Այս Ճամբով Քալենք…
Կ՛ուզենք խուսափիլ տարբե՜ր օրինակներ մանրամասնելու հարկադրանքէն` պարզելու համար, թէ խմբագրութիւն եւ պատահական թղթակիցներ կը կարօտին աւելի անանձնական գիտակցութեան եւ բծախնդրութեան:
Խմբագրական սեղմ յայտարարութիւններով մեր թելադրութիւններն ու խնդրանքները պարբերաբար ներկայացուցած ենք արդէն շահագրգռուողներուն:
Թերթերը հանրային օրկաններ են, ու ամէն մարդ, որ գրիչ ձեռք կ՛առնէ, յարգանք պիտի ունենայ հանրային կարծիքի հանդէպ:
Յարգանքի այդ զգացումը մեկնակէտ է` չափաւոր ու զուսպ կեցուածքի, պատասխանատուութեան զգացումի, խոնարհամտութեան, բարի ու ազնիւ վերաբերումի: Երբե՛ք աժան փառաբանութեան ու անդուռն գովեստի:
Կարգ մը մարդոց մօտ կը տիրէ այն թիւր կարծիքը, որ թերթերը «ընտրակա՜ն տոմար»-ներ են. Պէտք է տան` ինչ որ կը ստանան: Կարեւորը այն չէ երբեք, թէ գրութիւնը ընդհանրական բնոյթ ունի՞, թէ՞ ոչ, հանրային շահագրգռութեան արժանի՞ է, թէ՞ ոչ, ներդաշնա՞կ է բարոյական սկզբունքներու եւ հրապարակագրական կեանքի հասկացողութեանց, թէ՞ ոչ… Կարեւորը ա՛յն է, որ տուներու մէջ խօսակցութեան նիւթ կազմող ըսի-ըսաւներն անգամ արձագանգ գտնեն լա՜յն սահմաններու մէջ, ինքնասիրութիւններ կամ արդար փառասիրութիւններ փայփայուին, ամէն մարդ ի վիճակի դառնայ ասոր-անոր հանդէպ իր համակրանքը կամ հակակրութիւնը պոռալու` բաց դաշտի մէջ, եւ հիմնական որեւէ կարեւորութիւն չներկայացնող խնդիրներ ծփա՜ն թաղէ թաղ, քաղաքէ քաղաք ու երկրէ երկիր…
Կ՛ենթադրենք, որ մանաւանդ մեր թերթերու եւ խմբագրութեանց պարտականութիւնն է սահմանափակել այս չարիքն ու ճաղապանքը:
Վճռաբար պէտք է մերժել ոմանց հակամիտութիւնը` մեր թերթերը բաղդատելու թաղային լրագիրներու հետ, որոնք առեւտրականամիտ հաստատութիւններու դերը կը կատարեն կամ ամէնուն հաճելի թուելու աշխարհիկ մտայնութիւնը կը դաւանին յաջողութեան գլխաւոր ազդակ:
Արտասահմանեան հայ մամուլը վարկ մը, արժանապատուութիւն մը ունի. ծառայել ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, լուսաբանել հանրային կարծիքը` մեր հաւաքական կեանքին հետ աղերս ունեցող ներքին թէ արտաքին իրադարձութեանց մասին. առաջնորդել հայ բազմութիւնները` ներդաշնակ աշխատանքի, գոյութեան պայքարի եւ ինքնապահպանումի առողջ ճիգերու, հայրենիքը կապել հայկական արտասահմանին, ու մանաւանդ` չխուսափիլ ինքնաքննադատութեան անհրաժեշտ փորձերէ` դարմանելու համար մեր կաղացումները, սրբագրելու համար անխուսափելի սխալներ եւ մարդկային թերացումներ:
Կ՛ընդունի՜նք, որ կեանքը հիմնովին փոխուած է, ու մեր թերթերը չեն կրնար միայն աւանդութիւններով կամ քարացած համոզումներով գործել: Դաշնակցական մամուլը, ինչպէս` առհասարակ մեր բոլոր լուրջ ու ծանր գլուխ թերթերը, անցեալի մէջ վճռաբար կը մերժէին զբաղիլ կարգ մը դէպքերով ու անցուդարձերով, որոնք մասնակի կամ պարագայական բնոյթ կը ներկայացնեն, ինչպէս` ամուսնութիւններ, ծնունդներ, մահեր, ընթացաւարտութեան պարագաներ, անհատական նուաճումներ եւ յաջողութիւններ եւ այլն: Մեր օրերուն ու մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ հին այս կեցուածքէն եւ վճռական վերապահութիւններէն մասնակի շեղում մը անհրաժեշտ կը դառնայ: Այնքա՜ն հեռու ենք իրարմէ, այնքան հիմնական է լսել մէկզմէկու մասին, ու ընդհանրական մեր կեանքին մէջ այնքա՜ն հարկադրական է դարձած մեր ցաւերն ու հրճուանքը հաւաքաբար քննել կամ բաժնել, որ յօժար ենք անկիւն մը յատկացնելու ընթացիկ անցուդարձերու եւս:
Հիմնական այն հասկացողութեամբ` սակայն, որ չթեթեւնանք. չչափազանցենք, մնանք լուրջ ու զուսպ, առարկայական եւ իրապաշտ: Մենք մեր խառնուածքով զգացական ենք առհասարակ ու ադով ալ հակամէտ` մեր տխրութիւնները թէ ուրախութիւնները վառ կրակով տաքցնելու… Թերթերը պիտի չշփոթենք տան անկիւնը պահուած «օրագիր»-ներու հետ, ուր կրնանք ազատօրէն արձանագրել ամէն մանրամասնութիւն ու տարածուիլ` առանց շրջահայեցութեան հարկը զգալու: Թերթերը հանրային սեփականութիւն են, ազգային դիմագիծ ունին, եւ եթէ արձագանգ պիտի տան նոյնիսկ մասնակի անցուդարձերու, պիտի ընեն այնպէ՛ս մը, որ բարոյական եւ ճաշակի խաթարում տեղի չունենայ:
Մենք յատկապէս խուսափեցանք արձանագրելէ երեւոյթներ, դէպքեր, մամուլի էջերով արձագանգ գտած այնպիսի անցուդարձեր, որոնք գիտակից որեւէ հաւաքականութեան համար արժանապատուութեան վիրաւորանք են միայն: Տեսնո՜ղը կը տեսնէ, ու մենք տեղեակ ենք, որ շատեր ընդվզումով հաստատած են համրակօրէն գործուած թեթեւամտութիւններ եւ սխալներ:
Կէտ մըն ալ` ու կը փակենք առայժմ:
Մեր մամուլը ամէն ատենէ աւելի հետամուտ պիտի ըլլայ հանրային շինարար քննադատութեան ու վճռաբար պիտի հակազդէ նորօրինակ այն մտայնութեան, թէ գործուած սխալներ կամ հաստատելի թերացումներ մատնանշել, դրական ու բացասական ազդակներ վերլուծել, ի հարկին մեղադրել կամ դատապարտել` դադրած են նպաստ ըլլալէ հաւաքական անդրադարձումի, ինքնասրբագրութան եւ բարենպաստ արդիւնքներու:
Լճացումը անխուսափելի է, երբ քննադատութիւնը կը կասի: Փոխանակ քննադատութենէ սարսափելու` փորձը պէտք է ընենք քննադատել սորվելու եւ դրական այդ վերաբերումը չշփոթելու քանդիչ եւ տգեղ վարկաբեկումներու հետ…
Քննադատութիւն, պայքար, առարկայական մօտեցում` հանրային հարցերու եւ մեր կեանքը յուզող երեւոյթներու` ամէն ատենէ աւելի կենսական տուեալներ են դրական գործի եւ հաւաքական կենսունակութեան: Կրաւորական մամուլ մը հետեւակ է եւ` ո՛չ առաջնորդ, իսկ մեր կեանքը կը կարօտի ոչ թէ ստրկամտութեան եւ ճահճացումի, այլ` մշտական հետաքրքրութեան եւ շարժումի:
Կարգախօս պէտք է դաւանիլ հանրային-հաւաքական շահերու պաշտպանութիւնը եւ մեկնակէտ հռչակել անկիրք, անանձնական պայքարը` սխալներու եւ սայթաքումներու դէմ: Հայ մամուլը այս հանգանակով միայն իր իսկական կոչումին կրնայ ծառայել, ո՛չ թէ մէկուն ու միւսին քմահաճոյքին, շահերուն կամ փառասիրութեան սպասարկելով:
Վէրքե՜ր ունինք ամէն տեղ, ու ա՛յս գիտակցութիւնը պէտք է վարէ մեզ:
Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ