2000 Թուականին
Նիւթեղէնները
Դուրս գալով երկաթի դարաշրջանէն եւ մտնելով սինթեթիք փոլիմերներու դարաշրջանէն ներս` մարդկութիւնը չի փոխեր միայն իր քաղաքակրթութեան հիմնական նիւթեղէնը, այլ նաեւ` տարբեր սովորութիւններ:
2000 թուականին կառուցման գետինները աւելի սուղ պիտի արժեն, քան` կառուցուած շէնքը: Ամբողջովին մեքենայացուած մեծ կառոյցները պիտի օգտագործեն աւելի թեթեւ, աւելի աժանագին եւ բնութենէն հանուած կամ վերամշակուած նիւթեղէններէ աւելի գերազանց յատկութիւններով նոր նիւթեղէններ:
Ներքին կահաւորումը, կահոյքը, անձնական առարկաները, սպասները, բոլորը պիտի ըլլան թեթեւ, դիւրութեամբ գործածելի, դիմացկուն: Թէյը այլեւս պիտի չպաղի գաւաթին մէջ, իսկ սառը պիտի չհալի` դրուած ըլլալով մեկուսացուցիչ մասնաւոր տուփի մը մէջ: Լուտլի հակաելեկտրոսթաթիք եւ անբոցավառելի գորգեր պիտի ծածկեն բնակարաններու ամբողջ տարածութիւնը: Անոնք պիտի տարածուին նաեւ բակերու մէջ, ուր պիտի գրաւեն կանաչապատ մակերեսներուն տեղը, որոնցմէ աւելի աժանագին պիտի ըլլան, արգելք պիտի ըլլան մոլախոտերու եւ միջատներու` անկախ կլիմայական փոփոխութիւններէ եւ նոյնիսկ գունատումէ: Շուրջի միջավայրը պիտի զատորոշուի իր գոյնով եւ փայլով:
Մեքենաշինութիւնը եւս օրէ օր նոր պարտաւորութիւններ կը դնէ նիւթեղէններու արտադրութեան մէջ: Պողպատներու տիրապետութենէն, որ պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ արդիւնաբերութեան անհրաժեշտութիւն, պիտի կարենայ ազատիլ` շնորհիւ մետաղային խառնուրդներու, որ կը հետազօտուի այժմէն իսկ: Ներկայիս օգտագործուած մետաղներու 93 առ հարիւրը պողպատ է: Զինքոնիւն, նիոպիուն, մոլիպտենը եւ թունկսթենը մետաղներ են, որոնք պիտի մտնեն վաղուան նիւթեղէններու շարքը գրեթէ բոլորը` բաղադրեալ ունենալով տարածական, անդիւրաբեկութեան յատկութիւններ եւ դիմացկունութիւն` բարձր ջերմաստիճաններու մէջ: Բրուտագործական արդիւնաբերութիւնը պիտի զարգանայ գրեթէ այնքան շատ, որքան` մետաղներու արդիւնաբերութիւնը, հաւաքական նիւթերու հետ միասին, կրաղիւսի ընտանիքէն, հաստատուն փրփրուի նման:
Կ՛ակնկալուի, որ երեւան հանուին նիւթեղէններ, որոնք ունենան արտաջերմային հակազդեցութիւն տուող նիւթեղէններու յատկութիւնները, ներջերմային նիւթեղէնները, որոնք պիտի ներծծեն ջերմութիւնը:
Այնպէս` ինչպէս ներկայիս մեքենաները կազմուած են տարբեր բաղադրութիւններ ունեցող մեքենամասերէ, կարելի է, որ վաղը իւրաքանչիւր մեքենամաս կազմուած ըլլայ ոչ միատարր եւ ոչ միակերպ` ըստ իս կատարելիք աշխատանքին: Ձուլուած զանգուածի մը աջ կողմի մասը պիտի ըլլայ տարբեր նիւթով, կեդրոնի կամ ձախ կողմի նիւթէն:
2000 թուականին նախագծողը հաշուիչին պիտի զրկէ մօտաւոր մէկ գծագրութիւնը իր շինել ուզած մեքենային` նշելով կատարելիք գործերը եւ ուզած մակաչափերը: Ելեկտրոնային մեքենան պիտի չկատարէ միայն հաշուի ծրագիրը (ինքնաշխատ ծրագրումը), պիտի չարտադրէ նախագիծները, գծագրութիւնները եւ ուզուած չափերով փլանները, այլ ցոյց պիտի տայ նաեւ այն նիւթերը, որով պէտք է կազմուած ըլլայ անոր բաղկացուցիչ մասերուն իւրաքանչիւրը:
Անակնկալ մը պիտի ըլլայ, եթէ ան ցոյց տայ նոր նիւթեղէններ, որոնց պիտի տայ անուններ ալ, ստեղծուած` պատկան մեքենայի մասնայատուկ գործածութեան համար, հիմնուելով այն տուեալներուն վրայ, որ ան պիտի ունենայ օքսիտներու, բրուտեղէններու, ածխայիններու, բորակներու, մետաղեայ խառնուրդներու մասին եւ անոնց խտութեան, ջերմաստիճաններու հանդէպ վարուելակերպման, առաձգականութեան, ուժեղութեան, ճնշումի դիմացկունութեան, լարուածութեան եւ հակամաշ յատկութիւններուն վերաբերեալ:
Վերջին նշումը մեզի կը յիշեցնէ այն հսկայական խնայողութիւնը, որ պիտի իրագործէ գիտութիւնը գէթ միայն այս մշակումի գլուխին մէջ: Վերջերս ամերիկացի հետազօտող մը կը հաւաստէր, որ Միացեալ Նահանգներու պողպատի արտադրութեան 30-40 առ հարիւրը կոչուած է փոխարինելու մաշումի ենթարկուած մեքենամասերը: Ամէնէն աւերիչն է այն մաշումը, որ տեղի կ՛ունենայ արդիւնաբերական եւ ծովային մթնոլորտի մէջ: Մարդկութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ սկսիլ ովկիանոսներու նուաճման առանց զինուած ըլլալու քիմիական նոր յատկութիւններ ունեցող նոր նիւթերով: Կերպընկալ նիւթէ շինուած շոգենաւերը պիտի ըլլան թեթեւ, անբեկանելի, անընկղմելի:
2000 թուականին այլեւս պիտի չգրուի թուղթի վրայ: Ֆոթօ¬ելեկտրական արագ եւ անաղմուկ գրամեքենաներ փոխադրելի ժապաւէններու վրայ տեղեկութիւնը պիտի արձանագրեն դոյզն տարածութեան մը վրայ ամբարելով նիշերու հսկայական քանակութիւններ: Այս ժապաւէնին վրայէն տեղեկութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կարդալ, ընդօրինակել կամ հաղորդել դիւրին փոխադրելի մեքենաներու օժանդակութեամբ, ինչպէս են` թրանզիսթորներով ռատիօ¬գործիքները:
Այսպէս, նիւթեղէնները պիտի ըլլան խթան եւ օժանդակ` յստակ մտածումի մը համար:
ՄԻՐՉԷԱ ՄԱԼԻՑԱ
Հայ Լեզուն
Կ՛ըսեն, որ մայրենի լեզուն բանի մը չի ծառայեր: Օտար լեզուներ պիտք է գիտնալ: Բայց մայրենի լեզուն անհրաժեշտ է միշտ հայ ապրելու համար:
Կան մտածողներ, որ իրենք կրնան հայու հոգին անաղարտ պահել իրենց մէջ` առանց հայերէնի: Ցնորք է ասիկա. տանջալից, ողորմելի ցնորք: Լեզուն միայն կը կազմէ այն պատեանը, որուն մէջ ցեղի մը ոգին իր անայլայլ մարգարիտները կը ստեղծէ: Լեզուն է այն կրակը, որուն ծաւալած ջերմութենէն կը բացուին ցեղի մը արժէքները խորհրդանշող անթառամ ծաղիկները: Լեզուն է այն հողը, որուն մէջ ժողովուրդի մը կենաց ծառին արմատները կը զօրանան:
Յիմարութիւն է կառչիլ տարբեր զօրութեանց: Գերագոյն ուժն է լեզուն, որ մեզ պիտի պահպանէ եւ ամէնէն սաստկաշունչ ամբուռքին մէջէն իսկ մեր առագաստները պիտի հասցնէ լուսաւոր ու խաղաղ ափունքները:
Գիտակցինք մեր լեզուին գեղեցկութեան: Անիկա միայն միջոց մը չէ մեր գաղափարներն ու զգացումները արտայայտելու: Անոր մէջ մեր ժողովուրդի ոգին կայ: Հոն կը բաբախեն Սուրբ Սահակի եւ Մեսրոպի սիրտերը:
Հայերէն լեզու մը չէ` միայն բառերով հիւսուած: Անիկա տիեզերքի հեղեղացայտ աղբիւրներէն առած է իր հնչիւնը Թէ՛ արիւն կայ անոր մէջ եւ թէ՛ արցունք, արիւնը մեր նահատակներուն եւ հերոսներուն, արցունքը, որ մեր մայրերուն եւ քոյրերուն աչքերէն հոսեցաւ` առանց բնաւ կարենալ ողոքելու քար սիրտը բռնակալներուն:
Ահա թէ ի՛նչ մայրենի լեզուն: Զայն չգիտնալ` ինծի համար ամէնէն վատ դասալքութիւնն է: Ասով է, որ մէկը իր նախահայրերուն հրաջերմ քաղցրութիւնը կը զգայ: Անով է, որ մենք որոշ դիմագիծ մը կը ներկայացնենք մարդկութեան մէջ. մեր ցեղին հարազատ պատկերը կը կրկնենք. մեզ դիեցնող եօթն անգամ օրհնուած մայրերուն երկնային համբոյրովը կ՛արթննանք ամէն առաւօտ:
Կը բաւէ միայն գիտակցիլ, հայերէնի ճամբով հասնիլ այն լուսազարդ հանգրուաններուն, որոնք մեր մշակոյթի անխորտակելի կոթողներն են: Ճանչնալ մեր մատենագրութեան հսկաները: Գիտնալ, թէ Ոսկեդար մը ունեցած ենք, ինչ որ չէ տրուած ամէն ժողովուրդի: Գիտնալ, թէ մեր լեզուով ստեղծուած սքանչելի գոհարներ գոյութիւն ունին:
Ցոլացնենք պայծառօրէն մեր կերպարանքը մեր լեզուին անսահման խորհուրդին մէջ:
ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ