Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1969)

Յունուար 5, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրաշալի Ծնունդ

Այս տարի քրիստոնեայ մարդկութիւնը տօնեց իսկապէս հրաշալի Ծնունդ մը: Հրաշալի` Աստուածորդւոյն ծնունդը աւետող զանգերու բազմադարեան ղօղանջով, որ ամէն տարի աշխարհին կը բերէ սիրոյ եւ հաշտութեան պատգամը: Հրաշալի` այդ զանգերուն հետ անջրպետի նուաճումը աւետող մարդուն յաղթանակով:

Ասկէ քսան դար առաջ աղքատիկ մսուրի մը մէջ իջաւ երկինքի յաւիտենական Լոյսը եւ ապա իր մարդացեալ կերպարանքով շրջեցաւ աշխարհի վրայ: Քարոզեց ճշմարտութիւնը, ցոյց տուաւ արքայութեան ճամբան, աւետարանեց հոգիներու փրկութիւնը, ապա կրկին լոյս դարձաւ:

Քսան դար ետք, մարդկութեան երեք ներկայացուցիչներ, աստղանաւու մը մէջ նստած, վեր սլացան դէպի երկինք, անօրինակ խիզախութեամբ մը դարձան լուսնին շուրջ եւ երկիր վերադարձան: Ամբողջ աշխարհ շունչը բռնած` հետեւեցաւ այս շշմեցնող երեւոյթին, որ արդարօրէն կոչուեցաւ գիտութեան մեծ յաղթանակը:

Ի՞նչ կապ կայ, սակայն, երկու հազար տարիներու անջրպետով մը իրարու կամարուող այս դէպքերուն միջեւ:

Առաջին ակնարկով` ո՛չ մէկ կապ, այլ` պարզ զուգադիպութիւն: Այսուհանդերձ, անոնք մեր աչքին կը պարզեն մարդկային խորագոյն ձգտումներուն երկու տարբեր երեսները: Երկուքն ալ հոմանիշ են նուաճումներու, մարդ արարածի բարձրացման եւ երջանկութեան որոնումին:

Երկուքին միջեւ հիմնական տարբերութիւն մը կայ անշուշտ, թէեւ մարդ մէկ ամբողջութիւն է իր բնութեամբ, մէկ եւ անբաժանելի:

Քսան դար առաջ Քրիստոս խօսեցաւ հոգիներու  անջրպետը գրաւելու մասին եւ սքանչելի պարզութեամբ ցոյց տուաւ այն ճամբան, ուրկէ կարելի էր նուաճել հոգեկան միջոցը. սիրեցէք իրար:

Կը բաւէր, որ մարդ սիրէր ընկերը իր անձին պէս, կը բաւէր, որ ուրիշին ընէր այն, ինչ որ կը փափաքէր իր անձին համար, կը բաւէր, որ մարդ չատէր իր թշնամին եւ ահա հոգիներու անդունդը պիտի լեցուէր լոյսով, պիտի յորդէր կեանքի տաք ալիքով:

Շատ դիւրին եւ շատ պարզ երեւցող այս պատգամը քսան դարէ ի վեր կը մնայ միայն գեղեցիկ խօսք եւ մեռեալ տառ: Մարդիկ զայն կը սերտեն տեւաբար, կը պաշտեն անոր հեղինակը, ամէն տարի կը տօնեն անոր ծնունդն ու յարութիւնը, բայց չեն յաջողիր այսքան բացայայտ ճշմարտութիւն մը կեանքի կոչել: Այս պատճառով ալ աննուաճելի կը մնայ մարդկային հոգիի մռայլ անջրպետը:

Մինչդեռ շա՜տ աւելի դժուարին կարծուող անջրպետանաւերու թռիչքը յաջողութեամբ կը պսակուի ահա` նիւթական միջոցներու անհո՜ւն զոհաբերութեամբ:

Իրականութեան տուեալներուն առջեւ ո՞վ կրնայ ճշդել հիմա, թէ ո՛ր թռիչքն է իսկապէս դժուարինը:

Փաստերը աւելի պերճախօս են սակայն: Փաստերը կը վկայեն, որ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ այսօր հոգիներու անջրպետին մէջ ո՛չ մէկ յառաջխաղացք գոյութիւն ունի: Նոյն ատելութիւնն է, որ թնդանօթներու բերնով կը գոռայ եւ աւեր կը սփռէ չորս դին: Նոյն զրահապատ Ես-երն են, որ սուգի կը մատնեն աշխարհի այս կամ այն մասը:

Մէկ կողմէ ծափ ու ցնծութիւն` թռչող մարդոց փառքին համար, միւս կողմէ արիւն եւ արցունք` ատելավառ մարդոց վայրագութեան պատճառով:

Այո՛, մեծ դարու մէջ կ՛ապրինք: Աննախընթաց են ձեռք բերուած յաջողութիւնները գիտութեան եւ թեքնիքի մարզին մէջ: Ականատես կ՛ըլլանք ցնորական, հեքիաթային երեւոյթներու:

Երէկ երկրագունդի վրայ մարդս կը ճամբորդէր էշով ու ջորիով, դանդաղ` ինչպէս կրիան: Ովկիանոսները անանցանելի տարտարոսներ կը թուէին ըլլալ եւ բարձրադիր լեռները` խորհրդալի աշխարհներ:

Այսօր ովկիանոսները ափ մը ջուր են, եւ լեռները խոնարհ գաճաճներ` արագասոյր օդանաւերու թեւին տակ:

Լուսինը արծաթափայլ երազ էր, ներշնչումներու երկնային դիցուհի: Այսօր աւազի եւ փոշիի տխուր անապատ մըն է ան` աստղանաւորդներու լուսանկարչական մեքենային առջեւ:

Այս յաջողութիւնները հարբեցնող եւ զգլխիչ հմայք մը ունին անկասկած: Գիտութիւնը իր թեքնիքով, մարդը իր ճարտարութեամբ եւ խիզախութեամբ արժանի են ծափի եւ դափնեպսակի:

Բայց ճիշդ ժամանակն է կարծես ինքնագոհ այս սերունդը կեցնելու իր յաղթանակի ցնծութեան մէջ եւ ըսելու.

«Դո՛ւն, որ երկրի ձգողութենէն վեր կրցար բարձրանալ եւ հասար լուսնին, դո՛ւն, որ կը ծրագրես վաղը գրաւել նաեւ լուսինը եւ ապա հասնիլ ուրիշ աստղերու, դո՛ւն, որ հպարտ ես անջրպետի քու փառահեղ նուաճումներովդ, ի՞նչ յաղթանակ կրցած ես տանիլ բարոյական աշխարհի վերելքիդ մէջ»:

– Սիրեցէք իրար…

Աւելի անհաս բարձունք մը, քան` աստղանաւորդներու կտրած ճամբան, աւելի դժուարին հերոսութիւն մը, քան` միջոցի ճամբորդներուն առաքելութիւնը:

Քսան դար սպասեցինք, որ լուսինը նուաճուի. դեռ քանի՞ դար պիտի սպասենք արդեօք, որ մարդոց հոգիներուն փակ անջրպետը բացուի սիրոյ աստղանաւին առջեւ:

Եթէ գիտութիւնը իր զոհերը եւ իր հերոսները ունեցաւ, Քրիստոսի քարոզած մեծագործութիւնն ալ ունեցաւ իր անհամար զոհերը, նահատակները, սուրբերը, ճգնաւորները, առաքեալները: Այսօր ալ, բարեբախտաբար, կան անանուն եւ խոնարհ հերոսներ, որոնք սիրոյ եւ հաճութեան թագաւորութիւնը հաստատելու համար պատրաստ են իրենց կեանքը տալու: Անոնց արժանիքը նուազ չէ, քան` տիեզերագնացներուն զոհողութեան ոգին:

Եւ սակայն տարածութիւնները կը գրաւուին, բայց հոգիներու անջրպետը անանցանելի կը մնայ այս աշխարհիս երեսին:

Իրական հրաշալիքը պիտի գայ այն ատեն միայն, երբ Ծնունդի զանգերը աւետեն սիրոյ ճառագայթումը բոլո՜ր մարդոց հոգիներու անջրպետին մէջ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երկրագունդը Պահպանելու Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?