Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1969)

Յունուար 12, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

 Պուրճ Համուտի Ողողումները

Իշխանութիւնները Պէտք Է Այլեւս
Վերջ Տան Իրենց Անտարբերութեան

Տարիներէ ի վեր, ամէն անգամ, որ քանի մը օր յաջորդաբար կ՛անձրեւէ, եւ` առատօրէն, Պուրճ Համուտի շրջանը կ՛ենթարկուի աղէտալի ողողումներու, որոնք ոչ միայն նիւթական մեծ վնասներ կը պատճառեն շրջանի բնակչութեան, այլ նաեւ կը ստեղծեն անտանելի վիճակ մը` անանցանելի դարձնելով բոլոր ճամբաները:

Այս տարի վերջին շաբաթներու յորդառատ անձրեւները դարձեալ նոյն աղէտին մատնեցին բնակչութիւնը: Ամբողջ շրջանը ողողուեցաւ, որովհետեւ լեռներէն եւ մօտակայ բարձունքներէն հոսող ջուրը, Պուրճ Համուտ հասնելով, ճամբայ չէր գտներ ծով թափելու համար: Ջուրը մտաւ տուներէ եւ խանութներէ ներս` փճացնելով հարիւր հազարաւոր ոսկիներու հասնող կարասիներ եւ ապրանքներ:

Կացութիւնը այն աստիճան անտանելի դարձաւ, որ բնակչութիւնը պարտաւորուեցաւ փողոց իջնել, ցոյցի դիմել, որպէսզի վերջ տրուի իշխանութիւններու անտարբերութեան, եւ ճար մը գտնուի տարիներէ ի վեր տիրող անբաղձալի վիճակին:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ռեմոն Էտտէ երկու օր առաջ այցելեց շրջանը, պտտեցաւ զանազան թաղեր եւ տեղւոյն վրայ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ մեծ թերացում մը կայ հանրային իշխանութիւններուն կողմէ, հանդէպ այդ շրջանին: Բնակչութիւնը անտեսուած է ցարդ, եւ ոչ մէկ աշխատանք տարուած է կանխելու համար ողողումները:

Միւս կողմէ` հայ երեսփոխանները աշխատանք տարին պետական սպասարկութիւններու մօտ, որպէսզի որքան կարելի է շուտ գործադրութեան դրուին այն ծրագիրները, որոնք մշակուած են պետական գրասենեակներու կողմէ ու ցարդ կը մնան ծրագրային վիճակի մէջ` առանց գործնական քայլի, հակառակ անոր որ տարիներէ ի վեր թէ՛ հայ երեսփոխանները եւ թէ՛ շրջանի քաղաքապետութիւնը բազմիցս խոստումներ ստացած են  պատկան իշխանութիւններէն` ծրագրին իրականացումը փութացնելու մասին:

Ողողումներէն անմիջապէս ետք հայ երեսփոխանները տեսակցութիւն մը ունեցան հանրապետութեան նախագահութեան թեքնիք խորհրդական Ֆուատ Պըզրիի հետ եւ պահանջեցին, որ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըլլան, նախ անմիջական դարմանի մը համար, ապա նաեւ` գործադրութեան դնելու համար ընդհանուր ծրագիրը, որուն շնորհիւ լեռներէն հոսող ջուրերը պիտի ուղղուին դէպի Նահր էլ Մոթ: Ֆ. Պըզրի տեղւոյն վրայ կանչեց Լեռնալիբանանի ճամբաներու պատասխանատուն եւ հրահանգներ տուաւ ներկայացուած պահանջներուն ուղղութեամբ:

Շաբաթ առտու Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Անտրէ Թապուրեան, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի ժողովրդային խաւերու ներկայացուցիչներուն, դիմեցին Ռեմոն Էտտէին եւ ներկայացուցին հետեւեալ պահանջները.

1.- Փութացնել ընդհանուր ծրագրին իրականացումը,

2.-  Աղէտը գոնէ մեղմելու համար անմիջական կարգադրութիւններ ընել:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարը, իր կարգին, ազդուած ողողումներու օրը ժողովուրդին տուած իր այցելութենէն, խոստացաւ հնարաւոր ամէն միջոցի դիմել` գոհացում տալու համար բնակչութեան պահանջներուն:

Ժամանակը եկած է այլեւս, որ իշխանութիւնները դուրս գան իրենց անտարբերութենէն եւ անհրաժեշտ քայլերը առնեն` հետագային նման աղէտներէ զերծ պահելու համար բնակչութիւնը: Տարրական պարտականութիւն մըն է այս, որ պետութիւնը ունի իր քաղաքացիներուն հանդէպ: Երբ անդին միլիոններ կը ծախսուին այլ շրջաններու եւ այլ ծրագիրներու համար, որոնք կարեւորութեան տեսակէտէն շատ ետ կը մնան Պուրճ Համուտէն եւ անոր բարեզարդման վերաբերեալ ծրագիրներէն, ոչ մէկ թերացում ներելի է այլեւս:

Սպասումը երկար եղաւ: Լուծումը պէտք չէ ուշանայ:

Համրայի Վաճառատուներուն
Աշխատանքի Ժամանակացոյցը
Ապրիլ 24-ը Նկատի Առնուած Է
Պաշտօնական Տօներու Կարգին

Պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսաւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան մէկ հրամանագիրը, որ կը ճշդէ Համրա թաղի վաճառատուներուն փակումի եւ բացումի ձմեռնային ժամանակացոյցը:

Ըստ հրամանագրին, Համրայի սահմաններն են. արեւելքէն` Ժիւսթինէին փողոց, հարաւէն` Էմիլ Էտտէ փողոց, արեւմուտքէն` Սատաթ փողոց, հիւսիսէն` Քլեմանսօ փողոց:

Ձմեռը Համրայի վաճառատուները բաց պիտի ըլլան ժամը 8:00-20:00, ամառը դարձեալ 8:00-20:00, բացի շաբաթ օրերէն, երբ փակումը պարտադիր պիտի ըլլայ ժամը 14:00-ին:

Միւս կողմէ` հրամանագրին 3-րդ յօդուածին համաձայն, վաճառատուներուն մէջ աշխատանքը պիտի դադրի հետեւեալ տօնական օրերուն.

Լիբանանեան անկախութիւն, Աշխատանքի տօն, Ս. Ծնունդ, Ատհայի առաջին օրը, կաթողիկէ Զատիկի երկուշաբթին, Ֆիթրի տօնին առաջին օրը եւ մարգարէի ծննդեան տօնին, ուղղափառ Զատիկի երկուշաբթին, ՀԱՅԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՕՐԸ (ԱՊՐԻԼ 24):

Հրամանագրին 4-րդ յօդուածը Համրայի շրջանի վաճառատուներուն արտօնութիւն կու տայ բաց մնալու Ս. Ծնունդի, Ատհայի, Ծաղկազարդի, Նոր տարիի եւ Ֆիթրի տօները նախորդող բոլոր կիրակիները:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արտասովոր Տօներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?