50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1969)
Մի՛ Վշտացնէք... Աշխարհի մեծագոյն թերթերէն է «Նիւ Եորք Թայմզ»: Միացեալ Նահանգներու մեծագոյնը` իր ազդեցութեամբ: Բայց երբեմն կը փոքրանայ: Փոքրացած է վերջերս` արժանապատուութեան ամէն զգացում ոտնակոխ ընելով: Առիթը Թուրքիան է, աւելի ճիշդը` միջադէպերը, որոնք պատահեցան ամերիկեան Վեցերորդ նաւատորմին Պոլիս եւ Իզմիր այցելութեան ընթացքին: Յուզի՜չ է ամերիկեան օրաթերթին ինքնաքննադատութիւնը, երբ կ՛ըսէ. «Մենք ամերիկացիներս, պէտք չէ վշտացնենք Թուրքիան, որ յարգանքի արժանի բարեկամ մըն է»... «Պէտք է խորհիլ, թէ Թուրքիա արժանաւոր բարեկամ մը եւ օգտակար կռուան մըն է»... «Խրամատ մը բացուած է Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ, Ամերիկա պէտք է փութով փակէ այդ խրամատը»... Ամբողջ յօդուածը նման «պէտք է»-ներու շարան մըն է: Ամերիկա նստած է...
Կարդալ ԱւելինDetails


