Հայրերու Տառապանքը
Տեւաբար կը խօսուի նոր սերունդի դժգոհութեան մասին, եւ անոր հոգեկան տառապանքին զանազան երեսները կը ներկայացուին իբրեւ այդ դժգոհութեան իրաւացի պատճառները: Հանրային կարծիքը, ընդհանուր առմամբ, բարեացակամ է նորերուն հանդէպ, որովհետեւ նորահաս տունկերը միշտ ալ գուրգուրանքի եւ հոգածութեան կը կարօտին աճելու եւ ամրանալու համար: Եւ յետոյ, չէ՞ որ ապագան երիտասարդներունն է. չէ՞ որ անոնք միայն պիտի կրնան այս կեանքին տալ նոր շունչ եւ նոր ուղղութիւն:
Ոչ ոք նկատի ունի, սակայն, հայրերուն տառապանքը: Չ՛արժե՞ր արդեօք երբեմն ալ հակիլ անոնց հոգին կրծող ցաւին վրայ եւ որոնել դարմանը:
Նպատակս չէ խօսիլ հայրերու եւ որդիներու դասական պայքարի մասին: Սերունդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ դժգոհութեան հիմնական պատճառները ծանօթ են քիչ մը ամէն մարդու՛ ճաշակի տարբերութիւն, հնաւանդ սովորութիւններու հանդէպ դիրքաւորում եւ այլն:
Այս չէ բուն խնդիրը:
Հայրեր կան, որոնք հոգեկան խոր ողբերգութիւն կ՛ապրին ո՛չ անպայման անոր համար, որ իրենց որդիները իբրեւ մարդ «փճացած» անձեր են, այլ որովհետեւ այն չեն, ինչ որ իրենք կ՛ուզէին: Եւ ասիկա` թէ՛ ազգային, թէ՛ մարդկային տեսակէտէն: Մեր մէջ աւելի ազգային նկարագրի եւ ապրումներու միջեւ ստեղծուող անդունդն է, որ ծնունդ կու տայ յաճախ հայրերու տառապանքին:
Ահա մէկը` այդ դժբախտ հայրերէն, որ խոստովանողի մը յանցապարտ երկիւղով կը բանայ սիրտը.
– Տղաս բոլորովին ձեռքէ ելած է, կորսուա՛ծ…
– Ի՞նչ կայ, նոր բա՞ն մը պատահած է:
– Ո՛չ, բայց օրէ օր սկսած եմ տղաս չճանչնալ: Այնպիսի խօսքեր կ՛արտասանէ, այնպիսի կարծիքներ կը յայտնէ, որ խելքիս պիտի գայ. արիւնը գլուխս կը խուժէ, ամէն անգամ որ հետը վիճաբանութեան բռնուիմ:
– Դժուար է նորերուն հետ վիճիլը, պէտք է ըմբռնել զիրենք:
– Ըմբռնելու եւ չըմբռնելու հարց չէ, այդ սահմանը շատոնց անցած ենք: Տղաս, կ՛ամչնամ ըսելու, հայ չէ:
– Ի՞նչ կ՛ըսէք…
– Այո՛, դադրած է հայ ըլլալէ. ես, որ ամէն ինչ ըրի իրեն հայու զգացում ներշնչելու, ես, որ տունս հայերէն թերթեր ու գրքեր լեցուցի, ես, որ իրեն շարունակ խօսեցայ մեր կրած նահատակութեան եւ չարչարանքներու մասին…
– Է՜, ի՞նչ է ըսածը:
– Ի՞նչ պիտի ըլլայ, արտառոց գաղափարներ: Սէրը ազգութիւն չի ճանչնար եղեր, կարելի է եղեր որեւէ ազգի պատկանող աղջկան մը հետ ամուսնանալ եւ երջանիկ ըլլալ, համամարդկային իտէալները աւելի բարձր են եղեր քան` ազգութեան մը սահմանները, ի՞նչ գիտնամ` ասոր նման չնաշխարհիկ մտքեր: Կը բացատրեմ իր սխալ հասկացողութիւնը, կը խրատեմ, նուիրական արժէքներ կ՛ոգեկոչեմ` անօգո՜ւտ… հեգնանք կայ իր դէմքին վրայ: Հին ու մաշած կը գտնէ իմ կարծիքներս: Ըսէ՛ խնդրեմ, կա՞յ աւելի մեծ տառապանք հօր մը համար, որուն տղան կռնակ կը դարձնէ անոր դաւանած ամէնէն սուրբ իտէալներուն:
Կը զգամ, որ խոր ու ամբողջական է հայրական այս ցաւը: Զայն մեղմելու համար մեր ունեցած միջոցները շատ տկար են: Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ոչ` ընթացիկ բառերով յարձակիլ տղուն կարծիքներուն վրայ եւ նուազեցնել անոնց ընծայուած կարեւորութիւնը. «Լուրջի մի՛ առնէք, այսպէս են յաճախ այս նորերը. կը սիրեն հակասութիւններ ըսել, զարմացնել. վերջը կ՛անցնի: Յետոյ, մի՛ մոռնաք օտար գիրքերու ազդեցութիւնը, օտար շրջանակներու կապը: Բարեբախտաբար այդպէս չեն մնար, խելքի կու գան…»:
Իր որդին հոգեպէս օտարանալու վտանգին մէջ տեսնող հօր տառապանքը բնականաբար չի մեղմանար: Ան արդէն կ՛երեւակայէ օտար հարս մը տան մէջ, օտար բարքերու տիրապետութիւնը` ընտանեկան սովորութիւններուն վրայ, օտար հրապոյրներու ոսկեշղթան` տղուն վզին շուրջ:
Ահա հայր մը, որ գանգատ չունի իր տղու բարոյական ընթացքի մասին, գոհ է անոր նկարագրէն, պարկեշտութենէն, խելքէն, ուսման հանդէպ ունեցած շահագրգռութենէն: Բայց հոգի՜ն… իրեն համար կարեւորագոյն արժէքը կորսուելու վրայ է, այն, զոր ուզեց փրկել եւ չկրցաւ:
Քիչ չէ թիւը մեր մէջ այս տառապանքը ապրող հայրերուն:
Գուցէ ուրիշ ազգերու մէջ նման երեւոյթներ մտահոգութեան ոչ մէկ ամպ կը բերեն հայրերու հոգեկան աշխարհին վերեւ: Բայց մենք, որ մեր հայու իսկութիւնը պահելու գերագոյն պատերազմը կը մղենք, մենք, որ իբրեւ մարդ ապրելու եւ կեանքէն հաճոյք զգալու համար իբրեւ հայ կ՛ուզենք շնչել, ընդունեցէք, որ իրական ողբերգութիւններու առջեւ կը գտնուինք յաճախ: Ողբերգութիւնը հայ հօր, որ իր զաւկի աչքերուն մէջ կը նայի եւ հոն չի գտներ ինքզինք` իր հոգիին հայեցի պատկերով: Ողբերգութիւնը` սերունդի մը, որ հեգնանք կամ սկեպտիկ անտարբերութիւն կը տեսնէ նորերու դէմքին վրայ, երբ կը խօսի հայ արժէքներու անփոխարինելի հարստութեանց մասին:
Պիտի ըսուի անշուշտ, որ բոլոր որդիները նոյն կեցուածքը չունին: Իրենց հօր ճանապարհով գացողներու մեծ թիւ մը գոյութիւն ունի: Ճիշդ է: Սակայն բացառութիւն չեն կազմեր նաեւ անոնք, որոնք հակընթաց ճամբաներու որոնումը ունին:
Երբեմն իրապէս երիտասարդական «խենթութիւն»-ներու եւ նորութիւն ըսելու մարմաջին արդիւնք են որդիներու այս «լայն» մտածողութիւնը: Ժամանակը կը կարգաւորէ ամէն բան, եւ յուզեալ ջուրերը իրենց բնական հունը կը գտնեն: Երբեմն ալ, սակայն, հոգիներու կորուստը վերջնական է:
Ո՞վ կ՛անդրադառնայ, սակայն, հայրերու տառապանքին:
Ամուսնական կեանքի մէջ գոնէ ապահարզան գոյութիւն ունի:
Հայր ու զաւկի միջեւ այդ մէկն ալ անկարելի է:
Մ. ԻՇԽԱՆ
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
Պէյրութի Մասնաճիւղի Ամանորի Հաւաքոյթը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պէյրութի մասնաճիւղը իր Ամանորը տօնեց երեքշաբթի, 14 յունուար, կէսօրէ ետք, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ:
Տիկիններու եւ օրիորդներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը: Տեղի պակասը զգալի դարձաւ: Շատեր ստիպուեցան ետ դառնալ: Աւանդական այս ձեռնարկը քաջալերելու համար եկած էին նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամուհիները եւ շրջաններու քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւնները` իրենց ներկայացուցիչներով կամ ամբողջական կազմով:
Վարչութեան կողմէ հաւաքոյթին բացումը կատարեց Աղաւնի Էլոյեան: Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին նպատակն ու գործունէութեան սահմանները: Վարչութեան անունով կոչ ուղղեց անդամուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն` մօտէն հետաքրքրուիլ այս կազմակերպութեան գործունէութեամբ, օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ անոր, որպէսզի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարենպաստ գործը ամուր պահուի եւ արդարացնէ իր անունը:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Սեդա Մարտիրոսեան, Ժամկոչեան, Աբրահամեան, Ճապաղջուրեան, Րումեան եւ փոքրիկն Աւօ, որոնք իրենց գնահատելի շնորհներով փայլ տուին օրուան հաւաքոյթին: Տեղի ունեցան մեներգներ, արտասանութիւններ, նուագ եւ պար:
Հին ու նոր անդամուհիները հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հետեւեցան աւանդութիւն դարձած այս հաւաքոյթի յայտագրին: Հաճելի էր իրապէս այն ջերմութիւնը, որ կը զգացուէր իւրաքանչիւրին մօտ: Ու մանաւանդ քաջալերող էր այն երեւոյթը, որ շատ մը բարեկամ ընկերուհիներ խանդավառուած` փափաք յայտնեցին անդամակցիլ այս կազմակերպութեան:
Դժբախտաբար հաւաքոյթը ունէր իր վերջնական բացական` երիցուհի Աճեմեանը, որ տարիներ շարունակ իր ներկայութեամբ քաջալերած էր այս եւ նմանօրինակ ձեռնարկներ: Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեանը որոշած էր, սակայն, անոր անշունչ ներկայութիւնը շօշափելի դարձնել` հարիւր լիբ. ոսկի նուիրելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պէյրութի մասնաճիւղին, երիցուհիի յիշատակին:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան, որուն անդամուհիներէն Ա. Արծրունի եւ Բ. Առաքելեան անգամ մը եւս եկան հաստատելու, որ այս կանացի կազմակերպութիւնը մեծ գործ ունի կատարելիք ազգային իրականութենէն ներս եւ, հետեւաբար, ոչ միայն նման պարբերական հաւաքոյթներով պէտք է մէկտեղուիլ, այլ, յաճախ ձեռք-ձեռքի, պէտք է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, պէտք է միակամ գործել ու բարձր պահել Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործն ու անունը:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ, եւ ներկաներէն շատեր յօժարակամ իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Պատշաճ հիւրասիրութենէ եւ վիճակահանութենէ ետք, ջերմ մթնոլորտի մէջ փակուեցաւ հաւաքոյթը:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
