Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1969)

Յունուար 23, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մշակութային Կեանքը
Պասրայի Մէջ

Տասը տարիներու դադարէ մը ետք Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը դարձեալ ունեցաւ իր մշակութային յանձնախումբը:

Յանձնախումբը աշխատեցաւ ոչ միայն բաց մը գոցելու կամ կարեւոր պահանջ մը գոհացնելու, այլ ամէն ջանք թափեց, որ գաղութի նորահաս սերունդը հաղորդակից դառնայ մեր ժողովուրդի արիւնոտ, բայց շքեղ պատմութեան, մեր դարաւոր սքանչելի գրականութեան, մեր հարուստ մշակոյթին, որպէսզի հիւրընկալ այս ափերուն վրայ անաղարտ պահէ ցեղային իր բարձր նկարագիրը, անվթար մնայ իր հայեցիութիւնը: Կատարուած աշխատանքները նաեւ բացառիկ փայլ մը տուին գաղութի մշակութային խամրած կեանքին:

Յանձնախումբը գործի ձեռնարկած առաջին օրէն իսկ կրցաւ անսպասելի յաջողութիւններ արձանագրել եւ հաւաստիք տալ ապագայ իր փայլուն գործունէութեան:

Անցնող դադարին պատճառով, հայ մշակոյթին շուրջ նուազած հետաքրքրութիւնը նոր թափ առաւ եւ անխոնջ աշխատանքներու արագ զարգացումով աննախընթաց հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն առաջ բերաւ` հանդէպ հայ գրքին, լեզուին եւ մշակոյթին:

Վերաբացուեցան միութեան ընթերցասրահն ու գրադարանը, գիրքերու վրայէն սրբուեցաւ տարիներու փոշին, նոր գիրքեր գտնուեցան, եւ թերթեր բերուեցան:

Երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն մեծագոյն մասը, որ սկսած էր մայրենի լեզուին խառնել բազմաթիւ օտար եւ խորթ բառեր, երեւոյթներու ազդեցութեան տակ սկսաւ բծախնդրութիւն ցոյց տալ հանդէպ լեզուի մաքրութեան, ջանաց աստիճանաբար դուրս նետել մեր ոսկեղենիկ լեզուին անհարազատ բառերը:

Աւելի՛ն. սկսաւ հետեւիլ հայ գրականութեան, կարդալ, սորվիլ, գրականութեան շուրջ մտքերու փոխանակումներ ունենալ: Ազգային եւ հասարակական գործերէն ինքզինքնին հեռու պահող գրասէր տղաք եւս սկսան բերել իրենց մասնակցութիւնը: Եւ, մշակութային յանձնախումբին ղեկավարութեամբ, կազմակերպուեցան` գրական զրոյցներ, դատեր, վիճաբանական ասուլիսներ:

Տեղի ունեցան գրական-գեղարուեստական սքանչելի եւ հոյակապ ձեռնարկներ` նուիրուած Ա. Ահարոնեանին, Խրիմեան Հայրիկին, Համաստեղին, Միսաք Մեծարենցին, Մեսրոպ Մաշտոցին, Սայաթ Նովային: Տօնակատարուեցաւ Թարգմանչաց տօնը: Դասախօսութիւններ տրուեցան ազգային պատմութեան, գրականութեան եւ կարեւոր գիտելիքներու շուրջ:

Կազմուեցաւ երգչախումբ մը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ գրական-գեղարուեստական բոլոր ձեռնարկներուն:

Կազմուեցաւ թատերախումբ: Միութեան երբեմնի շէն բեմը դարձեալ ունեցաւ իր սիրողները: Բեմադրուեցան` «Պաղտասար Աղբար»-ը, «Օթելլօ»-ն, «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ այլ թատրերգութիւններ:

Կազմակերպուեցաւ նաեւ արուեստի տարեկան ցուցահանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի հայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները:

Իսկ գաղութահայութիւնը իր խուռներամ ներկայութեամբ միշտ քաջալերեց եւ գնահատեց բոլոր ձեռնարկները:

Ներկայիս մշակութային յանձնախումբը կը շարունակէ իր օգտաշատ գործունէութիւնը նոյն եռանդով:

ԼԵՒՈՆ Մ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Պասրա

 

Պէյրութ Եւ Լիբանան

 Աղէտալի Ողողումներ
Ամբողջ Լիբանանի Մէջ

Պուրճ Համուտ Երէկ Դարձեալ Ջուրերու Տակ Մնաց

Երէկուան տեղատարափը, որ կը յաջորդէր վերջին օրերու յորդառատ անձրեւներուն, աղէտալի ողողումներու պատճառ դարձաւ Պէյրութի արուարձաններուն, յատկապէս Պուրճ Համուտի մէջ: Հայաշատ այդ շրջանին կարգ մը թաղերուն մէջ, մասնաւորաբար` Նոր Սիս, ջուրը հասաւ մէկուկէս մեթր բարձրութեան` ողողելով տուներն ու խանութները: Տեսարանը սրտաճմլիկ էր, բոլոր կարաժները ջուրերու մէջ մնացած էին, մարդիկ սեղաններու վրայ նստած` կը սպասէին ջուրերու քաշուելուն, որ կ՛ուշանար, որովհետեւ անձրեւը վերջ չունէր:

Ողողումին պատճառով կեանքը ամբողջութեամբ կանգ առաւ շրջանին մէջ: Մարդիկ ո՛չ կը յաջողէին տուն մտնել եւ ո՛չ ալ տունէն դուրս գալ: Նախկին ողողումներուն հետ բաղդատած` երէկուանը մրցանիշ կը կոտրէր:

Քանի մը օրուան մէջ, ինչ որ անհրաժեշտ է, պէտք է անյապաղ կատարուի: Կարելի չէ երեսի վրայ թողուլ ամբողջ շրջանի մը բնակչութիւնը, որ դառնութեամբ լեցուած է:

***

Պեքաան ջուրերու տակ է: Կացութիւնը ժամէ ժամ կը ծանրանայ: Աղէտը երբեք այս համեմատութիւններու հասած չէր: Դամասկոսի ճամբան ողողուած է Պար Իլիասէն սկսեալ:

Ողողումի ենթարկուած է նաեւ հարաւային Լիբանանը: Կացութիւնը նուազ ծանր է Լեռնալիբանանի մէջ: Հետեւեալ ճամբաները փակ են. Պայտարի կիրճին ճամբան, Քամուհա-Արուպա, Սիուքի-Թուլա, Թաննուրին-Շաթին (փլուզումի պատճառով), Եասրէ-Ժեզզին, Ույուն Սիման-Հատեթ Պաալպէք, Պասքինթա-Սաննին, Քաֆարսելուան-Թարշիշ-Ժեզզին-Մաշղարա, Պասրի-Շուֆ, Ռայաք-Տէր Զէյնուն, Շթորա-Մասնաա:

***

Պէյրութի մէջ անձրեւը դադար չունի: Երեքշաբթիէն չորեքշաբթի (ժամը 8:30-էն 8:30), 15,4 միլլիմեթր անձրեւ եկած է: Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ երէկ առաւօտ` 1149 միլլիմեթր: Անցեալ տարի, նոյն շրջանին` 750 միլլիմեթր, միջին վերջին 10 տարիներուն` 513,8:

Մինչեւ այս իրիկուն ժամը 6:00 կը նախատեսուի` անկայուն օդ, անձրեւ, փոթորիկ, ձիւն` 800-1000 մեթրէն սկսեալ:

– Ազգային պաշտպանութեան նախարար Էմիր Մեժիտ Արսլան երէկ ժամանակին չկրցաւ գալ նախարարաց խորհուրդի ժողովին: Խալտէի շրջանը ողողուած ըլլալով` Էմիրը մնացած էր իր ապարանքին մէջ: Հարկ եղաւ դիմել հրշէջներուն, որպէսզի ջուրէն փրկեն էմիրը եւ իր ինքնաշարժը: Գործողութիւնը տեւեց երեք ժամ, ժամը 16:30-էն 19:30: Ողողուած շրջանէն անցնելէ ետք էմիրը մտաւ իր ինքնաշարժը եւ նախագահական պալատ հասաւ մոյկով եւ թարպուշը ծածկած` ճերմակ մեծ անձեռոցով մը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?