Հայ Կեանք
Ամանորի Խրախճանքներ
Եւ Հանդիպումներ
Ամանորի առիթով, ազգային կրթական հաստատութիւններէ ներս այս տարի եւս տեղի ունեցան հանդիպումներ, հանդէսներ եւ խրախճանքներ` աշակերտներու մասնակցութեամբ:
«Ս. Խանամիրեան» Քոլեճի Խրախճանքը
Երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 1968, կէսօրէ ետք ժամ 2:30-ին տեղի ունեցաւ Ազգ. «Սուրէն Խանամիրեան» քոլեճի աշակերտական խրախճանքը, քոլեճի հանդիսասրահին մէջ:
Ներկայ էին` առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, քոլեճի բարերար, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանը, քոլեճի խնամակալ վարչութեան ատենապետ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեանը, անդամներ եւ հիւրեր:
Ամբողջ աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ հիւրեր, բոլորուած սեղաններու շուրջ, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հաճելի ժամեր անցուցին:
Քոլեճին տնօրէն Եդուարդ Էլոյեանը Ամանորի իր շնորհաւորութիւնները ներկայացուց հիւրերուն եւ աշակերտներուն:
Ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Յակոբ Իսկէնտէրեանը վարեց սեղանապետութիւնը` զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Գործադրուեցաւ յանպատրաստից գեղարուեստական յայտագիր մը: Ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Կաղանդ պապան ժամանեց նուէրներ բաժնելու համար հիւրերուն եւ ուսուցչական կազմին:
Քոլեճի աշակերտներէն կազմուած նուագախումբին խանդավառ նուագներով շարունակուեցաւ խրախճանքը եւ աւանդական այս հանդիպումը վերջ գտաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ:
«Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճի Հաւաքոյթը
Երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 1968, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, իր աւանդական Ամանորի հաւաքոյթին, Ազգ. «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի աշակերտութիւնը հաճելի անակնկալի մը առջեւ դրուեցաւ.
Քոլեճին տնօրէնութիւնը գնահատելի նախաձեռնութիւնը ունեցած էր տօնախմբումի եւ խորհրդածութեան այդ ժամերը լեցնելու հայ ժողովուրդի արժէքներով եւ իմաստուն խոկումներով:
Քոլեճի աւարտական դասարանի գրականութեան ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանը կարդաց Արամ Հայկազի «Ապրող ծառ մը» գրութիւնը: Ապա մէկ-երկու խօսքով մեկնաբանեց անոր խորհուրդը, մարդկային ազնիւ խորքը: Նոր տարուան առիթով, նոր ոգիի մը իբրեւ խորհրդանիշ, ներկայացնելով զայն ուսանողներուն:
Օրուան հիւրը` լիբանանահայ ծանօթ ասմունքող Խաչիկ Արարատեան, ներկայացուց հայ գրականութեան առակի սեռին լաւագոյն նմուշները` սկսած Այգեկցիէն մինչեւ Թումանեան եւ Խնկոյեան, մինչեւ Դարբնի, Ն. Պէշիկթաշլեան եւ Գայլ Վահան:
Կատարողական հաստատ ձիրքերով եւ արտայայտչական տպաւորիչ շեշտերով Խ. Արարատեան յաջողեցաւ հաճելին պրպտող այդ վայրկեաններուն, հաճելիին միջոցով փոխանցել մնայուն ու հիմնական խորհրդածութիւններ` վերցուած հայ գրականութեան բեղուն ժառանգէն:
Քոլեճի տնօրէն Կարապետ Պետրոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ արժէքներով շնչելու, անոնցմով խանդավառուելու եւ անոնց վրայ նոր յաւելումներ բերելու նպատակ մը կը հետապնդեն մեր վարժարանները: Ես վստահ եմ, որ մեր աշակերտներուն փոխանցուած այս նոր գեղեցկութիւնները անգամ մը եւս պիտի զօրացնեն իրենց կամքը` հայ աշակերտի կոչումը լրիւ արդարացնելու համար:
Փրոֆ. Նուպար Արփիարեան` Փարիզի Համալսարանական Ոստանի Կեդր. Խորհուրդի Անդամ Ընտրուած
Փարիզի Համալսարանական միջազգային ոստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ մը` փրոֆ. Նուպար Արփիարեանը ընտրուած է վարչական Կեդր. խորհուրդի անդամ:
Փրոֆ. Նուպար Արփիարեանը կը դասախօսէ Փարիզի գիտութեանց ֆաքիւլթէին մէջ եւ ծանօթ է միջազգային գիտական շրջանակներուն` լիւմինիսանսի մասին իր աշխատութիւններով: Վեց տարիէ ի վեր կը վարէ նաեւ Փարիզի Համալսարանական միջազգային ոստանի Հայ ուսանողական տան տնօրէնութիւնը:
Համալսարանական միջազգային ոստանի վարչական խորհուրդը ունի 25 անդամ:
Փրոֆ. Արփիարեանը ընտրուած է` իբրեւ ոստանի ամբողջ տնօրէններուն ներկայացուցիչը: Այս ընտրութիւնը ոչ միայն ապացոյց մըն է փրոֆ. Արփիարեանի վարչական կարողութիւններուն, այլ նաեւ` այն վստահութեան, զոր ոստանի 36 տուներու տնօրէնները ունին իրեն հանդէպ: