Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1969)

Յունուար 17, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Վենեզուելայի
Հայ Գաղութը

Վենեզուելայի հայ գաղութը կազմաւորուիլ սկսած է 1955-1958 տարիներուն, մեծ մասամբ Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ Յունաստանէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Ռումանիայէն եւ Պուլկարիայէն հետզհետէ ժամանած հայերով:

Ներկայիս Վենեզուելա իր մէջ կը հաշուէ 1000 հայ: Մօտ 450 հայեր կը գտնուին մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ, մնացեալները ցրուած են զանազան քաղաքներու մէջ: Քիչ չէ թիւը նաեւ օր ըստ օրէ ժամանող նոր գաղթականներուն:

Գաղութը ունի իր շաբաթօրեայ դպրոցը, ուր նորահաս սերունդին կը դասաւանդուին` հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայերէն երգ, շարական եւ աղօթք: Սկիզբը աշակերտներուն թիւը եղած է 25: Վերջին երկու տարուան ընթացքին այս թիւը բարձրացած է 65-ի: Վարժարանին յատկացուած սրահը նեղ գալով, ներկայիս, նուիրատուութիւններով գոյացած դրամով, Ազգային տան ընդարձակ պարտէզին մէկ անկիւնը փոքրիկ դպրոց մը կը կառուցուի:

1968 դեկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցած է նաեւ ազգային «Արարատ» շաբաթօրեայ վարժարանին բացումը: Դպրոցը իր դուռերը կը բանայ շաբաթ օրերը, յետմիջօրէին, ժամը 3:00-6:00: Ունի երեք դասարան: Աշակերտները կը խօսին հայերէն:

Գաղութի ամենագործօն միութիւններէն է Երիտասարդաց միութիւնը: Ունի իր պարախումբը, «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը, մօտ 3000 գիրքերով ազգային «Արարատ» գրադարանը եւ սեփական «Նաւասարդ» մարզադաշտը:

Օգտաշատ գործունէութիւն ունի Տիկնանց միութիւնը: Իր հոգածութեան տակ առած է եկեղեցիին եւ դպրոցին գործունէութիւնը:

Վերջերս ծնունդ առած է նաեւ Հայ համալսարանականներու շարժումը: Ամէն չորեքշաբթի իրիկուն 17 համալսարանականներ կը խմբուին Ազգային տունին մէջ, ուր գաղութի հոգեւոր հովիւ Կիլիկիոյ միաբան Եզնիկ վրդ. Բալայեանը կը դասախօսէ հոգեւորական նիւթեր եւ կը կազմակերպէ վիճաբանական ասուլիսներ:

Եզնիկ վրդ. Բալայեանը մեծապէս սիրուած է գաղութի հայութենէն: Իր նուիրեալ եւ օգտաշատ ծառայութեան համար Ազգային վարչութիւնը ադամանդաշար մատանի մը նուիրած է, իսկ Տիկնանց միութիւնը` գեղեցիկ լանջախաչ մը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սննդագիտական. Տօներէն Ետք Աւելորդ Քիլոներէն Ձերբազատելու Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?