Տարածենք Հայ Թերթը
Տարածենք հայ թերթը` ոչ թէ նիւթապէս զայն ապրեցնելու նախանձախնդրութեամբ լոկ, այլ դառնալու համար իրազեկ` հայ մտքի առօրեայ նուաճումներուն:
Այլեւս հաստատուած ճշմարտութիւն է, որ մեր գրական առօրեան եւ ստեղծագործական մեր ճիգերուն կարեւորագոյն մասը կը մնան օրաթերթերու մէջ, մեծ մասամբ:
Սփիւռքը ներկայիս բաժնուած է գլխաւորապէս ութ գլխաւոր շրջաններու. Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Յունաստան, Ֆրանսա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Հարաւային Ամերիկա:
Այս ութ շրջաններուն մէջ իրենց համար առանձին կենցաղ ու գործունէութեան մարզեր ստեղծած են մեր հայրենակիցները:
Մտաւորական, տնտեսական, քաղաքական ամէն կարեւոր հարց գլխաւորապէս այս գաղութներու մեր բազմութիւններուն եւ անոնց ղեկավար տարրերուն ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ:
Մեր մտաւորական ճիգերը, ստեղծագործական աշխատանքները այս գաղութներուն մէջ երեւան կու գան ու կը ստանան որոշ ձեւ ու լուծում:
Արտերկրի մտաւոր մեր ճիգերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Պոլսոյ մեր հայրենակիցները, ուր եւս գոյութիւն ունին հայ թերթեր, հայ վարժարաններ եւ մշակութային օճախներ, ինչպէս հաւանօրէն փոքրաթիւ Իրաքի եւ Նիկոսիոյ մէջ, բայց ծանրութեան կեդրոն կը մնան, յատկապէս քաղաքական տեսակէտով, յիշատակուած մեր ութ գաղութները:
Մտաւոր ճիգերու կեդրոններ են նաեւ, որոշ աստիճանով, Ս. Ղազարու վանքը` իր մամուլով եւ Վիեննայի Մխիթարեանց վանքը` նոյնպէս իր սակաւաթիւ ազգայիններու մատչելի «Հանդէս Ամսօրեայ»-ով:
Բացառութեամբ հայ մամուլին շուրջ բոլորուած խմբագիրներու, սփիւռքի մեր մէկուկէս միլիոն հայրենակիցները անունով միայն կը ճանչնան մեր թերթերը:
Եւ որովհետեւ ամէն գաղութ տրամաբանօրէն կը հետաքրքրուի նախ իր շրջանին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերով, հասկնալի է, որ թերթ մը սպառի մեծ մասամբ իր լոյս տեսած վայրին մէջ:
Այդպէս ալ կ՛ըլլայ արդէն: Չկայ հայ թերթ մը, որ իր հրատարակուած վայրի ընթերցողներէն աւելի կամ անոնց թիւին չափ բաժանորդ ունեցած ըլլայ այլ գաղութի մը մէջ:
Քիչ մը այսպէս է նաեւ պարագան օտար օրաթերթերու եւ հանդէսներու: Սա տարբերութեամբ, որ օտար թերթերու բովանդակութիւնը բոլորովին կը տարբերի մեր թերթերու բովանդակութենէն:
Ամէն կողմ օտար օրաթերթեր կան, որոնց առօրեայ երեսուն-քառասուն կամ աւելի էջերը գրաւուած են հեռագրալուրերով, իրենց շրջանը կամ միջազգային քաղաքական եւ տնտեսական կեանքը հետաքրքրող խմբագրականներով ու առաջնորդողներով, մեծածաւալ յայտարարութիւններով ու պատկերներով, մինչ մերինները օրին կու տան քաղաքական այդ լուրերուն կարեւորները, զանց կ՛առնեն ոճիր-արկածներն ու դատական բաժինները, աղքատ են շահաբեր յայտարարութիւններով: Այսուհանդերձ, հայ օրաթերթերու չորս էջերը գրաւուած կ՛ըլլան ազգային եւ քաղաքական իրադարձութեանց նուիրուած խմբագրականներով, տեղական կեանքի անցուդարձերով եւ աշխատակիցներու յօդուածներով:
Հազուադէպ երեւոյթ պէտք է նկատել օտար բազմէջ օրաթերթի մը սովորական թիւերուն մէջ քերթուածի մը կամ գրական լուրջ յօդուածի մը հրատարակութիւնը: Նման գրութիւններ վերապահուած են կիրակնօրեայ թիւերու:
Զարտուղութիւն մը կը կազմէ հայ օրաթերթը: Անոր ամէնօրեայ համարներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ գրական ամէն տեսակ ստեղծագործութեանց` պատմուածք, բանաստեղծութիւն, կրթական հարցի նուիրուած յօդուած մը, պատմական, տնտեսական եւ քաղաքական այլ հարցերու մասին շահեկան գրութիւն մը, կամ թերեւս` թարգմանութիւն մը նոյնպէս:
Հայ օրաթերթը տեսակ մը համայնագիտարան է, շտեմարան` պիտանի եւ հետաքրքրական նիւթերու: Սփիւռքի մտաւորական մեր ճիգերը կը ցոլանան անոր էջերուն մէջ` առանց մոռնալու մտաւոր վաստակը հայրենի հողին վրայ ապրող հայ գրողին:
Եւ որովհետեւ մտաւորական որակեալ հաւասար ուժերով օժտուած չեն մեր բոլոր գաղութները, հայերէն շատ մը թերթերու մէջ լոյս տեսած արժէքաւոր գրութիւններ, սկսած` խմբագրականներէ մինչեւ լեզուական հարցերու նուիրուած խստաբիբ պրպտումներ, կը մնան անահաղորդ` քոյր գաղութներու մեր բազմութիւններուն:
Իբրեւ հետեւանք կապի պակասին, հակառակ որդեգրուած օգտաշատ դրութեան մը, մէկ հայերէն թերթի կապուած հայ ընթերցող մը, հասկնալի պատճառով, պիտի մնայ անծանօթ` հեռաւոր գաղութի մը հայերէն որակեալ մէկ ուրիշ օրաթերթին մէջ երեւցած շատ արժէքաւոր գրութեանց:
Եթէ տարիներով թերթի մը կապուած բաժանորդ մը չի ճանչնար, օրինակ, Լիբանանի մէջ հասակ նետող ու որոշ համբաւի հասած նոր գրողներ, ցաւալի այս պարագան վերագրեցէք քիչով գոհանալու իր անփութութեան:
Անփութութիւն` անոր համար, որ սահմանափակ է առհասարակ հետաքրքրութիւնը հայ մարդուն:
Այդ սահմանափակութիւնը ան կ՛արդարացնէ «Ժամանակի պակաս»-ով: Այս չքմեղացումը անարդար կը գտնենք: Որովհետեւ ժամերով թղթախաղի սեղաններու կամ հեռատեսիլի, յաճախ անբովանդակ տեսարաններու կապուած ազգայիններ մեծ թիւ մը կը կազմեն:
Եթէ աւելի խոր ըլլար անոնց հետաքրքրութիւնը` հանդէպ հայ մշակոյթին ու գրականութեան, դիւրութեամբ պիտի կրնային բաժանորդ դառնալ այլ գաղութի մը մէջ լոյս տեսած կարեւոր մէկ-երկու ուրիշ թերթերու եւս:
Այն ատեն պիտի տեսնէին այլ ձեւի նորութիւններ հայ կեանքի մէջ: Պիտի հանդիպէին մտաւոր մեր կեանքը առաջնորդող այլ դէմքերու, որոնցմէ ոմանց գրութիւններուն տարին քանի մը հեղ շրջանի օրաթերթին մէջ երեւիլը ամէն ինչ չէ դժբախտաբար:
Գրական անուններ կան հրապարակի վրայ, որոնց մասին լուր չունին հազարաւորներ:
Ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ լոյս կը տեսնեն այս կամ այն գաղութի օրաթերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ, որոնց մասին ոչ մէկ ծանօթութիւն ունին իրենք:
Հայ մարդուն, նոյնիսկ հայ ուսուցչին ու համալսարանականներուն ճնշող մեծամասնութեան ապրած ստորակայութեան զգացումը վերագրեցէք հայ թերթերու հանդէպ անոնց ցոյց տուած անտարբերութեան:
Հայ օրաթեթը կը սպառի բացառաբար իր լոյս տեսած վայրին մէջ:
«Ազդակ», «Հայրենիք», «Յուսաբեր», «Ալիք», «Յառաջ» եւ ուրիշներ տասնեակ եւ տասնեակ տարիներէ ի վեր հրատարակուած ծանօթ օրաթերթեր են. հետաքրքրուեցէք ու պիտի տեսնէք որ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան մէջ անոնցմէ եւ ոչ մէկը ունի երկոտասնեակ մը բաժանորդ:
Նոյնն է պարագան հարաւի մեր շրջանին մէջ հրատարակուած թերթերուն, որոնք մատի վրայ համրուող բաժանորդներ միայն ունեցած պէտք է ըլլան հեռուները:
Թող չառարկուի, թէ մինչեւ մեր շրջանը հասնիլը իրենց թարմութիւնը կորսնցուցած կ՛ըլլան յիշուած կամ այլ թերթերու քաղաքական կամ ազգային լուրերը:
Նման լուրեր արդէն հայ ընթերցողը, ներկայիս, հարիւրի վրայ ութսուն, կը կարդայ տեղական թերթերու մէջ կամ կը լսէ հեռատեսիլէն եւ ձայնասփիւռէն:
Մեր խօսքը մեր օրաթերթերու գրական եւ մշակութային եւ այլ ձեւի լուրջ գրութիւններու մասին է, զորս կրնանք կարդալ քանի մը շաբաթ յետոյ: Անոնց մեր շրջանը ուշ հասնիլը ոչինչ կը պակսեցնէ իրենց արժէքէն:
Հայ թերթին որակական բարձրութեան հետ` անոր տնտեսականին նպաստող կեցուածք մը պիտի ըլլար մերը, եթէ քիչ մը աւելի խորանար ընթերցումի սէրը գէթ անոնց մէջ, որոնց համար նիւթական զրկանք մը չէ բնաւ դառնալ բաժանորդ սփիւռքեան քանի մը այլ թերթերու:
Այդ կերպով անոնք պիտի զրահուէին աւելի լայն ծանօթութիւններով: Մտաւոր իրենց պաշարը պիտի խորանար ու նոյն համեմատութեամբ ալ պիտի կապուէին հայ կեանքին:
Սահմանափակ իրենց ծանօթութիւններով` անոնք ներկայիս կը մնան անհաղորդ կարեւոր շատ մը անցուդարձերու, եւ ասիկա` գրական, հասարակական, ընկերային եւ մտաւորական այլ մարզերու մէջ: Վայելքի սեղաններու շուրջ հազար հազարներ մսխող հայրենակիցներու թիւը խելապտոյտ պատճառելու աստիճան շատցած է. չկա՞ն անոնց մէջ մեր մշակոյթին նախանձախնդիր հոգիներ, որպէսզի ծաւալի հայ թերթին տպաքանակը եւ հայ օրաթերթը, որ դարձած է պահակ` իր լոյս տեսած շրջանի գաղութին համար, դառնայ նոյն ատեն նոր եւ յաւելեալ սատար մը մեր դիմադրական ճիգերուն ի խնդիր:
ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ