Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 31, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Նոր Յոյսերու Ուղիով

Քանի մը ժամէն հին տարին պիտի երթայ կորսուիլ անհունին մէջ ժամանակներուն, եւ արշալոյսի առաջին շողերուն հետ պիտի ողջունենք նորը, որ պիտի գայ նո՛ր յոյսերով, նորին գեղեցկութեամբ եւ նորին հրապոյրով:

Անցնող տարիէն պիտի մնայ այն, ինչ որ մարդը, իր անհատական կեանքին մէջ, ու ազգերը` հաւաքական, իրագործած են իբրեւ գործ դրական, իբրեւ արժէք անկորնչելի` պատմութեան մատեաններուն մէջ արձանագրուելու երեւոյթ արժանի:

Պատմութիւն եւ յիշատակ դառնալէ առաջ, 1968 նոր հորիզոններու կարելիութիւնը բացաւ մարդկութեան առջեւ: Գիտութեան հրաշալիքներուն եւ անոնց մղում տուող մարդ էակի հանճարին առջեւ սահմանները անօրինակ եւ աննախընթաց թափով մը ընդարձակուեցան հասնելու համար մինչեւ աստղերը երկնային, որոնց ներդաշնակ հոլովոյթին ի տես` մարդը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ապրած է խորհուրդը բացարձակ ուժի մը, գերահրաշ զօրութեան մը, որ վախի եւ հիասքանչ երկիւղածութեան մէջ պահած է շարունակ «եղէգները մտածող»:

Երկրային վէճերն ու բարդութիւնները աստիճան մը աւելի խորացան թէեւ, մարդու իրաւունքները մնացին հանդիսաւոր յայտարարութիւններու մէջ արձանագրուած խօսք միայն, զօրաւորին սուրը դարձեալ նոյնքան հատու եղաւ, որքան` անցեալին, տկարները շարունակեցին գեղեցիկ երազներով օրօրուիլ, բայց զգալիօրէն բան մը փոխուեցաւ կարծէք, անհպելի, անտեսանելի բան մը, որ վաղը կրնայ նոր յոյսերու ճամբան բանալ եւ ուղղութիւն տալ աննախընթաց իրագործումներու:

Հայ ժողովուրդը` անխոնջ ուղեւորը անմահութեան ճամբաներուն, ինքնուրոյն դիմագծովը ցեղային իր առհաւական ժառանգութիւններուն, քալեց ազգերու մեծ ընտանիքին հետ, անոր պէս ու գուցէ բոլորէն աւելի ենթակայ փորձութեանց եւ դժուարութիւններու:

Տարի մըն ալ անցաւ ի սփիւռս աշխարհի ցանուցիր ժողովուրդի մը զաւակներուն վրայէն, բայց` ո՛չ սովորական տարի մը, որովհետեւ վերջին տասներկու ամիսներու հեւքին մէջ արձանագրուեցան պատմակշիռ երեւոյթներ, որոնք անկիւնադարձի արժէք ունին եւ պատմութեան էջերուն մէջ սահմանուած են նոր գլուխ մը բանալու:

Ինչ որ անցեալի մայիսին տեղի ունեցաւ մեր հայրենիքին մէջ, երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուէր նոր ժամանակներու Աւարայրեան դիւցազնամարտին եւ իր վերագտնուած պետականութեան յիսնամեակը տօնելու, իբրեւ աննախընթաց երեւոյթ, կու գայ ցոյց տալու, թէ մեր կեանքը մտած կը թուի ըլլալ իր բնականոն հունին մէջ, ու պատմութեան ձայնը սկսած է տիրականօրէն լսելի դառնալ բոլորին, այսօր մասամբ, բայց վաղը, ապահովաբար, իր ամբողջական իմաստութեամբ ու թելադրանքներով:

Բան մը փոխուած է հայ կեանքին մէջ ու այդ փոփոխութիւնը միայն  ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի, որովհետեւ մեր դերին ու կոչումին ամբողջական գիտակցութեամբ կրնանք բարձրաճակատ յայտարարել, թէ մեր դրական եւ շինիչ բաժինը ունեցած ենք այդ հոգեկան բարեշրջումին մէջ:

Այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ, ուժերու ցրւումին, մեր հնարաւորութեանց վատնումին եւ կեանքի ելեւէջներուն մէջ փրփուր դառնալու սահմանուած ընթացիկ եւ անարժէք վէճերուն դէմ պայքարի ճակատ յարդարած է հայութիւնը, որ իր փորձառութեամբ եւ դարաւոր իմաստութեամբ, կը ձգտի մարմին տալ ամբողջականութեան գաղափարին` ի խնդիր վաղուան մեր պայքարներուն:

Նոր տարին պէտք է նոր թափ տայ միասնականութեան մեր ճիգերուն: Դատը, զոր կը հետապնդենք, մեր բոլորինն է. հայրենիքը, որուն համար կը տագնապինք եւ որուն նուաճումներով կը խանդավառուինք, կը պատկանի իր բոլոր զաւակներուն, անոնց` մանաւանդ, որոնք իրենց կեանքով ու գործով արժանի կը հանդիսանան հարստութիւններու ամէնէն թանկագինին, որ միայն հող ու ջուր չէ, ոգի է, ներքին ապրում, պատմութիւն, անցեալի փառք ու վաղուան տեսիլք:

Մեր պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար ժամավաճառութիւնը ծանրագոյնն է յանցանքներուն: Մարդկութեան արագավազ  ընթացքին մէջ` վա՜յ ետ մնացողներուն, վա՜յ անոնց, որ չունին կարողութիւնը ժամանակներու ոգին ըմբռնելու եւ տակաւին կը յամենան դիրքերու վրայ, որոնք ո՛չ անհատը կրնան պաշտպանել եւ ո՛չ ալ հաւաքականութիւնները:

Տօնական օրերու ցնծութեան եւ տակաւ տժգունող յիշատակներու քաղցրութեան մէջ հայ մարդը անգամ մը եւս պիտի ուխտէ հաւատարիմ մնալ իր պատմութեան, այդ պատմութենէն եկող անխախտ արժէքներուն, որոնք ոտքի պահած են արի արանց զաւակները արմենական ցեղին:

Այս հաւատքով եւ այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք Նոր տարին` արդիւնաւէտ աշխատանքի եւ համահայկական նուաճումներու մաղթանքով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Առողջապահական Յանձնախումբ. Տոքթ. Էտի Րագուպեան Ներկայացուց «Տարեկան Անհրաժեշտ Տարրալուծարանային Քննութիւններ» Նիւթը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?