Ընդ Աստեղօք
Նոր տարի էր քանի մը օր առաջ, տօնական տրամադրութիւնները դեռ կը շարունակուին, եւ ի մօտոյ պիտի տօնենք նաեւ տօնը անոր, որ «վասն մեր մարմնացաւ», բերաւ երկինքներէն շունչ մը եւ երկիրը շնչելի դարձնելու վսեմ առաքելութեամբ մը զոհաբերեց իր ողջ կեանքը:
Իրապէս երկու գաղափարներու ծառայեց Աստուածորդին, հրապուրիչ ծանօթութիւններ տուաւ հանդերձեալ դրախտներու մասին եւ ձգեց այս աշխարհը դրախտի վերածող սկզբունքներու չգերազանցուած հարստութիւն մը:
Երանի կարդաց` հեզերուն, արդարութեան ծարաւիներուն, ողորմածներուն, սրտով սուրբերուն խաղարարներուն, արդարութեան համար հալածեալ մարդոց եւ երկնից ժառանգութիւնը խոստացաւ անոնց, դրա՛խտը խոստացաւ, բայց կոյրը, համրը, խուլը, անդամալոյծը անմիջապէս դրախտ չճամբեց, այլ պահեց զանոնք հոս, բացաւ կոյրին աչքը, որ տեսնէ աշխարհ կոչուած այս հրաշքը, քակեց համրին լեզուն, որ իր նմաններուն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու նախադրախտեան երանութիւնը ապրի, դարմանեց խուլին խլութիւնը, որ աշխարհի ձայներով բեղմնաւորէ հոգին ու կազմեց անդամալոյծին քայքայուած անդամները, որ կարենայ իր կարօտած սրտին բացած ճամբաներէն արշաւելու հաճոյքով ողողուիլ:
Այլ անհաշտ զայրոյթով մը մօտեցաւ մտքի կոյրերուն, կամաւոր խուլերուն, համրերուն, հոգեկան հաշմանդամներուն: Աշխարհը աշխարհ էր նաեւ այն օրերուն սակաւ առաքինիներուն կողքին կային բազում մաքսաւորներ, հաւատացեալներու մօտ` աղաւնեվաճառներ, մէկ բարի սամարացիի դէմ` հազար փարիսեցի, արդարները կողոպտող անհամար սադուկեցիներ: Իր իսկ քարոզած օրէնքներով դրախտին դռները գոց էին այս ապականիչ աւերիչ արարարծներուն դէմ, բայց Արարչին կողմէ առաքուած արարիչ Որդին զանոնք հանգիստ չձգեց, նաեւ հոս, ձեռք առաւ խարազանը եւ անողոք անգթութեամբ մը շաչեցուց զայն մարդոց երկրային խաղաղութիւնը խանգարող անոնց կարծր կռնակին:
Այսպէս բոլորեց իր շրջանը մեր մոլորակին վրայ` հաւասարապէս պայքարելով վերի ու վարի աշխարհներուն ի խնդիր, տալով երկու գերագոյն պատուիրաններ, սիրել`
Վերը զԱստուած, ու վարը` մարդը, ու մարդուն ամէնէն ընտիր, անհրաժեշտ էակը` ընկերը:
Երբեմն գերազանց համարուած այս երկու պատուիրաններէն առաջինը սիրելու եղանակին համար,անո՛ր պատճառով մարդիկ, ազգերը պառակտուած, իրար յօշոտած են եւ երկրորդին պէտքը զգացած են աստիճան մը աւելի:
Երեւոյթը կրկնուած է նաեւ մեր իրականութեան մէջ:
Շրջան մը հայ ըլլալէ առաջ լուսաւորչական եղանք, կաթոլիկ ու բողոքական, եւ իրարու հանդէպ ծայր տուած ատելութիւնը գլուխը առած` կը քալէր, կը սպառնար մեր գոյութեան,
երբ զտարիւն բանաստեղծ մը Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, զգալով վտանգը, բանաստեղծներուն յատուկ թափանցամտութեամբ, շունչով, պատկերներով, համոզչականութեամբ երգեց`
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր տուն:
Կը պատմեն, թէ եղերաբախտ բանաստեղծին այս կտորը բախտաբեր շունչ մը բերաւ հետը, հալեցուց սրտերուն մէջ կուտակուած սառոյցը, դարձաւ հաշտութեան ծիածան մը, եւ մրրկաւ զատուածները, «ի մի համբոյր» բա՛ց ցրուեցին ամէն չարանենգ ոխ, ձեռք կարկառեցին իրարու, եւ այնուհետեւ լացի թէ ուրախութեան պահերուն եղան միասին` դաւանական խնդիրներէն վեր դասելով բանաստեղծին թնդացուցած ցեղային եղբայրութիւնը.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն:
Ոչի՛նչ:
Անհատակա՛ն ապրումով թէ հաւաքական մտահոգութեամբ` ոչի՛նչ:
Վերջին դարու միջին տասնամեակներուն, հայրենիքով, հայրենական սրբութիւններով, առհաւական բնազդներու մղումով թէ արեան թաքուն զօրութեամբ կազմուած եղբայրութեան ապրումը, այդ ամէնուն հետ կապ չունեցող ուժերու միջատմութեամբ, վերստին պղտորեցաւ մեր մէջ եւ ազգին երկու հատուածները նորէն դրուեցան դժնդակ կացութիւններու առջեւ: Այս օրերուն, սակայն, բարեփոխութիւնը զգալի է, եւ վերջին օրինակը արձանագրուած է եղբայրութեան երգիչին առիթո՛վ դարձեալ, Պարոյր Սեւակի գրչով`
«Հիմա, վերջապէս, հայութեան երկու հատուածն էլ եկել են այլեւս այն գիտակցութեան, որ ունենք մէկ եւ միասնական գրականութիւն` հայոց գրականութիւն, առանց «արեւելա…» եւ «արեւմտա…» երկփեղկումի»:
Ամբողջական հայութեան ամբողջականացման համար տագնապող վստահելի բանաստեղծի մը վերջին արտայայտութիւններէն մէկն է ասիկա, որ հաշտ է մեր ոգիին հետ, «Միացեալ Հայաստան, միացեալ հայութեամբ» անուն մեր կարգախօսին մէկ արձագանգն է, որ տօնական այս օրերուն տօնակա՛ն ուրախութեամբ կ՛ողողէ մեր սրտերը, վասնզի այդ գաղափարը «Ընդ աստեղօք», կրնանք կենսագործել միասնական ճիգերո՛վ միայն, այսինքն ա՛յն ատեն, երբ Աստուածորդւոյն պատուիրանին համաձայն, իւրաքանչիւր ոք սիրէ զընկեր իւր իբրեւ զանձն իւր եւ կարենայ խանդավառութեամբ լի սրտով հաստատել բանաստեղծին պատգամը`
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն…
Պ. Ս.
 
			