Մամլոյ Ասուլիս
ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակին Առիթով
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, երէկ` երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը:
Հրաւիրուած էին Լիբանանի արաբատառ, ֆրանսատառ եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչները:
Ներկայ էին` ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամները, արաբատառ եւ ֆրանսատառ ամէնէն տարածուն թերթերու, «Արարատ», «Այգ» եւ «Ազդակ» օրաթերթերու ներկայացուցիչները, ՊԷյրութի եւ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններու եւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդի անդամները:
Ախորժաբերէն ետք ասուլիսին բացումը կատարեց Մերձ. Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեանը: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց զանոնք ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակին առիթով, կիրակի, 29 դեկտեմբերին «Պիպլոս» սրահին մէջ տեղի ունենալիք հանդէսին, ուր լայնօրէն պիտի ներկայացուի ՀՄԸՄ-ի յիսնամեայ արդիւնաշատ գործունէութիւնը:
Շրջ. վարչութեան անդամ Ժոզեֆ Նալպանտեանը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի յիսուն տարիներու ընթացքին կատարած գործունէութիւնը ամէնուրեք, եւ ի մասնաւորի` Լիբանանի մէջ, ուր կը գործեն վեց մասնաճիւղեր` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Թրիփոլիի, Ժունիէի, Զահլէի եւ Այնճարի մէջ: Ապա պատասխանելով մամուլի ներկայացուցիչներուն ուղղած հարցումներուն Ժ. Նալպանտեանը տուաւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններն ու տեղեկութիւնները ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու կազմերուն, գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին:
Խօսք տրուեցաւ պատկերասփիւռի արաբական բաժնի մարզական տեղեկատու եւ «Հայաթ Ռիատի» թերթի տէր եւ տնօրէն Նասիֆ Մաժտալանիին: Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ի կատարած դերին մասին մեծ գովեստով արտայայտուեցաւ Մաժտալանի: Յատկապէս ընդգծեց, որ 1924-էն ի վեր ՀՄԸՄ-ի հետ զուգահեռ գործող մարզական հռչակաւոր ակումբներ, ինչպէս` Իւնիոն սփորթիւ, Ռընեսանս եւ ուրիշներ, այսօր դադրած են գոյութիւն ունենալէ, մինչդեռ ՀՄԸՄ ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլեւ դարձած է Լիբանանին պատիւ բերող բազմաճիւղ մարզական մեծ կազմակերպութիւն մը:
Ասուլիսէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան ճաշկերոյթի: Ստեղծուած մտերիմ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ Ժոզեֆ Նալպանտեան խօսք տուաւ պատկերասփիւռի ֆրանսական բաժնի մարզական տեղեկատու եւ «Օսսիւ»-ի տնօրէն Վիքթոր Պերսենին: Պերսեն յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը ճանչցած է պատանի տարիքին, Դամասկոսի մէջ, ուր ներկայ կ՛ըլլար ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի հռչակաւոր խումբին մրցումներուն: Թուեց Դամասկոսի եւ Պէյրութի անուանի մարզիկները: Գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կատարած դերին մասին:
Խօսք առին նաեւ` «Էլ Եովմ» թերթի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Հարտանը, «Շահլա» թերթի ներկայացուցիչ Ժեմիլ Շելալան, «Նահար» թերթի ներկայացուցիչ Խալիլ Նահասը: Ընդգծեցին ՀՄԸՄ-ի յարատեւ վերելքը, շքեղ նուաճումները եւ, յատկապէս, անոր վարիչներուն եւ մարզիկներուն ցուցադրած մարզական ոգին:
Վերջին խօսողները եղան «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչ Տիգրան Ոսկունին եւ «Արարատ»-ի ու ՀՄՄ մարզական միութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Սարգիսեանը:
Տիգրան Ոսկունին յայտնեց, որ ՀՄԸՄ իր բարգաւաճումը եւ նուաճողական վերելքը կը պարտի լիբանանեան կառավարութեան, ժողովուրդին եւ մամուլին անվերապահ քաջալերանքին: Ընդգծեց, որ ՀՄԸՄ միայն մարզական միութիւն չէ, այլ անոր հիմնական նպատակն է կերտել նկարագիր եւ պատրաստել վաղուան օրինապահ լիբանանցին, պատրաստ` ծառայելու եւ զոհաբերուելու լիբանանեան հայրենիքի բարգաւաճման եւ պաշտպանութեան:
Սամուէլ Սարգիսեանը շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակը: Գնահատեց ձեռք բերուած նուաճումները: Նշեց հայկական երկու մարզական միութիւններու` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի մարզական ոգին եւ անոնց կատարած օգտաշատ դերը լիբանանեան մարզական կեանքին մէջ: Ջերմ ծափերու արժանացաւ:
Ներկաները լաւագոյն տպաւորութիւններով մեկնեցան ՀՄԸՄ-ի ակումբէն:
Ժագ Ս. Յակոբեանի Նուիրուած
Յարգանքի Երեկոն
Հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 22 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանին նուիրուած, ծննդեան 50-ամեակին եւ գրական ստեղծագործութեան 30-ամեակին առիթով, յարգանքի երեկոն:
Խուռներամ բազմութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը:
Հանդէսին բացումը կատարեց Մ. Եուսուֆեանը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Ծիա Կէօվճելեանը ապրումով արտասանեց Ժ. Յակոբեանի «Ես կը գրեմ անոնց համար…»-ը: Ժ. Իլանճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Չեսքինոֆի, յաջորդաբար մեներգեց Հ. Պէրպէրեանի «Կ՛անձրեւէ, տղա՛ս»-ը եւ Ա. Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար»-ը: Յ. Կիւլոյեանը արտասանեց Ժ. Յակոբեանի «Մենք»-ը եւ կատարեց ընթերցումը Ժ. Յակոբեանի «Ս. Գիրքը թող բաց մնա»-ին:
Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը` իբրեւ սիրոյ երգիչ, հայրենաբաղձ երգիչ եւ հաւատքի երգիչ, ներկայացուցին Ա. Ծառուկեանը, Մ. Իշխանը եւ Ռ. Չորպաճեանը:
Իբրեւ սիրոյ երգիչ` «Գաղտնի ճամբան» եւ «Մեղրալուսին» հատորներուն հեղինակը եղաւ ինքնատիպ բանաստեղծ մը: Զգայարանք բերաւ մեր գրականութեան: Բառակերտին արժէք տուող եւ հայ լեզուն գեղեցկացնող սիրելի եւ յարգելի բանաստեղծ մը եղաւ:
Իբրեւ հայրենաբաղձ երգիչ` Ժագ Ս. Յակոբեանին «Մեսրոպաշունչ»-ը եւ «Մասիսածին»-ը իրապէս մասիսածին են: Կարծես` Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտը ըլլար: Օտարութեան մէջ ծնաւ ու մեծցաւ, սակայն սիրեց հայ լեզուն եւ հայրենիքը: Հայ լեզուի աւազանին մէջ մկրտուած հայ բանաստեղծն է, որուն համար հայ լեզուն ամէն ինչ է, որուն համար Հայաստանը կը մնայ անփոխարինելի: Ոչ մէկ ուժ պիտի խորտակէ հայ ժողովուրդի անմահութիւնը: Կը հաւատայ գալիք յարութեան: Իր այդ հաւատքը կը բխի հայ ժողովուրդի դարաւոր ակերէն, Հայկեան ոգիէն: Ժագ Ս. Յակոբեանի հայրենասէրի ապրումները անկեղծ են: Կը շարունակէ մնալ ի՛րապէս հայրենասէր բանաստեղծ:
Իբրեւ հաւատքի երգիչ, արդէն բանաստեղծ, Ժագ Ս. Յակոբեան 20 տարիէ ի վեր դարձաւ քրիստոնեայ բանաստեղծ: Եղաւ Աստուծոյ խօսքին յայտնաբերողը, վկան: Պատգամ փոխանցող մը: Հայ եկեղեցիին սրբութիւնը սաղմոսող «Յիսուսաբոյր»-ի հեղինակը, ապրող մեծագոյն քրիստոնեայ բանաստեղծներէն մէկը եղաւ համաշխարհային չափանիշով:
Այնուհետեւ ներկաները գնեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի նոր լոյս տեսած հատորը` «Ժագափունջ»-ը: Մ. Եուսուֆեանը կարդաց բանաստեղծին խօսքը` ուղղուած հանդիսականներուն:
Փակման խօսքը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը ներկայացնող դպրեվանքի տեսուչ Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը: Ապա հայր սուրբը կարդաց Խորէն Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը` ուղղուած Ժագ Ս. Յակոբեանին:
Հանդէսը վերջ գտաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ»-ով:
 
			