Պէյրութ Եւ Լիբանան
102 Տարիէ Ի Վեր Այսքան Չէ Անձրեւած
Լիբանանի Մէջ
Օդաչափը Կը Նախատեսէ Աստիճանական
Բարելաւում Մը
Մէկ Մեռեալ Եւ 3 Վիրաւոր Էշրեֆիէի Մէջ
Հեղեղային անձրեւները, որոնք քանի մը օր շարունակ աղէտալի ողողումներուն պատճառ դարձան Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, այսօրուընէ սկսեալ որոշ դադար մը պիտի ունենան:
Արդարեւ, օդաչափը կը նախատեսէ աստիճանական բարելաւում մը: Անձրեւը պիտի շարունակուի, բայց` ընդհատ: Շաբաթավերջին երկինքը հաւանաբար բացուի:
Այնքան առատ անձրեւեց վերջին օրերու ընթացքին, որ բոլոր գետակները յորդած են: Ընդարձակ տարածութիւններ ջուրերու տակ մնացած են, բազմաթիւ ճամբաներ (յատկապէս` Թրիփոլիի ճամբան) եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան գիծերը կտրուած են:
Էշրեֆիէի մէջ տուն մը փուլ եկաւ եւ 25 օրուան երեխայ մը մեռաւ: Երեք ուրիշներ` երեխային մայրը, քոյրը եւ եղբայրը վիրաւորուեցան:
Սեպտեմբեր 1¬էն ի վեր տեղացած անձրեւը վերջին 102 տարիներուն համար կը հանդիսանայ մրցանիշ մը` 1235,7 միլլիմեթր քանակութեամբ: Մինչեւ հիմա ամէնէն անձրեւոտ տարին եղած էր 1877-78, 1235 միլլիմեթրով: Բայց այս թիւը արձանագրուած էր 12 ամսուան համար (սեպտեմբեր 1¬էն 31 օգոստոս): Հիմա տակաւին երեք ամիս կրնայ անձրեւել:

Վերնագիրը` Նկարով
Ուսանողական խլրտումներուն անդրադարձող վերջին հաղորդագրութիւններուն մէջ առանձին տեղ մը յատկացուած էր մասնաւորաբար Պոլսոյ ուսանողներուն: Թուրք ուսանողներուն թիրախը իրենց պետութիւնը կամ ընկերութիւնը չէր, այլ ամերիկացիներն էին: Ամերիկեան ազդեցութեան դէմ ելլելու ատեն հանրապետական Թուրքիոյ լուսամիտ տարրերը հրկիզեցին դեսպանին ինքնաշարժը եւ տնտեսական Ֆաքիւլթէի դրան մօտ կանգնեցին ցուցատախտակ մը, որուն վրայ, ինչպէս ցոյց կու տայ հոս հրատարակուած անոր լուսանկարչական պատճէնը, կը կարդացուի.
«Ամերիկեան դեսպաններուն եւ շուներուն մուտքը արգիլուած է»:
Ուրիշ երկիրներու մէջ ալ տեղի ունեցան ուսանողական ցոյցեր, տեղական իշխանութիւններուն կամ բռնագրաւիչներուն դէմ ծառացող երիտասարդներու հանդիպեցանք գրեթէ ամէն տեղ, ոմանք նոյնիսկ արիւն թափեցին, նոյնիսկ զոհեր տուին, բայց որքան մենք կը յիշենք, ոչ մէկը ցուցաբերեց այն գռեհկութիւնը, որով զուգուած¬զարդարուած հրապարակ կու գան Աթաթիւրքի ամէնէն ուսեալ կարծուած այս արարածները: Գռեհկութիւնը ցեղային գիծ է թուրքերուն մօտ եւ յանդգնութիւնը հայհոյանքին հետ շփոթելու թանձրամտութենէն հրաժարիլը կարծես անկարելի է իրենց համար:
Պնդողներ ըլլան հաւանաբար, որ ամերիկացիներուն դէմ արձանագրուած այդ շնական գիրը գործն է սահմանափակ թիւով ծայրայեղ ձախերու եւ ճիշդ չգտնեն մասնակի երեւոյթի մը մէջ ցեղային գիծեր տեսնելու եւ ընդհանրացումներ ընելու փորձը: Անճիշդը նման բարեացակամութիւնն է: Որովհետեւ ասոնք թուրքեր են եւ թուրքին աջակողմեանն ու ձախակողմեանը կազմուած են նոյն կաւէն, ունին նոյն ոգին, նոյն լեզուն:
Վերջին օրինակը.
Այս ամսուան սկիզբները Պոնի թուրք ուսանողներուն եւ բանուորներուն միջեւ ընդհարում մը տեղի ունեցաւ, եւ աջակողմեան տարրը վերի ցուցատախտակին վրայ դրսեւորուած ոգիին յար եւ նման ոգիով զեկոյց մը հրատարակեց, ուր այս անգամ «պատուուած են» ռուսերը.
«Մոսկոֆ շուներուն կ՛ազդարարենք, որ մզկիթի պատերուն չմօտենան: Մեր համբերութիւնը սպառած է»:
Խե՜ղճ թուրքեր: Կարծես Ասիոյ տափաստաններուն մէջ կ՛ապրին դեռ:
Բայց որքա՜ն դժուար պիտի ըլլար աշխարհին ճանչցնել թուրքը, եթէ հրաժարէր իր նկարագրէն…
Պ. Ս.
