«Լո՜ւռ Գիշեր» Երգին
150-ամեակը
Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ մշտադալար եղեւինի ծառին շուրջ կը լսուի այս երգը, որ ունի 150 տարուան կեանք մը: Մանաւանդ Արեւմտեան Եւրոպայի, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մէջ տարածուած է ան` թարգմանուելով գրեթէ ամէն լեզուի:
Հայ աւետարանականները ունին զայն իրենց հոգեւոր երգերու ցանկին մէջ:
Ի՞նչ է այս «անմահ» երգին պատմութիւնը:
1818 դեկտեմբեր 24-ին աղքատիկ մարդիկ եւ կիներ առաջին անգամ երգած են զայն Սալցպուրկի մերձակայ Օպեռնտորֆ գիւղին Ս. Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ` ընկերակցութեամբ կիթառի: Եկեղեցիին երգեհոնը անգործածելի դարձուցած էին… մուկերը, իսկ օգնական քահանայ Եոզեֆ Մոհը նոր երգի մը բառերը գրած էր եւ նոյն օրը մօտակայ գիւղին Առնտոլֆի երաժիշտ-ուսուցիչին տանելով` յարմար եղանակ մը յօրինել տուած էր: Այդ երաժիշտը կը կոչուէր Ֆրանց Քսաւիէ Կրիւպեր, որ կիթառի վրայ նուագելով` ձայնագրած եւ նուագած էր:
Ահաւասիկ հայերէն բառերը.
Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր,
Ծով ու ցամաք քընով են խաղաղ,
Մեղմ կը փայլի աստղը Բեթղեհէմէ,
Եւ հեռուէն շատ աչքեր կը գրաւէ,
Հոն, ուր Փրկիչը ծնաւ:
Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր,
Երգ մը ահա հովիտին վրայ,
Հրեշտակներու անթիւ խումբը կ՛երգէ,
Երբ, որ ցնծման աւետիս կը բերէ.
«Տէրը` Փրկիչը եկաւ»:
Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր,
Ով դու երկիր, ա՛լ արթընցիր,
Քու օրհնութիւնդ արդ վեր թող ելլէ,
«Փառք Աստուծոյ ի բարձունըս» երգէ,
Խաղաղութի՜ւն աշխարհի:
Մոցարթի հայրենիք Սալցպուրկ եւ շրջակայքը այս 150-ամեակին առթիւ երգահանդէսներ սարքած են արժանավայել կերպով երգին յոբելեանը եւ հեղինակներուն յիշատակը նշելու համար: Դեկտ. 22-ին եւ 24-ին ուխտագնացութիւններ կատարուած են դէպի Սալցպուրկ եւ շրջանի գիւղերը` Օպեռնտորֆ, Առնտորֆ, Վաքրայն, Հայլայն, ուր յօրինուած եւ առաջին անգամ երգուած է «Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր» երգը` փրկութիւն յուսալով Բեթղեհէմի հրաշքէն:
Պ. ՖՐՈՒՆՃԵԱՆ
«Աղբալեան» Ակումբի
Առօրեայէն
Մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբին մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան ձեռնարկներ:
Ամսական իր հերթական յայտագրին վրայ, ակումբի վարչութիւնը, չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 1968-ի երեկոյեան, կազմակերպած էր զրոյց-դասախօսութիւն մը:
Զեկուցաբերն էր Յակոբ Պալեան, որ սպառիչ կերպով ներկայացուց` «Միջազգային երիտասարդութեան ուղին եւ հայ երիտասարդին պարտաւորութիւնները»:
Նիւթին այժմէականութիւնը եւ անոր հետաքրքրական ներկայացումը առիթ ընծայեցին, որ ներկաները կարծիքներ յայտնեն, լուսաբանութիւններ ուզեն եւ փորձեն եզրակացութիւններու հասնիլ:
Զեկուցաբերը սիրով պատասխանեց եղած հարցումներուն եւ ճշգրիտ ախտաճանաչումներ ըրաւ արդի երիտասարդութիւնը, յաճախ` անգիտակից, պոռթկումներու մղող պատճառներուն մասին, շեշտելով յատկապէս հետեւեալ կէտերը.
– Գիտութեան հսկայաքայլ յառաջդիմութեան կողքին, մարդոց բարոյական մշակոյթին դանդաղ յառաջացումը,
– Անպատասխանատուութեան տանող նիւթական բարօր վիճակ,
– Սեռային անբաւարար դաստիարակութիւն,
– Արդի կեանքին պահանջները չլրացնող կրթական ծրագիր:
Անդրադառնալով հայ կեանքին` զեկուցաբերը շեշտեց յատկապէս այն, որ արդի համալսարանական երիտասարդը դէպի ազգային կեանքը իր մօտեցումին մէջ յաճախ պաղ ընդունելութեան հանդիպելով` ցաւով կ՛երթայ օտար շրջանակի մէջ փնտռել հոգեկան եւ մտաւոր իր հաճոյքը:
Զրոյցի վերջաւորութեան ներկաները հիւրասիրուեցան թէյով եւ կարկանդակով:
Պուրճ Համուտի Համազգայինի
Ամանորի Խրախճանքը
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ամանորի առթիւ Պուրճ Համուտի Համազգայինի վարչութիւնը ունեցաւ իր խրախճանքի երեկոն, շաբաթ, 4 յունուարի երեկոյեան: Ընթրիք, նուագախումբ, վիճակահանութիւն եւ անակնկալներ երեկոն դարձուցին խիստ հաճելի: Հակառակ աննպաստ օդին` Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահը լեցուած էր մասնաճիւղի երկսեռ անդամներով եւ անոնց հիւրերով:
Օրուան նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին տոքթ. Զ. Փեհլիւանեան: Տիկին Փեհլիւանեան խանդավառուած տիրող ջերմ մթնոլորտէն` միութեան նուիրեց 200 լ. ոսկի: Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Գույումճեանը իր կարգին, խանդավառուած` նուիրեց 200 լ.ո., որմէ ետք ներկայ ազգայիններէն` Ժորժ Այվազեան, Զաւէն Չպուգեան եւ Զուարթ Սէրայտարեան նուիրեցին 50-ական լիբ. ոսկի:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին, բացի օրուան նուագախումբէն, նաեւ ներկաները, որոնց մէջ կային բազմաթիւ շնորհալիներ: Ի միջի այլոց, գեղանկարչուհի Սոֆիա Երամեանը իր հրապուրիչ ձայնով մեկնաբանեց ֆրանսերէն երգեր` արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութեան:
Խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր` եւրոպական եւ հայկական երգ ու պարերու կշռոյթներով եւ հնչիւններով:
Ներկաները հաճելի գիշեր մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին իրարմէ` Նոր տարուան ջերմ մաղթանքներով:
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԹՂԹԱԿԻՑ