Ս. Ծնունդի Տօնը
Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս ջերմեռանդ հաւատքով եւ աւանդական սովորութիւններով տօնեց Ս. Ծնունդը:
Կիրակի, 5 յունուար, բոլոր եկեղեցիներու մէջ հոծ բազմութեամբ հաւատացեալներ ներկայ եղան խթումի ս. պատարագին:
Երեկոյեան պատկերասփիւռի կայան 9-էն եւ 11-էն ներկայացուեցան յատուկ հայկական յայտագիրներ` մասնակցութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասի երկսեռ երգչախումբին, «Սայաթ Նովա» եւ «Գուսան» նուագախումբերուն եւ երկսեռ պարախումբերու:
Բազմաթիւ ընտանիքներ մինչեւ ուշ գիշեր Ս. Ծնունդի աւետիսը տօնեցին: Առաւօտեան ժամերուն երգեցիկ խումբեր «Խորհուրդ մեծ…» շարականով աւետեցին Ս. Ծնունդը:
Երկուշաբթի, 6 յունուար, հակառակ ցուրտին եւ գրեթէ անդադրում անձրեւին, հաւատացեալ հայ ժողովուրդը բոլոր եկեղեցիներու մէջ խուռներամ բազմութեամբ ներկայ եղաւ Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր ս. պատարագին:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հայրապետական հանդիսաւոր ս. պատարագ մատուցեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:
«Հայր մեր»-էն առաջ վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Թելադրեց հաւատացեալներուն` առաջնորդուիլ Բեթղեհէմի մանուկ Յիսուսին բերած նոր սկզբունքներով, փոխադարձ վստահութիւն ունենալ եւ գիտնալ յարգել զիրար: Յիսուս իր ծննդեան օրը Բեթղեհէմի իջեւանին մէջ տեղ մը չգտաւ: Այսօր ան ծնած է եւ տեղ կը փնտռէ իբրեւ իջեւան: Բանանք մեր խոպանացած եւ անապատ դարձած սրտերը եւ իջեւան դարձնենք Յիսուսի, որպէսզի ան ծնի մեր մէջ, եւ քալենք արդարութեան, ճշմարտութեան եւ կատարելութեան ճանապարհներէն: Ապա վեհ. հայրապետը, Հայց. եկեղեցւոյ եւ անոր նուիրապետական աթոռներուն անսասանութեան աղօթելէ ետք, ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը կարիքը ունի իրերհասկացողութեան եւ համագործակցութեան` կարենալ ինքնապաշտպանուելու համար իր գոյութեան սպառնացող ամէն տեսակի չարիքի եւ աղէտի դէմ»:
Վեհափառ հօր քարոզն ու հայրապետական պատարագը ձայնասփռուեցան պետական ռատիոկայանէն:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանը:
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպս. Սարգիսեանը:
Միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նմանապէս տեղի ունեցան հանդիսաւոր պատարագներ, եւ պատարագիչ վարդապետներ ու քահանայ հայրեր խօսեցան հոգեշունչ քարոզներ:
Ջրօրհնէքի կարգն ու ս. մկրտութիւնը եւս տեղի ունեցան հանդիսաւորապէս եւ, աւանդական սովորութեամբ, հաւատացեալներ իրենց տուները տարին մկրտութեան օրհնուած ջուրէն: Ուշագրաւ էր նաեւ բազմահարիւր շարքերով ս. հաղորդութիւն ստացող հաւատացեալներու բազմութիւնը:
Յաւարտ ս. պատարագի, վեհափառ հայրապետն ու առաջնորդ սրբազանը ընդունեցին ազգային մարմիններու եւ հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները:
Հայ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ եւս տեղի ունեցան հանդիսաւոր պաշտամունքներ: Վերապատուելիներ քարոզեցին Ս. Ծնունդի խորհուրդին մասին:
Երեքշաբթի, 7 յունուար, յիշատակ մեռելոց: Բոլոր եկեղեցիներու մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտին Ազգային գերեզմանատուները այցելեցին բազմահազար սգաւորներ` յարգելու համար յիշատակը իրենց հեռու եւ մօտ ննջեցեալներուն: Գերեզմանօրհնէքը տեղի ունեցաւ Անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:
***
Երկուշաբթի, 6 յունուար, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Համազգայինի քաղաքի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած Ս. Ծնունդի աւանդական հանդիպումը: Համազգայինի եւ Ճեմարանի բարեկամներու շրջանակը հաւաքուած էր Նոր տարուան եւ Ս. ծնունդի բարեմաղթութիւններ ընելու իրարու: Վարչութեան ատենապետ Շաւարշ Թորիկեան խօսք առնելով` հակիրճ ակնարկ մը նետեց անցնող տարուան ազգային եւ քաղաքական դէպքերուն վրայ եւ մաղթեց, որ նոր տարին մեր Դատին եւ ազգային իտէալներուն համար նպաստաւոր տարի մը ըլլայ: Այնուհետեւ խօսք տրուեցաւ «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանին: Հ. Տասնապետեան յիշեց օրուան մեծ բացական` ընկ. Սիմոն Վրացեանը, ապա ճեմարանի մեծ ընտանիքին կողմէ բարեմաղթութիւններ ըրաւ ներկաներուն:
Լիբանանահայ Կրթական
Ընկերակցութեան Ճաշկերոյթը
Ընկեր Ժ. Խաչատուրեան Կը Հաստատէ
Համալսարանական Ֆոնտ Մը
Յունուար 6-ի գիշերը Քարլթոն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան ճաշկերոյթը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի:
Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան` դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպս. Սարգիսեան, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանը, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով ազգայիններ, երկսեռ բազմութեամբ:
«Սայաթ Նովա» նուագախումբը հայկական զուարթ եղանակներով ու Սիլվի Սիմոնեան եւ Յարութիւն Թումայեան իրենց երգերով ստեղծեցին ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտ մը:
Ճաշէն ետք խօսք առաւ սրբազան հայրը եւ ընդգծեց ձեռնարկին նպատակը, ինչպէս նաեւ առաջադրանքները` կրթական ընկերակցութեան, որ կոչուած է մեծապէս նպաստելու մեր կրթական հաստատութիւններու բարելաւման, ուսումնատենչ հայորդիներու ազգային դաստիարակութեան գործին ու հայ ուսուցիչներու նիւթական պայմաններուն բարւոքման:
Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Խաչատուրեան կարդաց բովանդակալից գրութիւն մը` շեշտելով, որ ապագան կը պատկանի այն ժողովուրդներուն, որոնք ամուր հիմերու վրայ կը դնեն իրենց կրթական գործը, ու մանաւանդ կը հասցնեն գիտնականներու փաղանգ մը:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Գարեգին եպիսկոպոսին, որ մտաւորականի բարձր սահմանումով մատնանշեց հայ դպրոցին դերը, ո՛չ միայն իբրեւ գիտութեան օճախ, այլ նաեւ` իբրեւ հոգեկան մթնոլորտ, ուր կը կերտուի մարդը ու մարդուն մէջ` հայը:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը կարդաց Ժիրայր Խաչատուրեանին կողմէ ստորագրուած նամակ մը, որուն բովանդակութիւնը գնահատուեցաւ բուռն ծափերով: Արդարեւ, Ժ. Խաչատուրեան կը խոստանար հաստատել համալսարանական ֆոնտ մը` չորս տարի ամբողջ բարձրագոյն ուսումի հնարաւորութիւն տալու համար յաջողակ աշակերտներու, իւրաքանչիւրին տարին յատկացնելով 100 լ. ոսկի, ընդամէնը` 16.000 լ. ոսկի:
Վեհափառ կաթողիկոսը, որուն կը պատկանէր վերջին խօսքը, շնորհաւորեց կրթական ընկերակցութիւնը իր հայանուէր նպատակներուն համար եւ խոստացաւ կարելի ամէն օժանդակութիւն ընծայել, որպէսզի մեր կեանքին մէջ ծնունդ առած այս հիմնարկութիւնը աճի ու զարգանայ եւ հասնի կրթական գործի բոլոր կարիքներուն:
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաներէն շատեր անդամ արձանագրուեցան կրթական ընկերակցութեան` յանձն առնելով տարին 500-ական լ. ոսկի վճարել անոր վսեմ նպատակին համար:
Ջերմօէն գնահատելի կը գտնենք ընկերակցութեան այս առաջին ձեռնարկը, որուն շնորհիւ հասարակութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացաւ անոր առաջադրութիւններուն:
 
			