Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 22, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժագ Յակոբեանի
Յիսնամեակին Առիթով

Ծնած է Երուսաղէմ, ուր կ՛արձագանգեն մարգարէներու եւ Մեծ Վարդապետին պատգամները…

Այսօր կը տօնենք իր ծննդեան յիսնամեակը` յարգելով ու սիրելով ա՛յն բերքը, զոր Ժագ Յակոբեան նուիրաբերած է հայ գրականութեան:

Հոգեւին մխրճուած սփիւռքի պայմաններու ալիքներուն մէջ, իր տապանը շինած ամրակուռ հայ հաւատքով` կը շրջի ցամաքամասէ ցամաքամաս, միշտ անհանգիստ, միշտ երազելով հայրենի բոյնին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը: Հայրենի հողէն դուրս` ամէն տեղ զգաց նոյն ցուրտը, ու ջերմութիւն մը գտնելու յոյսը զինք տարաւ երկրէ երկիր. ինք փնտռող` իրեն հետ հայրենի ջերմութիւն մը պարգեւեց ճամբան հանդիպած բոլո՛ր հոգիներուն, առանց դասակարգի ու առանց դաւանանքի խտրութեան, բաւ էր, որ անոնք Ս. Մեսրոպի լեզուն հասկնային:

Զինք տեսնելուդ` պարզ ու համեստ հայու մը ներկայութիւնը կը զգայիր, իր խօսակցութիւնը, իր տողերուն պէս` խիտ ու գեղեցիկ, եղբայրական ջերմութեամբ կը լեցնէր հոգիդ` կը պայծառանար դիմացդ` իր հաւատքին ու քնարին պէս ճշմարիտ: Իր գրածն ու ապրածը, խօսածն ու գործածը ընդհանուր ներդաշնակութիւն մը ունէին: Ինքնամփոփ իր աշխարհին մէջ, զգուշաւոր` ոչ մէկ անձ չխանգարելու:

Իր հատորներուն թիւը կամ ծանրութիւնը` մտածումներու, զգացումներու, երեւակայութեանց գեղեցկութիւնն ու վսեմութիւնը իր մէջ վերածուած են ամէնօրեայ ապրումի, հանգիստի ու վայելքի, փառքի հետամուտ ակնթարթ մը իսկ չունեցաւ, իր քնարին լարերը մնացին միշտ պրկուած` նոր եղանակ մը հնչեցնելու:

Քալեց կեանքի բոլոր մայթերէն ու իր անցած տեղերը զգացին իր ներկայութիւնը, իսկ բացակայութիւնը տրտմութեան ալիքներ բարձրացուց:

Անծանօթ մնաց կեղծիքին առուակի բնականոն շնչառութեամբ, զուլալ ջուրի նման ջինջ է իր ներաշխարհը. կեանքէն կրած հարուածները անսահման ներողամտութեամբ դիմաւորեց, զօրացաւ` հոգեկան ամրոցներ ստեղծելով յաւիտենականութեան ճանապարհներուն. իր մէջ մարդն ու համամարդկայինը, հայն ու համահայկականը, վարդապետն ու վարդապետականը ներշնչման մնայուն աղբիւր դարձած` արձագանգեց տաղերով: Ինք միշտ մնաց մութի մէջ, արմատի նման, ու ծաղկեցուց իր երգը` գարնանային տեսիլքներով:

Նիւթական ոչ մէկ երեւոյթ իր մէջ արժէքի խանդավառութիւն չստեղծեց. այրեց նիւթը իր կեանքի դժնդակ պահերուն իսկ` հակառակ բազմանդամ ընտանիքի հայր ըլլալուն ու գիտցաւ իր երգը հնչեղ պահել: Երբ ուրիշներ իր շուրջը ամրակուռ շէնքեր կը բարձրացնէին` քարի ու երկաթի տոկունութեամբ դարեր դիմանալու, ինք կը բարձրացնէր իր հաւատքի դրօշը հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ: Շատերու համար մեծ հոգածութեամբ ու ծախսերով ձեռք բերուած համալսարանական դեղագործի վկայականը, թուղթի ծալուած կտորի մը նման, յաճախ արհամարհեց` գուրգուրալով սպիտակ թուղթերու վրայ, որոնց միջոցով տուաւ իր բալասանը հայ վիրաւոր ու տկար հոգիներու:

Իր կոչումը ընթացիկ դեղագործի սահմաններէն հեռու էր անսահմանութեան հորիզոններով, մարմնէն անդին` հոգին զօրացնող դեղագրեր ստորագրեց` զօրացնելով հայրենակարօտ ու լուսակարօտ բազմութիւնները, երբեմն հայ ուսուցիչի ամպիոնը բարձրացած, երբեմն` հայ գրքի աշտարակին:

Մարդերէն կրցաւ երբեք բան չուզել, փոխարէնը` գիտցաւ տալ. պարկեշտութեան սահմանում մը զինք պահեց ամուր: Մեր օրերու հայ Կանտին ըլլար կարծես, բաժակ մը այծի կաթի փոխարէն` էջ մը Աստուածաշունչով ապրեցաւ: Ու տուաւ «Մեսրոպաշունչ», «Մասիսածին», «Յիսուսաբոյր», «Մեղրալուսին», «Գաղտնի ճամբան», «Ջահերթ», «Կիրակի», «Հայաստանեայց եկեղեցի», «Վերածնունդ» անուններով հատորներ, տուաւ անձրեւի նման ու արեւի, հրճուեցաւ պարարտ հողի աճումներով. գիտակից իր առաքելութեան` երբեք չեղաւ պաշտօնեայ, տիւ ու գիշեր մնաց ոգեղէն տեսիլքով յափշտակուած, մնաց սլացքի մէջ` յափշտակուած Հայաստանեայց եկեղեցիով ու հայաշխարհով:

Զինք ճանչցող ոեւէ անհատ զինք սիրեց եղբօր մը պէս. անսահման ներողամտութեամբ մը կը նայէր իր շուրջ տեղի ունեցող շատ մը անբաղձալի երեւոյթներու:

Տխուր էր մարդերու հանդէպ եւ փախուստ մը ունէր, ինչպէս «Աբուլ Ալան» իր կարաւաններով կը սլանար դէպի արեւը: Միշտ փնտռեց բարին, մեր աշխարհին մէջ` ինքնուրոյն:

Նուիրեալ հասկը հազար կանաչի մէջ կը մնայ հա՛սկ:

Հրճուանքով կ՛ողջունենք իր ծննդեան յիսնամեակը` իրմէ եկած վաստակովը հարուստ ու երախտապարտ:

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կաղանդի Խենթանալիք Գիշերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?