«Հայաստանը Սխալ Կ՛ընէ»
Իր հայրենիքին մէջ ինքնիշխան ու ազատ որեւէ ժողովուրդ, ուր սեփական սահմաններէն ներս ապրողներուն մտահոգութիւնը ունի, կրնայ պերճանքներ թոյլ տալ ինքնիրեն, կրնայ նոյնիսկ ծափահարել բարոյական թէ նիւթական շռայլութիւնները, բայց մեծ փորձառութիւններ ու աղէտներ տեսած ու կրած ազգը, որպիսին ենք մենք, վերականգնումի իր ճիգերուն ատեն պարտաւոր է աչալուրջ ըլլալ, պարտաւոր է հազար խորհիլ ու մէկ գործել, առաջին հերթին` ուժ տալ աւագ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն լուծման:
Վերականգնումի մեր յիսուն տարուան ճիգերուն վերջին փուլը ուժեղ է հոս եւ հոն, կարգ մը մարզերու մէջ աներեւակայելի համեմատութիւններու հասան հայկական յարութիւնը հաստատող նուաճումները, ծաւալեցինք ընդարձակ քաղաքներ, կուտակեցինք հսկայ հարստութիւն, հրապարակ եկան պանծալի գիտնականներ, արուեստագէտներ, հարիւրապատկուեցաւ մշակութային մեր թափը, այսուհանդերձ, եթէ հարկ եղած տնտեսութեամբ կիրարկէինք մեր կարելիութիւնները, անպայման պիտի ունենայինք աւելի պայծառ արդիւնքներ եւ մեր թիւին ու որակին հաշուոյն սրտի աւելի մեծ պայծառութեամբ պիտի նայէինք վաղուան:
Մեր կարելիութիւններուն կիրակման մէջ երեւցած թերութիւններուն համար Հայաստանը աւելի մեղադրելի է, քան` սփիւռքը: Սփիւռքը ի վերջոյ սփիւռք է, միաձոյլ հաւաքականութիւն չէ ու պետութիւն չէ, որ կարենայ մեր ներքին կեանքին վերաբերող բաղձանքներուն մարմին տալ: Հայաստանը, սակայն, կրնայ առանց դժուարութեան լուծել որոշ հարցեր, գոցել որոշ բացեր: Կրնայ, օրինակ, վերաքննութեան ենթարկել իր հովանաւորած արտասահմանեան ուսանողներուն պարագան եւ վերջ դնելով անհատներու անհատական երազներուն ընթացք տալու սխալին` առաջ քշէ հանրային ջիղ ու փառասիրութիւն ունեցող սակաւ ընտրեալները միայն:
Մեր հայրենիքի կառավարութեան կողմէ արտասահմանի ուսանողներուն բացուած վարկին մասին յաճախ առիթ եղած է խօսելու: Հոս զգացուած հաւաքական կարիքներուն գոհացում տալէ առաջ, երբեք ըմբռնելի չէ եղած, ըմբռնելի չէ այդ շռայլութիւնը արհեստագիտական ճիւղերու թեկնածուներուն հանդէպ: Մեզի ամէնէն աւելի պէտք եղածը, առայժմ, հայոց լեզուին ու հայագիտութեան նուիրեալն է: Մեր դպրոցները, մամուլը, գրականութիւնը ամէն օր կը զգան թարմ ուժերու խիստ պակասը: Անդրադառնալով մեր տագնապին ու յումպէտս վատնուած միջոցներուն` դպրոցական վերջին տարեմուտին այս սիւնակներուն մէջ կը գրէինք.
«Այդ բացը լեցնելէ առաջ բնաւ նպատակայարմար չէ, կը խորհինք, որ հայրենիքը իր սահմանափակ միջոցները մսխէ տարբեր հեռանկար ունեցողներուն համար: Բժիշկ, դեղագործ, ճարտարագէտ, մեքենագէտ շատ ունինք, եւ նորեր պատրաստելու միջոցներ չեն պակսիր մեզի: Պակսողը հայոց հայրենիքին մթնոլորտը կրող մարդն է, հողին հմայքը, դաշտերուն բանաստեղծութիւնը, լեռներուն վեհութիւնը եւ Մատենադարանին լոյսը ամէն օր դասարան տանող «հոգիներու ճարտարապետ»¬ն է, հայկական լինելութեամբ տագնապող բուռն խառնուածքը:
«Նախապատուութիւնը պէտք է տրուի ա՛յս մէկուն, հայրենիքը պէտք է իր սուղ միջոցները յատկացնէ ա՛յս մէկուն պատրաստութեան»:
Յայտնուած այս տրամադրութեան մէջ առանձին չենք մենք: Նոյնպէս կը մտածեն նաեւ մեր գաղափարական հակառակորդները եւ Հայաստանի գրողներուն ընտրանին:
Վերջերս ռուս մտաւորականներու խումբի մը հետ Հայաստանէն տասը գրող¬մտաւորականեր Փարիզ այցելեցինք, ուր, ի պատիւ իրենց, ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ: Խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Պարոյր Սեւակ, հայութեան ճակատագրով խորապէս տագնապող այդ բանաստեղծը: Ըստ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ երեւցած մէկ թղթակցութեան, այդ առիթով խօսք կը տրուի նաեւ «Անլռելի զանգակատուն»¬ի ուժեղ երգիչին, որ կը խօսի մեր լեզուին, թիւին, գործերուն, կառուցումներուն մասին, մեր եկեղեցիին ու անոր դերին մասին եւ կը շեշտէ.
«Բայց կը կարծեմ, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ կարեւոր է հայապահպանման համար աւելի շատ դպրոցներ, քան` եկեղեցի: Այդ տեսակէտով , կը խորհիմ, որ Հայաստանը սխալ կ՛ընէ արտասահմանի բոլոր ուսանողները ընդունելով, որոնք մասնագիտութիւն մը ձեռք ձգելէ ետք կը վերադառնան սփիւռք եւ կը նուիրուին դրամ շահելու գործին: Մինչդեռ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար եւ` օգտակար, ընդունիլ միայն ա՛յն ուսանողները, որոնք պիտի հետեւին հայագիտութեան եւ հայոց պատմութեան, պահանջելով, որ աւարտելէ ետք Հայաստանի բարձրագոյն դասընթացքները, վերադառնան սփիւռք եւ նուիրուին ուսուցչական ասպարէզին, քանի որ անվիճելի է, որ սփիւռքը առաւելապէս պէտք ունի պատրաստուած ուսուցիչներու»:
Հայաստանի մտաւորականութեան ներկայացուցչական մէկ դէմքին որդեգրած այս կեցուածքը հարազատ է մեզի եւ` յոյժ յուսատու:
Վստահաբար Պարոյր Սեւակ առաջին անգամ Փարիզի մէջ չապրեցաւ մեր տագնապը եւ առաջին անգամ չէ, որ ձայն կը բարձրացնէ այդ մասին:
Որպէսզի հայրենիքը իր ցիրուցան զաւակներուն միջեւ կարենայ միութեան կապ մը հաստատել ու ամրացնե՛լ անոնց հոգին, հարկ է, որ դրուած հարցին տայ արագ եւ արդար լուծում մը:
Պ. Ս.