտասանեց Մ. Իշխանի «Երգ շքերթ»-ին:
Օրուան առաջին բանախօս բանաստեղծ Մ. Իշխան խօսեցաւ բովանդակալից ճառ մը:
Հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակը` ՀՄԸՄ, ըսաւ Մ. Իշխան, մեզի կը ներկայանայ յիսուն տարիներու վաստակաշատ անցեալով եւ դէպի գալիքը արշաւող նոր նուաճումներու ուխտադրութեամբ: ՀՄԸՄ-ի խորհրդանիշներէն մէկն է մեր ցեղային յարութեան, որ տարուէ տարի աճեցաւ, զօրացաւ եւ դարձաւ համատարած ցնծութեան աղբիւր: Ան շատ աւելի է, քան` պարզ մարզական միութիւն մը: 1918-ին, ՀՄԸՄ-ի կեանքի կոչուիլը Վահագնի ծնունդին պէս բան մըն էր, հրաշալի ու խորհրդաւոր: Մեծ եղեռնի մոխիրներէն վերածնող ազգի մը ապրելու կամքին մարմնաւորումն էր, մեր հազարամեայ պատմութեան ոգին, մեր ազգային առաքինութիւններուն հրաշալիքը: Իր ծնունդին չափ զարմանալի եղան նաեւ անոր աճումը եւ տարածումը: ՀՄԸՄ մարմնակրթանքն ու մարզախաղը հայացուց: Իր մարզիկներուն տուաւ ազգային ոգի:
Մ. Իշխան վերլուծելէ ետք «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը եւ «սկաուտ» բառը, որ փոխարինուեցաւ արմենական արիւնէն փրթած «արի» բառով, ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի բանակը անփոխարինելի տեղ մը կը գրաւէ այսօր մեր իրականութեան մէջ: Վերցուցէք զայն եւ տեսէք, թէ ի՛նչ մեծ բաց մը պիտի գոյանայ: ՀՄԸՄ հանդիսացաւ նաեւ կրթական եւ կրթիչ միութիւն մը: Հայութեան համար եղաւ իսկապէս ընդհանուր միութիւն եւ ՀՄԸՄ-ի բազմահազար անդամները իսկապէս դարձաւ իրարու եղբայր: Մ. Իշխան բանաստեղծաշունչ ոճով յայտնեց, որ ներկայ խուռներամ ժողովուրդը եկած է տօնելու իր սիրեցեալ զաւկին յիսնամեայ տարեդարձը` վերանորոգելու համար իր խոր հաւատքն ու վստահութիւնը: Եկած է նաեւ ըսելու, ուզէ` ինչ որ կը ցանկաս, բայց քու դերդ եւ պարտականութիւններդ դեռ չեն վերջացած: Նոր ճիգ, նոր աշխատանք եւ նոր նուաճումներ պիտի կատարես, մինչեւ որ իրականանայ հայութեան մեծ իտէալը: Բուռն ծափերու արժանացաւ:
Մարի Փելթեքեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Միշել Չեսքինոֆի, ապրումով մեներգեց Կանաչեանի «Ալ վարդի երազը» եւ Կոտոյեանի «Ինձ ես կանչում, Երեւան» բուռն ծափերու արժանանալով:
Շրջ. վարչութեան կողմէ արաբերէն ուղերձ կարդաց Հրանդ Մուրատեանը: Ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութիւնը Լիբանանի մէջ, որ իր 6 մասնաճիւղերով եւ 3000 անդամներով Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ կը գրաւէ առաջնակարգ դիրք մը` ըլլա՛յ կազմակերպութեամբ, ըլլա՛յ եռանդուն գործունէութեամբ: Կազմած է առանցքը մարզական եւ սկաուտական բոլոր շարժումներուն` միշտ Լիբանանի անունը բարձր պահելու նախանձախնդրութեամբ:
Տեղի ունեցաւ լուսապատկերներու ցուցադրութիւն: Խաչիկ Արարատեան յաղթաշունչ արտասանութեամբ յաջորդաբար ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի զինանշանը, հիմնադիրներ` Քրիսեանը, Յակոբեանը, Հինդլեանը, ՀՄԸՄ-ի մարզական բոլոր տեսակի խումբերը, տողանցքները, որոնք արժանացան երկարատեւ ծափերու:
Ողջոյնի խօսքը կատարեց կրթական նախարարութեան մարզական բաժնի տնօրէն Իսամ Հայտարը:
«Իբրեւ հիւր հրաւիրուեցայ, սակայն ինքզինքս կը նկատեմ այս հանդէսը կազմակերպողներէն մէկը,- ըսաւ տոքթ. Հայտարը:- Կը ճանչնամ ՀՄԸՄ-ը, ծանօթ եմ անոր գործունէութեան բոլոր երեսներուն, ծանօթ եմ անոր բոլոր ղեկավարներուն եւ գիտեմ, թէ ինչպիսի՛ մաքուր ոգիով գործած են ու աշխատած: Կը գնահատեմ այդ գործը»:
Տոքթ. Հայտար անդրադարձաւ նաեւ թշնամիին անարգ յարձակումին: Ըսաւ, որ բոլորս միասին ձեռք-ձեռքի տուած պիտի աշխատինք ձախողեցնել թշնամիին նպատակները:
Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Իսամ Հայտար, խանդավառ ծափերու տակ, յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, լիբանանեան Մայրիներու ասպետի շքանշանով պարգեւատրեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեանը` լիբանանեան մարզական կեանքին մէջ անոր կատարած ծառայութիւններուն համար: Ապա ողջագուրումով շնորհաւորեց Յ. Շահինեանը` Լիբանանի մարզական միութիւններուն կողմէ եւ անձնապէս:
Յ. Շահինեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց: Յայտնեց, որ իր անձին եղած այս պատիւն ու տրուած շքանշանը կ՛երթան ՀՄԸՄ-ին, որուն յիսնամեակը կը տօնենք այսօր: ՀՄԸՄ ճառագայթաւոր հոմանիշը եղաւ կարգապահութեան, հնազանդութեան եւ ծառայութեան: Պատրաստեց կորովի, չարքաշ, հայրենասէր եւ ազգասէր տիպար քաղաքացիներ, ամէնուրեք, իր ապրած եւ հպատակած երկիրներուն: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին, որոնք ամէն ատեն բերին իրենց անվերապահ աջակցութիւնը եւ նպաստը ՀՄԸՄ-ի բարգաւաճման: Երկրորդ յիսնամեակի սեմին կը նորոգենք մեր ուխտը` շարունակելու համար գործը, միշտ նշանաբան ունենալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը:
Սիրուած երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեանը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Չեսքինոֆի, ինքնայատուկ գրաւչութեամբ մեներգեց Դոլուխանեանի «Աղջիկը» եւ Այվազեանի «Հայաստան»-ը: Խանդավառ ծափեր խլեց:
Օրուան երկրորդ բանախօս տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը ազգայնաշունչ ճառով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի ոգին եւ դերը:
Նախ վերլուծեց ՀՄԸՄ-ի մարզական դիմագիծը: Ապա նշեց ազգային դիմագիծը: Շահուած մրցումները կը ներկայացնեն ազգային հպարտութիւն: Եկած ենք հոս պատուոյ նշան մը կախելու ՀՄԸՄ-Ի 50-ամեայ բոլոր յաղթանակներուն համար:
Գտնելու համար գաղտնիքը ՀՄԸՄ-ի ունեցած ժողովրդականութեան` տոքթ. Փափազեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան օրերը: 1915-1918 հայ ժողովուրդը կը կոտորուէր: ՀՄԸՄ-ի ծնունդին ամայութիւն կար, թափառող հայութիւն կար, որբեր կային, եւ հայ ժողովուրդը ծնունդ կու տար ՀՄԸՄ-ին: ՀՄԸՄ այդ տարիներուն 1500 գաղթականներուն օգնութիւն կատարեց: Իսկական կոչումը ա՛յս է հայ բոլոր միութիւններուն: Անոնք պէտք է գործեն ըստ կարիքի: Բարձրանալ, բարձրացնելը` Պետրոս Ատրունիի բերնով, եղաւ հայ ժողովուրդի նշանաբանը: Եւ հայ ժողովուրդը տուաւ իր հզօրագոյն պատասխանը: Հայաստանի կրթութեան նախարար Ն. Աղբալեան ըսած էր, մէջբերաւ տոքթ. Փափազեան. «ՀՄԸՄ-ը ըմբռնելու համար համազգային բարձր գիտակցութիւն պէտք է»: Ազգերը կը մնան իրենց մշակոյթով: Ստեղծագործական, ազգային ոգիով շահուած պէտք է ըլլան յաղթանակները: Ազգային նկարագիր է պէտք, եւ ՀՄԸՄ որդեգրեց այդ նկարագիրը` իր դրօշակը ըլլալով ազգային դրօշակ: ՀՄԸՄ-ի ոգին բոլորինն է, հայոց պատմութեանն է, հայոց պատմութեան կ՛երթայ:
Յոբելեանները գնահատանքի արտայայտութիւններ են եւ սակայն պարտաւորութիւններ ալ կան: ՀՄԸՄ պարտաւորուած է իր վերանորոգուած ուխտին ներքին իմաստով ընթանալու: Մագլցիլ հայ ժողովուրդին պէս լեռներն ի վեր, բարձրանալ եւ բարձրացնել, հասնիլ եւ հասցնել հայ ժողովուրդը բարձրաբերձ գագաթներ:
Տոքթ. Փափազեանի հայրենաշունչ եւ տպաւորիչ բանախօսութիւնը, զոր ներկայացուցինք սեղմ գիծերու մէջ, արժանացաւ բուռն եւ երկարատեւ ծափերու:
Օրհնութեան խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը: Իր սրտալից օրհնութիւններն ու ջերմագին շնորհակալութիւնները յայտնելէ ետք Շրջ. վարչութեան, նշեց, որ սփիւռքի տարածքին ժողովուրդը կարիքը ունի պաշտպանուելու ձուլման վտանգին դէմ, ապազգայնացման աղէտին դէմ եւ այլասերման չարիքին դէմ: ՀՄԸՄ` իբրեւ մեծագոյն եւ տարածուն միութիւն, մեր իրականութեան մէջ անցեալ 50 տարիներու ընթացքին լաւագոյնս ջանաց կատարել իր պարտականութիւնը եւ կոչումը` հանդէպ հայ ժողովուրդին: Ան ամէնուրեք, բոլոր գաղութներու մէջ ծնունդ տուաւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն, հովանաւորը եղաւ մեր երիտասարդ եւ պատանի սերունդներուն` առաջնորդելու համար զանոնք մինչեւ ինքնիշխան եւ ամբողջական հայրենիքի իրականացումը: Պատի՛ւ ՀՄԸՄ-ին` անոր 50 տարիներու ազգանուէր մեծ ծառայութեան համար: Յաւէտ ապրի ՀՄԸՄ-ը եւ անոր ծնունդ տուող հայ ժողովուրդը: Իր խօսքի աւարտին վեհափառը օրհնութեան խօսք ուղղեց լիբանանեան գեղեցիկ հայրենիքին եւ ժողովուրդին եւ նախագահ Շարլ Հելուին:
Բուռն ծափերէ ետք յիսնամեակի այս փառահեղ հանդէսը վերջ գտաւ ներկաներու յոտնկայս խմբերգած «Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ով:
Պատուոյ հիւրերը հանդիսավայր իրենց մուտքին եւ ելքին արժանացան ոստիկան զօրաց ջոկատի մը եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն զինուորական պատիւներուն:
Ծաղկեփունջեր ուղարկած էին Համազգայինի Կեդր. վարչութիւնը, «Ն. Փալանճեան» ճեմարանը, Ազգային Ս. Խանամիրեան, Սոֆիա Յակոբեան քոլեճները, «Աբգարեան», «Գասարճեան» վարժարանները եւ «Աղբալեան» կոմիտէն:
