Խաչիկ Պապիկեան
Առողջապահութեան Նախարար
Նախարարական ութօրեայ տագնապէ մը ետք, Ռաշիտ Քարամէ երէկ գիշեր կազմեց 16 անդամներէ բաղկացած խորհրդարանական լայն դահլիճ մը: Վարչապետը անձամբ հաղորդեց լուրը ժամը 23:30-ին, Սին էլ Ֆիլի պալատին առջեւ հաւաքուած լրագրողներուն:
Ռ. Քարամէ նոյն ատեն ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Կրցանք կազմել կառավարութիւն մը, որ գոհացում պիտի տայ բոլոր լիբանանցիներուն: Այս կառավարութենէն կը պահանջուի իրագործել ժողովուրդին պահանջները, որոնք հետեւեալներն են. զինուորական պարտադիր ծառայութեան հաստատում, սահմանամերձ գիւղերու ամրացում, օժանդակութիւն արաբական դատերուն` բոլոր մարզերու մէջ, Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան ներդաշնակում, Լիկայի քաղաքականութեան եւ վեհաժողովներու որոշումներուն հաստատման քաղաքականութեան մը պահպանում»:
Երէկ առտու տագնապին լուծման համար բանակցութիւնները վերսկսած էին երրեակ զինակցութեան կողմէ Հանրապետութեան նախագահին առաջարկուած երկու նոր տարազներու հիման վրայ: Այդ տարազներէն մէկը կը նախատեսէր վեց հոգինոց դահլիճ մը, միւսը` ութ:
Երեկոյեան, երբ Ռ. Քարամէ գնաց նախագահական ապարանք, անուններու շուրջ ենթադրութիւններ կ՛ըլլային տակաւին, զինակցութեան առաջարկած տարազին հիման վրայ: Ժամը 23:00-ին խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ Սին էլ Ֆիլ եկաւ եւ յայտարարեց, որ ամէն բան վերջացած է: Ժամը 20:30-ին, վարչապետը իր յայտարարութիւնը ըրաւ լրագրողներուն: Կը սպասուէր ութերու կառավարութիւն մը. ծանուցուեցաւ 16-երու դահլիճ մը:
Նոր դահլիճին կազմին ծանուցումէն ետք Ազգային ազատական կուսակցութեան բանբերը` Քազեմ Խալիլ լրագրողներուն յայտարարեց. «Ազգային ազատականները կը խորհին, որ «Հելֆ»-ը ներկայացուած չէ»:
Միւս կողմէ` Էտտէ յայտարարեց, որ իր պատասխանը այսօր պիտի տայ: Իսկ Փ. Ժեմայել մերժեց որեւէ մեկնաբանութիւն ընել` յայտնելով միայն, որ «Երեք»-ները այսօր պիտի հաւաքուին ճշդելու համար իրենց դիրքը:
Նոր դահլիճին մաս կը կազմեն 3 սիւնիի, 3 մարոնի, 3 շիի, 2 տիւրզի, 2 յոյն օրթոտոքս, 2 յոյն կաթողիկէ եւ 1 հայ:
Պէյրութ ունի 6 նախարար, Լեռնալիբանան` 4, հիւսիսային Լիբանան` 2, հարաւային Լիբանան` 2, Պեքաա` 2: