Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 28, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարմնին Առընթեր…

Այն տարին, երբ ցեղը իր դարաւոր ստրկութիւնը կը թօթափէր եւ նահատակներու ոսկորներուն վրայ անկախութիւն կը կերտէր Արարատեան աշխարհին մէջ, անդին, արեւմտահայ մշակոյթի վերակենդանացած ոստանէն նոր կոչ մը կ՛ուղղուէր ճղակոտոր երիտասարդութեան` անոր նո՛ր ու առողջարար ոգի մը փոխանցելու խոստումով:

Կոչը լայն արձագանգ գտաւ ու կազմուեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, որ ահա յիսուն տարիէ ի վեր կը մնայ ու կը պահէ իր սկզբնական նկարագիրը աշխարհի չորս ծագերուն: Երիտասարդութիւնը կը սիրէ շարժումը, խանդավառութիւնը, եւ կարենալ շնչելու համար յաղթանակի մը յոյսը անհրաժեշտ է իրեն: Իր ներկայութեամբ ու հմայքով օր ըստ օրէ ծաւալելով` այս միութիւնը տուաւ այդ հնարաւորութիւնները անոր` բազմաթիւ մարզերու մէջ, գործունէութեան նախատեսուած ծրագրին վրայ գումարելով նոր ժամանակներէն բխած նոր ճիւղեր, նոր ոճեր:

Մարզանք, մրցում, մրցանակ, խլուած բաժակներ, բանակում` երկրէ երկիր, ոգեւորութիւն` հոգիէ հոգի, իր ներկայութեան, իր անցքէն ետք` միշտ երիտասարդութիւն: Այդ ամէնուն մշտանորոգ աղբիւրն է, այդ ամէ՛նքն է այս միութիւնը եւ հայ միութիւն մը ըլլալուն` աւելին է այդ ամէնքէն: Պարզ արձանագրութեամբ անդամ չեն ըլլար անոնք, ուխտը պայման է, եւ ուխտագրին առաջին յօդուածը կազմուած է մեզի համար վիմական ամրութիւն ունեցող «Ազգիս ու հայրենիքիս» վրայ:

Մարմին մարզելու սոսկական նպատակ մը չհետապնդեց այս միութիւնը, եթէ այդպէս ըլլար` հաւանաբար կարճ ժամանակի մէջ խամրէր,  վերջանար, ըրաւ աւելին, իւրաքանչիւր անդամի մէջ նոյն ատեն մշակեց հաւաքական եսի մը պատկանելու հպարտութիւնը, «Ազգիս ու հայրենիքիս» հաւատարի՛մ մնալու զօրաւոր կիրք մը:

Այդ ոգին յաճախ դուրս կը բերէ ուխտադիր երիտասարդները ակումբներու զուարթ շրջանակէն կամ խաղավայրերու աղմկայոյզ մթնոլորտէն ու կը մղէ ուրիշ ծառայութիւններու: Խռովիչ է անոնց երեւոյթը, երբ վաստակաւոր սիրելիի մը դագաղին առջեւ տեսնէք զիրենք, երբ դիմաւորեն արժանաւոր մը կամ ազգային երգի մը կշռութաւոր թնդիւնին տակ, երբ գետինը թնդացնելով անցնին լայն պողոտաներէ` իրենց վրայ յառած հիասքանչ ակնարկներուն հիացումը բազմապատկելով:

Ժողովուրդը ինչպէ՜ս գիտէ գիրկ բանալ, հիանալ, փայփայե՛լ իր հոգիէն բան մը անձնաւորած մարդերը, շարժումները:

Անցնող տասնամեակին իր անունով բեմ եկած քանի՛ արարած բնաջնջեց մեր ժողովուրդը, իր սաղմին մէջ խեղդեց քանի անշահ շարժում, բայց ահա կը տօնէ յիսնամեակը մէկո՛ւն, որ իր սուգին ու խնդութեան մէջ ներկայ եղաւ միշտ, ցեղին լաւագոյն աւանդներով թրծուեցաւ եւ շարունակ բարձրանալով` բարձրացուց իր պատիւը:

Ճամբայ ելած ենք ազգովին եւ մեր ճամբան վախճան չունի:

Եւ այդ անվախճան ճանապարհին վրայ որքա՜ն պէտք են մեզի իրենց մշակած մարմնին առընթեր հաւատարմութեան գիր ստորագրած այս կայտառ տղաքը, որքա՜ն…

Պ. Ս.

Խօսք Ողջոյնի

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան յիսնամեակի հանդիսաւոր առիթով ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, ջերմօրէն գնահատելով երիտասարդական այս մեծ կազմակերպութեան անփոխարինելի ծառայութիւնները հայ ժողովուրդին, պարտականութիւն կը նկատէ ընդգծելու անոր փրկարար դերը հայապահպանման կենսական պայքարին մէջ:

Յիսուն տարի շարունակ ՀՄԸՄ եղաւ իր առաքելութեան եւ կոչումին գիտակից այն հաւաքականութիւնը, որ հաւատք եւ ոգի ներշնչեց մեր երիտասարդութեան, լծուեցաւ երախտաշատ աշխատանքի մը, որուն շնորհիւ արժանացաւ հանուր հայութեան անվերապահ համակրանքին եւ աջակցութեան:

ՀՄԸՄ-ի գաղափարապաշտ հիմնադիրներուն ոգին միշտ վառ մնաց սրտին մէջ այն բազմահազար երիտասարդներուն, որոնք իրենց կորովն ու խանդավառութիւնը ի սպաս դրին հայանուէր այս միութեան վերելքին ու զարգացման:

Վստահ ենք, որ ծառայելու նոյն պատրաստակամութեամբ, ՀՄԸՄ-ը, որ այսօր համագաղութային լայնատարած կազմակերպութիւն մըն է, իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով եւ գործունէութեան ընդարձակ դաշտով, յիսնամեակի այս տօնախմբութեանց առթիւ, նոր ներշնչումներով եւ վերանորոգ ուխտով, պիտի շարունակէ ծառայութեան նոյն ճամբուն անխոնջ ուղեւորը ըլլալ:

Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք անոր յիսնամեակը` նոր յաջողութիւններու եւ հպարտառիթ նուաճումներու մաղթանքով:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

Խօսք Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի

Յիսուն տարիներն ահա փառապսակ են կազմեր անունին շուրջ այն մեծ կազմակերպութեան, որ հայ երիտասարդութեան պատմութեան մէջ կ՛ապրի չորս անփոխարինելի գիրերով

ՀՄԸՄ

Գիրեր` ոսկի տեսիլքով, որոնք կը պայծառափայլին հայ աչքերուն դիմաց հաւատքի, կամքի եւ տեսիլքին ճառագայթներով…

Գիրեր` ջինջ հնչումով, որոնք կ՛արձագանգեն հայ գիտակցութեան մէջ վերազարթօնքի, յոյսի եւ յաղթանակի ձայներով…

Տարիներ շարունակ դիտեցինք կուռ շարքերն այս տղոց` կարգապահ, միասնական եւ հպարտ, եւ ցնծութեան ու պարծանքի ապրումներով լեցուեցաւ մեր սիրտը: Վէրքին, արցունքին եւ արիւնին դառնատեսիլ պատկերները մեր պատմութեան վերջին սեւ թուականին` իրենցմով գարնան շունչ ու գոյն ստացան:

Սրտի խոր գոհունակութեամբ եւ հայրական սիրոյ ջերմ զգացումներով կ՛ուղղենք մեր աղօթքը առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսզի հայ պարտէզին մէջ ծլած այս ծառն օրհնէ եւ նոր յիսնամեակներով ծաղկեցնէ հայ կեանքը ի սփիւռս աշխարհի:

Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար`

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թրամփ Ինկաւ Թրքական Ծուղակին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?