Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 20, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսական «Լառուս» Համայնագիտարանը
Ականաւոր Հայերու Մասին

Բագրատունի (հ. Արսէն).- Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն: Ծնած` Պոլիս, 1786-ին, վախճանած է` Վենետիկ, 1866-ին: Հայերէնի թարգմանած է Հոմերոսը, Վերգիլիոսը եւ Սոֆոկլէսը, ինչպէս նաեւ` Միլթընի «Կորսուած դրախտը»: Իր գլխաւոր արժանիքը կը կայանայ իր ժողովուրդը օժտած ըլլալուն մէջ ազգային դիւցազներգութեամբ մը` «ՀԱՅԿ»:

Բաղրամեան (Յովհ.).- Խորհրդային մարաջախտ, ծնած` Հայաստան, 1897-ին: Թիմոչենքոյի սպայակոյտին պետ` 1942-ին: Կը ղեկավարէ առաջին Պալթեան ճակատը` 1944-ին: Մարաջախտ` 1955-ին:

Գառզու (Ժան).- Ֆրանսացի նկարիչ: Ծնած` Փարիզ, 1907-ին, հայկական ծագումով ծնողներէ: Կ՛ուսանի առանձին: Անկախներու սալոնին կը մասնակցի 1930-ին: Տարօրինակ բանաստեղծութիւն մը, ուր իրականն ու անիրականը իրարու կը խառնուին, ի յայտ կու գայ Գառզուի նկարներէն, որոնք ցուցադրուած են Ազգային ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ:

Մխիթար (Պետրոս Մանուկ).- Հայ աստուածաբան, ծնած` Սեբաստիա, 1670-ին, վախճանած` Վենետիկ, 1749-ին: Կրօնաւոր կը դառնայ 14 տարեկանին եւ կը կոչուի Մխիթար: Էջմիածնի մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի 1696-ին: 1700-ին Կոստանդնուպոլիս երթալով` կաթողիկէ կը դառնայ եւ կ՛աշխատի իր ազգը մտցնել կաթողիկէ միութեան մէջ: Հալածանքները կը ստիպեն զինք ապաստանիլ  Մորէա, ուր կը հիմնէ Մխիթարեան միաբանութիւնը, իսկ յետոյ` Վենետիկ, Սուրբ Ղազար կղզեակը, ուր կը հիմնէ վանք մը եւ դպրոց մը, որոնք հռչակաւոր դարձան:

Մովսէս Խորենացի.- Հայ պատմագիր, ծնած` 407-ին, վախճանած` 492-ին: Քարտուղարը` Սահակ հայրապետին: Ան իր ուսումը ամբողջացնելու համար գնաց Եդեսիա, Երուսաղէմ, Աղեքսանդրիա, Հռոմ եւ Պոլիս: Հայաստան վերադարձին (442), ստացաւ եպիսկոպոսական աստիճան: Աշխատակցեցաւ Ս. Գիրքի թարգմանութեան եւ գրեց` հայոց պատմութիւն մը:

Նուպար փաշա.– Եգիպտացի քաղաքական մարդ, հայկական ծագումով, ծնած` Զմիւռնիա, 1825-ին: վախճանած` Փարիզ, 1899-ին: Քարտուղարը` Մեհմետ Ալիի, Իպրահիմ փաշայի եւ Ապպաս փաշայի: Այս վերջինին անունով բրիտանասէր քաղաքականութիւն մը վարեց Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Կազմակերպեց Եգիպտոսի երկաթուղիները: Իսմայիլի իշխանութեան օրով Կ. Պոլսէն ձեռք բերաւ արտօնութիւն մը Սուէզի ջրանցքը շինելու համար եւ ստացաւ «փաշա» տիտղոսը` 1863-ին:

Խաչատուրեան (Արամ).- Հայ երգահան, ծնած` Թիֆլիս, 1903-ին: Աշակերտը` Միակովսկիի, Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ: Կը ջանայ համադրել հայկական, կովկասեան դասական եւ տպաւորապաշտ (ֆրանսական) մոթիվները: Իր քոնչերթոն Ստալինի անուան մրցանակը շահեցաւ 1940-ին: Հեղինակած է «Երջանկութիւն» եւ «Գայեանէ» պալէները, երկու սենֆոնիներ, սենֆոնիկ պոէմա մը: Գրած է շարժապատկերներու երաժշտութիւն («Պէպօ» եւ «Հոգիի մը խորհուրդը»), դաշնակի քոնչերթօ մը, թաւջութակի քոնչերթօ մը, սենեկային երաժշտութիւն, դաշնակի համար կտորներ եւ մեղեդիներ:

Խաչատուր Աբովեանի Մահուան
120-
ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոն

Կազմակերպութեամբ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի Շրջ. միութեան, Խաչատուր Աբովեանի մահուան 120-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ շաբաթ, 7 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հանդիսասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

Կազմակերպիչ միութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն հովանաւորող Գարեգին եպիսկոպոսին, օրուան նախագահ Մ. Իշխանին եւ ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեանին:

Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան վերլուծումը ըրաւ Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին:

Աբովեան գրած էր մէկ շունչով, առանց նախապէս մտածելու, ժայթքող ոգիի մը ամբողջ կրակով կլանուած, հալածուած` օրուան կղերական դասէն, քաղքենի դասակարգէն եւ հարուստներէն:

Աբովեանով սկսաւ արեւելահայ գրականութեան նոր դարաշրջան մը: Ան մարգարէի մը տեսիլքով դարձաւ իր ժողովուրդին ազատութեան առաջին մարտիրոսը, առաջին լուսաւորիչը` արեւելահայ գրականութեան, որուն ամուր դրոշմը կը տեսնենք անցեալի եւ ներկայի մէջ մտաւորական կալուածէն ներս:

«Վէրք Հայաստանի»-ն ասմունքեց Յակոբ Կիւլոյեանը: Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բացառիկ ապրումով եւ հաւատքով ապրեցաւ եւ ապրեցուց ներկայ հասարակութիւնը:

Գարեգին եպիսկոպոս իւրայատուկ ոճով եւ բարձր ըմբռնումով վերլուծեց Աբովեանի միտք բանին, զոր գտաւ իր անկեղծ հայրենասիրութեանը մէջ` հանդէպ իր ժողովուրդին:

Արտայայտուեցաւ նաեւ Աբովեանի անհետացման եւ մահուան մասին:

«Պատմաբանները եւ գիտնականները սխալ կը վերլուծեն,- ըսաւ սրբազան հայրը,- Աբովեան ո՛չ կորսուած է եւ ո՛չ ալ մեռած, այլ Մասեաց սարերու քաջերը զայն տարած եւ Արարատեան ու Էջմիածնայ հովերուն վրայէն զետեղած են ամէն մէկ հայու հոգիէն ներս: Այլեւս հայ ժողովուրդը լացի եւ կոտորածի փոխարէն` կ՛ուզէ յաղթանակ եւ հերոսներու կերպարներ: Ջարդի փոխարէն` կ՛ուզէ Աղասիի հերոսական արարքը, որովհետեւ ազգ մը ոչ թէ իր կորուստներով կ՛ապրի, այլ` իր նուաճումներով: Մեծ գործերը մեծ կիրքերէն կը ծնին»:

Իր խօսքի վերջաւորութեան սրբազան հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան մասին, որ մտածումը ունեցած էր կազմակերպելու Աբովեանի նուիրուած յիշատակի այս երեկոն: Թելադրեց, որ յարատեւօրէն կազմակերպեն նման օգտաշատ ձեռնարկներ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վարչութեան կողմէ կազմակերպուած գաւաթ մը գինիի հանդիպում: Ներկաները կարծիքներու փոխանակումներ ունեցան: Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներու յաճախակի կրկնումը խիստ օգտակար գտան:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Գիտէ՞ք Յարմար Նուէրներ Գնել

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?