Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1969)

Յունուար 22, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
25-ամեակ ՀՅԴ «Զաւարեան»
Աշակերտական Միութեան

Նախագահութեամբ Մ. Իշխանի, շաբաթ, 18 յունուար, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան 25-ամեակը:

Ներկայ էին ղեկավար ընկերներ:

Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր, առաւելաբար` «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան հին ու նոր ընկեր-ընկերուհիներով եւ աշակերտական միութեան անդամներով:

Բեմը զարդարուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան, լիբանանեան եւ հայկական եռագոյն դրօշներով:

Հանդէսին բացումը կատարեց եւ օրուան նախագահը բեմ հրաւիրեց աշակերտականի վարչութեան ատենապետ Թորոս Մանկասարեանը:

Մ. Իշխան իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ ըսաւ.

Հայ իրականութեան մէջ մեր բոլոր տօնակատարութիւնները մեր հոգին կը սնուցանեն ազգային զգացումներով: Բայց այսօրուան հանդիսութիւնը բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ իրենց կեանքի գարնան մէջ գտնուող տղոց եւ աղջկանց 25-ամեայ փառատօնը պիտի կատարենք: Հաճոյք է ինծի համար տեսնել նոր սերունդ մը, որ պիտի բացուի մեր կեանքին մէջ, ծառ ու ծաղիկ պիտի դառնայ եւ մեր կեանքը պիտի լեցնէ նոր բոյրով մը:

Իբրեւ մշակ մօտենալով այս կազմակերպութեան` մեր կեանքին արտը ծլած, կանաչցած կը տեսնեմ:

Այս կազմակերպութիւնը ընդունած է «Զաւարեան» անունը, որովհետեւ ան իր նպատակին դրօշ ընդունած է Զաւարեանի գաղափարները: Այդ գաղափարները մեր յեղափոխութեան պատմութիւնը կերտած են ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ:

Արդարեւ, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեան եղած է անոր լուսապայծառ դէմքերէն մէկը: Ոչ միայն հիմնադիրներէն մէկը եղաւ, այլեւ դրաւ իր գաղափարին անջնջելի դրոշմը այդ կուսակցութեան վրայ:

Այս մտածումներով ես կ՛ողջունեմ այս միութեան 25-ամեակը: Քառորդ դար շարունակ պատանիներ եկած են այս միութեան շարքերը, սորված են հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, գալիք օրերու Այբ, Բեն, Գիմ-ը` դառնալու համար անդամները ՀՅ Դաշնակցութեան:

Ամէն տեղ երիտասարդական եռուզեռ կայ: Երիտասարդութիւնը խռովքներ կ՛ապրի, կ՛ուզէ բան մը փոխել մեր կեանքին մէջ` դէպի լաւը, դէպի լաւագոյնը: Մեր պատանիները կ՛ապրին իրենց հոգիին մէջ տեւական խռովք մը, տեւական անհանգստութիւն մը, որովհետեւ կը զգան հոգեպէս, եթէ նոյնիսկ գիտականօրէն պատրաստուած են: Հայ երիտասարդը անխուսափելիօրէն ինքզինքը զինուորը կը զգայ Հայ դատի իրագործումին:

Կ՛ողջունեմ այս 25-ամեակը եւ ի սրտէ կը մաղթեմ, որ «Զաւարեան»-ը կանգուն մնայ, բարգաւաճի, ուռճանայ եւ շարունակ նուիրեալ գաղափարապաշտ զինուորեալներ պատրաստէ   այն մեծ կազմակերպութեան, որ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ հայ ժողովուրդին:

Ռուբէնի յուշերէն ապրումով հատուածներ կարդաց Սօսի Յակոբեանը:

«Զաւարեան» աշակերտական միութեան կողմէ ուղերձ կարդաց Սիլվիա Պոյաճեանը: Տպաւորիչ այս ուղերձը` «Մեր խօսքը», արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:

Անձնուրաց ֆետայիներու օրերը պատկերացնող մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ սրահին լոյսերը մարեցան եւ լուսաւորուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշը: Զաւարեանական խումբ մը երիտասարդներ յաջորդաբար եւ միաձայն խմբերգեցին «Վէրքերով լի», «Զարթի՛ր, որդեա՛կ» եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» յեղափոխական երգերը, որոնց սրտաբուխ եւ մեղմաձայն իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկաները:

Օրուան բանախօս Վարդգէս Տէր Կարապետեանը հաղորդական լեզուով ներկայացուց «Զաւարեան» ուսանողական միութեան գործունէութիւնն ու հետապնդած նպատակը: Բաղդատած օտար ուսանողին հետ` ընդգծեց սփիւռքահայ ուսանողին կատարելիք դերը եւ ստանձնելիք պարտականութիւնները, յատկապէս` Հայ դատի առնչութեամբ իր բերելիք ամբողջական նուիրաբերումը:

Ստորեւ` սեղմ գիծերու մէջ Վարդգէս Տէր Կարապետեանին բանախօսութիւնը.

Կազմակերպութիւնները մեծ դէպքերու տարեդարձները կը տօնակատարեն պարզելու համար իրենց նպատակները, կատարելու համար ազնիւ փրոփականտ, որպէսզի տարածուի իրենց գաղափարը եւ յաղթանակէ այլ գաղափարներու մէջ:

Աշակերտական միութեան 25-ամեակը եւս միայն պարզ աշակերտական միութեան մը տօնակատարութիւն չէ: Ան իր վրան կը կրէ ՀՅ Դաշնակցութեան կնիքը եւ Զաւարեանի անունը: Մեր առջեւ կը ներկայանան Զաւարեանը իր մեծութեամբ եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը, որ այս գաղութին ամէնէն հին միութիւնն է:

1905-ին Սիմոն Զաւարեան կանգ կ՛առնէ Պէյրութի մէջ: Զրոյցներ կ՛ունենայ հայ ուսանողներու հետ, կը պարզէ անոնց ՀՅ Դաշնակցութեան միտքերը: Կը մեկնի Զաւարեան, բայց իր ետին կը թողու գաղափարապաշտ երիտասարդութիւն մը, որ կը կազմէ ուսանողական միութիւնը եւ կը կրէ այդ մեծ հայուն անունը:

Ուսանողական այս միութեան հովանիին տակ կը գործէ աշակերտական միութիւնը, որուն հիմը դրուեցաւ ասկէ 25 տարի առաջ:

Ծանօթ է բոլորիդ, որ պետութիւնները ի՜նչ համբերութեամբ կը դիմագրաւեն իրենց ուսանողներուն խռովքները: Ուսանողութիւնը մտաւորական այն շտեմարանն է, որմէ պիտի գան դէմքեր` կանգուն պահելու պետութիւնը, ստանձնելու պետական կարեւոր վարչամեքենան:

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մենք չունինք վարչագիտական ուսում տուող կեդրոններ: Հայագիտական, քաղաքագիտական մեր համալսարանները կրթական մեր բարձրագոյն հաստատութիւններն են ուսանողական միութիւնները:

Հայ ուսանողը պէտք է ըլլայ եւ է՛ բաց պատուհան մը` ուրիշներու հետ տեւաբար հաղորդակցութեան մէջ մնալու համար: Հայ ուսանողը պէտք է ապրի նաեւ մեր առօրեայի կարիքները, պէտք է պատրաստ ըլլայ:

Ուսանողութիւնը մէկ չնչին տոկոսը կը կազմէ ժողովուրդին: Բարձրագոյն ուսում ստացողները շատ աւելի նուազ են յատկապէս հայ իրականութեան մէջ, եթէ բաղդատենք օտար ազգերու հետ: Սակայն հայ իրականութիւնը պէտք չէ բաւարարուի միայն հայ ուսանողներու թիւով: Հայ ուսանողը ունի իր գաղափարաբանութիւնը, իր պատրաստութիւնը պէտք է գայ աշակերտականէն: Հո՛ն պէտք է պատրաստուի, ու երբ անցնի ուսանողական, շարունակէ իր գործը եւ ստանձնէ հանրային պատասխանատուութիւններ:

Ասկէ 20-25 տարի առաջ թիւով շատ քիչ էին Լիբանանի մեր երկրորդական վարժարանները: Օտար շրջանակներու մէջ դժուարին աշխատանքներ տարաւ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը: Ներկայիս ուրախ ենք, որ բազմաթիւ են մեր երկրորդական վարժարանները, որոնք մէկական պատնէշներ են ձուլումի վտանգին դէմ: Գաղափարական մարդը պատրաստող դերը կը կատարէ աշակերտականը: Հայապահպանումը միակ մտահոգութիւնը պէտք չէ ըլլայ մեզի համար: Մեր աշխատանքները պէտք է տանինք Հայ դատի ուղղութեամբ: Մեր ուսանողները պէտք է լծուին այդ աշխատանքին: Ունինք Դատ մը, մնացած ենք մինակ: Պէտք ունինք զոհաբերողներու: Սակայն այդ զոհաբերութիւնը կ՛արժեւորուի, եթէ մեր ուսանողները բերեն իրենց ամբողջական նուիրաբերումը: Այս կրկնակ աշխատանքները ստիպուած ենք պահանջելու մեր աշակերտներէն:

Օտար պետութիւնները իրենց աշակերտները պարզապէս առողջ քաղաքացիներ կը պատրաստեն: Մեր աշակերտները ունին կանխահաս լրջութիւն մը, որ կը լծէ զանոնք մեր ազգային պատրաստութեան եւ նպատակներու իրագործումին:

Այս տօնակատարութեան առիթով «Զաւարեան» աշակերտական միութեան եռանդ կը մաղթեմ, նոր 25-ամեակներ: Կը մաղթեմ աւելի թեթեւ մտահոգութիւններ: Իրենց մտահոգութիւնը ըլլայ միայն լաւ քաղաքացիներ, հա՛յ քաղաքացիներ պատրաստել:

Դերենիկ Թերճանեանի «Ֆետայիները» ընթերցանութենէն ետք իր փակման խօսքին մէջ Մ. Իշխան ի միջի այլոց ըսաւ.

Այս պատանի սերունդը ընդհանրապէս խորհրդաւոր է, որովհետեւ աւելի գալիք է եւ ապագայ: Այս սերունդէն կարելի է շատ բան սպասել: Չենք գիտեր, թերեւս ապագայ հերոսներ կան, թերեւս` դէմքեր, որոնք անջնջելի յիշատակներ պիտի ձգեն: Գոնէ քանի մը հոգիներ անոնցմէ պիտի դառնան այն աստղերէն, որոնց լոյսերը կը շողշողան հայոց երկնակամարէն: Կեանքի դէպքերն են, որ կը ստեղծեն պատմութեան հերոսները:

«Զաւարեան»-ի աշակերտները, ըստ իս, առանձնաշնորհեալներ են մեր սփիւռքի կեանքին մէջ: Որովհետեւ, բացի իրենց դասերէն, իրենց կը տրուի հայոց պատմութիւն: Թիւով 75 հոգի են անոնք: Պիտի ուզէի, որ երբ անոնք մտնեն հին ֆետայիի նկարներով զարդարուած մեր ակումբները, փնտռեն, գտնեն եւ նոյն բախտին կանչեն ուրիշ եօթանասունհինգներ, որոնք թէեւ մեր ազգին զաւակներն են, բայց օտար վարժարաններու մէջ չեն ստանար այն շունչը, որ զանոնք հայ պիտի պահէր: Ձեր պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ գտնել ձեզի հասակակիցներ եւ հաղորդակից դարձնել այն ապրումներուն, որոնք կը ներշնչեն ձեզ: Այս ալ արուեստ է: Ձեր անձին օրինակով, ձեր կեցուածքով պիտի կրնաք ազդել, եւ ասիկա մեծ գործ է:

Վերջացնելէ առաջ պիտի ուզէի օրինակ բերել Ա. Ահարոնեանի մէկ խօսքը` ըսուած ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մասին: Քրիստափոր Դաշնակցութեան միտքն էր, Ռոստոմ կամքն էր, եւ Զաւարեան խիղճն էր:

Միտք կարելի է գտնել, մանաւանդ` ներկայ դարուս: Կամքն ալ կարելի է դարբնել կեանքի վերիվայրումներուն մէջ:

Ամէնէն դժուարը խիղճն է, բարոյական հասկացողութիւնները, որոնց մարմնացումն էր Զաւարեանը: Ձեզի համար ամէնէն աւելի օրինակելին պիտի դառնայ Զաւարեանը, անոր կեանքը, անձը եւ գործերը: Ան մարմնացումն էր անխաթար բարոյականի մը, ծառայութեան ոգիին, անշահախնդրութեան եւ անաչառութեան:

Ահաւասիկ` այն անբասիր անձը, որուն անունով կնքուած էք: Կը մաղթեմ, որ գոնէ որոշ չափով նմանիք Զաւարեանի բարոյական տիպարին:

Մ. Իշխանին խօսքերը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանին բանախօսութիւնը, Սիլվիա Պոյաճեանին ուղերձը, ընթերցումներ կատարող եւ խմբերգող ընկեր-ընկերուհիները արժանացան բուռն եւ խանդավառ ծափերու:

Հանդէսը վերջ գտաւ ներկաներու յոտնկայս «Յառա՛ջ, նահատա՛կ» քայլերգի խմբերգումով:

Այս շքեղ տօնակատարութիւնը, որ քով-քովի բերած էր զաւարեանական գաղափարապաշտ երկսեռ ուսանողութիւնը, եղաւ գործունէութեան ու նոր կորովի ներշնչման աղբիւր եւ խթան` առաւել եւս արդիւնաւորելու համար ուսանողական այդ միութեան վրայ դրած մեր ժողովուրդին յոյսերը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշեր Հալէպէն. Հալէպի Հնգաստղանի Համեստ Իջեւանը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?