Աստղերու Ճամբան Բացուեցաւ Երէկ
Ամերիկացի Երեք Աստղանաւորդները Տասը Անգամ Դարձան Լուսնին Շուրջ` Սքանչելի Նկարներ Ղրկելով Աշխարհ Անձկութեամբ Կը Սպասէ Անոնց Վերադարձին
Միլոնաւոր մարդիկ, մանաւանդ ամերիկացիներ, երէկ ապրեցան իրենց կեանքին ամէնէն խռովալի պահերը, երբ անջրպետին առաջին երեք աստղանաւորդները` Պորման, Լովել եւ Անտերզ իրենց աստղանաւը մտցուցին լուսնային ծիրի մէջ: Այս վտանգաւոր գործողութիւնը տեղի ունեցաւ ժամը 11:49-ին (Պէյրութի ժամ): Լուսինը վերջապէս նուաճուեցաւ: Այդ վայրկեանէն սկսեալ անջրպետանաւը, որուն հաւկթաձեւ սկզբնական ծիրը փոխուեցաւ շրջանակաձեւ ծիրի (110 քմ բարձրութեան վրայ), տասը անգամ դարձաւ լուսնին շուրջ, սքանչելի պայմաններու մէջ:
Այս պահուս, երբ թուղթին կը յանձնուին այս տողերը, ամերիկացի երեք աստղանաւորդները կը պատրաստուին իրենց թռիչքին ամէնէն բախտորոշ եւ վտանգաւոր փուլին: Արդարեւ, ժամը 8:10-ին (Պէյրութի ժամ) անջրպետանաւը դուրս պիտի գայ լուսնային ծիրէն եւ պիտի բռնէ վերադարձի ճամբան: Կը յուսանք, մինչեւ թերթը մամուլին յանձնելը, աւետել նաեւ այդ լուրը:
Պորման եւ իր ընկերները Ծնունդի գիշերը անցուցին լուսնին շուրջ, ոչ միայն դարձան անոր շուրջ, այլ նաեւ հետեւեցան անոր ճամբուն, Երկրի շուրջ անոր թաւալքին, աւելի լայն ծիրով մը: Երեք աստղանաւորդները չզրկուեցան Ծնունդի շարականներէն, որոնք իրենց հաղորդուեցան «ԱԴԺ-3» արբանեակէն:
Սքանչելի Նկարներ
«Ափոլլօ 8»-ի թռիչքը, զոր ՆԱՍԱ-ն կոչեց «պարզապէս ցնորական», այնքան «մօտ է կատարելութեան», որ շնորհիւ անոր կարելի եղաւ սքանչելի նկարներ առնել լուսինէն եւ ուղղակի փոխանցել Երկիր: 13 վայրկեան շարունակ մարդիկ աչք կտրած` հետեւեցան լուսնի նկարներուն, որոնք առնուած էին առաջին աստղանաւորդներուն կողմէ:
Պատկերասփիւռի միջազգային ցանցին մէջ առնուած բոլոր մայրաքաղաքներէն եւ քաղաքներէն նոյն լուրը կը տրուի. փողոցները ամայի են, այր, կին ու երեխայ հաւաքուած պատկերասփիւռի փոքր պաստառին շուրջ, լուռ ու մունջ, շլացած, սրտատրոփ կ՛ապրին դարաւոր երազի մը իրականացման գերիրական պահերը: Նոյնիսկ գիտնականները վերագտած են իրենց մանկութեան խանդավառութիւնը:
Այսպէս, Ճոտրել Պենքի դիտարանին տնօրէնը` աշխարհահռչակ գիտնական սըր Պեռնըրտ Լովել յայտարարեց. «111 քիլոմեթրէն լուսինը դիտող մարդու մը պատկերին ուղղակի փոխանցումը մարդկութեան հոլովոյթին պատմական պահերէն մէկն է»:
Ինչ կը վերաբերի նկարներուն, անոնք յաճախ եղան սքանչելի` իրենց յստակութեամբ: Այդ նկարներուն ընկերակցող մեկնաբանութիւնները, որոնք կը տրուէին աստղանաւորդներուն կողմէ, վերջնականապէս համոզեցին պատկերասփիւռի հաղորդումներուն հետեւողները, որ թեքնիք այս սխրագործութիւնը մեր դարուն իրականութեան երեսներէն մէկն է այլեւս:
Այդ նկարները տեսնելէ ետք սըր Պեռնըրտ Լովել յայտարարեց. «Հիմա կարելի է նախատեսել անջրպետանաւու մը լուսնէջքը` քանի մը ամիսէն»:
Բախտորոշ Պահեր
Այս առաւօտ, ժամը 8:10-ին (Պէյրութի ժամ) պիտի սկսի լուսնային այս թռիչքին ամէնէն բախտորոշ պահը: Արդարեւ, լուսնային ծիրէն դուրս գալու եւ Երկրի ճամբան բռնելու համար Պորման եւ իր երկու ընկերները պիտի աշխատցնեն իրենց մղիչ մեքենան: Եթէ մեքենան չաշխատի կամ գէշ աշխատի, իրենց այս զգայացունց ոդիսականը կրնայ վերածուիլ իսկական ողբերգութեան մը, որովհետեւ երեք աստղանաւորդները այդ պարագային դատապարտուած պիտի ըլլան յաւիտենապէս դառնալու լուսնային ծիրին վրայ եւ խեղդամահ պիտի ըլլան:
Պորման, որ իր երկու ընկերներուն նման, պահ մը իսկ կասկած չունի, որ պիտի կրնայ ուրբաթ օր, ժամը 17:51-ին (Պէյրութի ժամ) յաջողապէս իջնել կեդրոնական Խաղաղական, կը գիտակցի իր տիտանեան արկածախնդրութեան «տրամաբանական եւ սահմանափակ» վտանգներուն:
Մեկնումէն առաջ ըսած էր. «Պիտի գործենք խոհեմութեամբ, առանց որուն` պիտի չձեռնարկէինք այս ճամբորդութեան: Որեւէ վարանում չունիմ»:
ՖՈՆ ՊՐԱՈՒՆ. «ՀՐԱՏ` 1985-ԻՆ»:
Փրոֆ. Ուերներ Ֆոն Պրաուն, որ առաջին հրթիռներով անջրպետին ճամբան բացաւ մարդոց առջեւ եւ կը վարէ «Ափոլլօ» ծրագիրը, «Ֆրանս-Էնթեր»-ի խօսափողէն յայտարարեց. «Կը խորհիմ, որ մահէս առաջ պիտի տեսնեմ մնայուն կայաններու իրագործումը լուսնին վրայ, նման` բեւեռային գօտիի հետազօտական կայաններուն եւ երկրային ծիրի շուրջ դարձողներուն»:
Փրոֆեսէօրը, որ 56 տարեկան է, աւելցուց. «1985-90 թուականներուն մարդը ոտք պիտի դնէ Հրատի վրայ եւ հոն կանգ պիտի չառնէ նախատեսելի ապագային: Այժմէն կրնանք նկարագրել այն մարդատար անջրպետանաւերը, որոնք պիտի երթան դէպի այլ մոլորակներ ու պիտի կրնան դուրս գալ արեգակնային դրութենէն»: