Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1969)

Յունուար 14, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պատանեկան Կեանք

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութեանց Կեդրոնական վարիչ մարմինը կազմակերպած էր միջպատանեկան նշանառութեան մրցում մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 դեկտեմբեր 1968-ի յետմիջօրէին, Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբի տանիքին վրայ:

Պէյրութի բոլոր շրջաններէն, Անթիլիասէն, Թրիփոլիէն եւ Այնճարէն պատանիներ խումբ առ խումբ եկած էին «Ազիրեան» ակումբ: Ճշդորոշուած ժամուն սկսաւ մրցաշարքը, որ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեւեց մինչեւ ժամը հինգ:

Նոյն օրուան համար նկատի առնուած էր Ամանորի առիթով պատանեկան խրախճանք-հանդիպում մը: Հիւրընկալող պատանեկան միութիւնը եւ կարգադիր յանձնախումբը ամէն ջանք թափած էին, որպէսզի սրահին զարդարումը կատարեալ ըլլար: Գունաւոր թղթիկներ, փուչիկներ, աւանդական Կաղանդի ծառ: ՀՅ Դաշնակցութեան զինանշանը, եռագոյնն ու լիբանանեան դրօշակը սրահին պատուոյ անկիւնը կը գրաւէին:

«Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ի յոտնկայս խմբերգումէն ետք պատանիները բոլորուեցան պտղասեղաններու շուրջ եւ իրարու Ամանորի բարեմաղթութիւններ ըրին: Երգուեցան յեղափոխական երգեր, եւ գործադրուեցաւ պատանի ընկերներու կողմէ համեստ յայտագիր մը:

Կարճ դադար մը տրուեցաւ խանդավառութեան` ներկաներուն ծանուցանելու համար անունները նշանառութեան մրցման ախոյեաններուն: Խմբական առաջնութիւնը շահեցաւ Թրիփոլիի «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութիւնը: Տիրացաւ տրամադրուած բաժակին: Անհատական առաջնութիւնը շահեցաւ «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութենէն Յովսէփ Քէշիշեանը: Պարգեւատրուեցաւ նշանառութեան հրացանով մը: Երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող պատանի ընկերները ստացան ՀՅ Դաշնակցութեան ոսկեղէն զինանշան մը եւ ժամացոյց մը:

Խրախճանքի աւարտին, կարգադիր յանձնախումբին գնահատելի մտածումով պատանի ընկերներուն ձրի վիճակահանութեան տոմսեր տրուեցան: Երեսուն բախտաւոր ընկերներ ստացան Կաղանդի նուէրներ:

«Մշա՛կ, բանուոր»-ի յոտնկայս խմբերգումով վերջ գտաւ հաւաքոյթը, եւ պատանիները ուրախ տրամադրութիւններով մեկնեցան իրենց շրջանները:

 

Մեքենագիր Գրականութիւն

«Լը Նուվել» Օպսերվաթէօր» շաբաթաթերթը իր այս տարուան առաջին թիւին տուած է բացառիկ թիւի հանգամանք մը, ուր մասնաւոր խնամքով եւ առարկայականութեամբ մէկտեղուած են անցնող տարուան մեծ դէպքերու վերլուծումներ: Հոն կը գտնէք Ֆրանսան իր խռովքներով ու հոգերով, Իսրայէլը` իր ոտնձգութիւններով, Պիաֆրայի ողբերգութիւնը եւ, «Ստալինեան երկար գիշերը» ընդհանուր խորագրին տակ, Ստալինի եւ «Ստալինի ժառանգորդներուն» ստեղծած պայմաններուն մասին չորս տարբեր վկայութիւններ, ստորագրուած` ականաւոր դէմքերու կողմէ:

Մէկը, որ ռուսերէն լեզուին, գիրքին ու գրական շրջանակներու լաւատեղեակ անձի մը համբաւը կը վայելէ եւ կը կոչուի Քլոտ Ֆրիու, ռուս գրագէտին ու ընթերցողին այսօրուան կացութեան մասին վկայող իր գրութիւնը կը սկսի Մոսկուայի մէջ տարածուած սա պատմութեամբ.

«Ծերունի ռուս մը, ամէն գիշեր, գրամեքենայով մաս առ մաս կ՛ընդօրինակէ Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպը: Կինը, քիչ մը զարմացած, կ՛ուզէ իմանալ այս ընդօրինակութեան տուն տուող պատճառը` «Քանի որ մեր գրադարանին մէջ այդ գործէն ունինք բազմաթիւ օրինակներ»: Ծերունին պատասխան կու տայ կնոջ եւ կ՛ըսէ.

– Կ՛ուզեմ վստահ ըլլալ, որ մեր զաւակը պիտի կարդայ զայն»:

Կը հասկցուի, որ տպագի՛ր գործէն աւելի ձեռագիր գործը յարգ կը վայելէ հոն, այն, որ չի համապատասխաներ իշխանութեանց պահանջներուն եւ մերժուած է հրատարակչական տուներու նշանակեալ ծառայամիտներուն կողմէ:

Երիտասարդութիւնը, յոգնած` կուսակցական կաղապարներով գրուած անարիւն գործերու հեղեղէն, ծարաւը ունի անխառն գրականութեան, ապրուած խօսքին, անհատական տեսիլքներու յանդուգն նուաճումին, որուն նմուշները անծանօթ չեն իրեն: Ալեքսանտր Սոլժենիցինի, Անտրէ Վոզնեսենսկիի, Կինզպուրկի եւ այլոց մերժուած գործերուն մեքենագիր օրինակները աւելի կը խօսին իր սրտին, քան` պահանջուած չափերուն յարմարելու ակօսով բազմահազար տպաքանակով լոյս տեսած «ե՛ւ անվնաս, ե՛ւ շահաւէտ» յօրինուածքները:

Առաջ ձեռագիր էր ամէն բան, յետոյ դարձաւ տպագիր, իսկ հիմա աշխարհի այն մասին մէջ գաղտնօրէն ու տխրօրէն կը փայփայուի մեքենագիր գրականութիւնը:

«Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպը ընդօրինակող ռուս ծերունիին արարքը կը վկայէ նորէն այն մասին, որ մարդիկ դեռ կը շարունակեն ապրիլ «Ստալինեան երկար գիշերը»…

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Պատուոյ Դոկտորայի Տուչութիւն` Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?