Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1969)

Յունուար 15, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ինչ Որ Ընես,
Միշտ Վերջը Մտածէ 

Անոնք, որոնք խրատը կ՛արհամարհեն, լաւ կ՛ընեն, եթէ ուշադրութեամբ կարդան այս պատմուածքը:

Թագաւոր մը, ծպտուած, մայրաքաղաքին փողոցներուն մէջ ման կու գար, երբ հանդիպեցաւ մարդու մը, որ խրատ կը ծախէր:

Թագաւորը շատ զարմացաւ:

Առաջին անգամ էր, որ կը լսէր,

թէ խրատն ալ կրնայ ծախու ապրանք ըլլալ:

Մօտեցաւ մարդուն եւ ուզեց հատ մըն ալ ինք գնել եւ գինը հարցուց.

– Յիսուն ոսկի,- պատասխանեց մարդը:

Թագաւորը վճարեց դրամը եւ պահանջեց խրատը:

– Ի՛նչ որ ընես, միշտ վերջը մտածէ.- ըսաւ մարդը:

«Ի՛նչ որ ընես, միշտ վերջը մտածէ»:

Արդարեւ, գեղեցիկ խօսք, մտածեց թագաւորը, բայց կ՛արժէ՞ յիսուն ոսկի սուղ չէ՞. բռնեմ սա մարդուն օձիքէն եւ ետ առնեմ դրամս:

Բայց շարունակեց մտածել, անշուշտ պիտի չյօժարի ետ տալ: Ես պիտի պնդեմ: Ան պիտի դիմադրէ: Մեր մէջ կռիւ մը անխուսափելի պիտի ըլլայ: Մարդիկ պիտի հաւաքուին: Թերեւս անոնց մէջ զիս ճանչցող մը պիտի ըլլայ. կամ թէ` դատարանը, ուր վերջապէս պիտի յանգի խնդիրը, ինքնութիւս պիտի հաստատէ, եւ ահա` գայթակղութիւն մը: Թշնամիներս ամէն տեղ պիտի տարաձայնեն խնդիրը եւ ժողովուրդին քով պիտի վարկաբեկեն զիս: Ի՞նչ ընել: Խելացութիւն է լռել, քան թէ` խայտառակուիլ: Կորսուած դրամ մը միշտ կարելի է շահիլ` բայց կորսուած արժանապատուութիւն մը` երբեք:

Ասոր հետ մէկտեղ` դէպքը այնքան խորունկ տպաւորեց թագաւորը, որ հրամայնեց հագուստին ու ճերմակեղէններուն վրայ գրել այս խօսքը.

«Ինչ որ ընես, միշտ վերջը մտածէ»:

Շատ ժամանակ չանցած` իրեն դէմ դաւադրութիւն մը կազմակերպուեցաւ: Պալատին բարձր պաշտօնատարներէն երկու հոգի գաղտնաբար համաձայնելով` որոշեցին սպաննել թագաւորը: Մեծ գումարով մը կաշառեցին սափրիչը: Այս վերջինը ածիլած միջոցին պիտի կտրէր թագաւորին գլուխը եւ պաշտօնատարները պատրաստ պիտի ըլլային զայն ազատել եւ ապահով վայր մը փոխադրել:

Որոշեալ օրը սափրիչը պալատ հրաւիրուեցաւ թագաւորը սափրելու: Երբ անոր օձիքը բացաւ ու շապիկին վրայ գրուած տեսաւ «Ինչ որ պիտի ընես, միշտ վերջը մտածէ», կարծելով, որ թագաւորը տեղեակ է իր դիտաւորութեան, սոսկումը պատեց զինք, եւ անմիջապէս թագաւորին ոտքերը իյնալով ներողութիւն խնդրեց անկէ:

Թագաւորը անմիջապէս անդրադարձաւ ու բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեկանալէ ետք ձերբակալել տուաւ դաւադիրները եւ մահուամբ պատժեց զանոնք:

«Ինչպէ՞ս կրնայի գուշակել, որ այդ յիսուն ոսկին օր մը իմ կեանքիս փրկագինը պիտի ըլլայ», կ՛ըսէր թագաւորը միշտ:

Կարեւոր Գիտելիքներ

1955-ին Քլայվ Թոմաս անգլիացի ուսանողը մրցումի մը ընթացքին յաջողեցաւ 23 մաներկրորդէն մէկ լիթր կաթ խմել: Իրաւունք ստացաւ ամբողջ տարի մը ձրի կաթ խմել:

Նապաստակը այնքան խորամանկ է, որ թաքստոց մը մտնելէ առաջ զանազան ոստոստումներ կը կատարէ անկէ հեռու, որպէսզի հալածող շունը շփոթեցնելու համար կարենայ իր հետքերը ջնջել:

1951-ին Ճորճ Քանինկըմ ամերիկացի զինուորը Արեւմտեան Գերմանիայէն աշխարհի ամէնէն երկար նամակը գրեց մօրը. պահարանը կը կշռէր 374 կրամ: Նամակին երկարութիւնը 26 մեթր էր:

Շահու հնդիկ մահարաճան (1682-1749) ի նշան երախտագիտութեան` հանդէպ իր շունին, որ զինքը փիղի մը յարձակումէն ազատած էր, իր ճոխ թուրպանը անոր գլխուն անցընելով` զայն 20 գիւղերու իշխան անուանեց:

Նշմար

Արեւելքի Վենետիկը

Ֆրանսական «Փարի-Ժուր» թերթին մէջ կարդացինք լուր մը, որուն հեղինակը կա՛մ այն է, որ ձմեռը երբեք Պէյրութ չէ այցելած, կա՛մ եթէ եկած է իսկ «Ֆենիսիա»-ի հանգստաւէտ սրահներէն դուրս գալու պատեհութիւնը չէ ունեցած:

Եթէ այդպէս եղած չըլլար, անպայման որ անդրադարձած պիտի ըլլար այն գէշ կատակին, զոր կը հրամցնէ մեզի:

Ժան Քլոտ Զանա, այս է անունը ֆրանսացի լրագրողին, կը խօսի երազային ծրագրի մը մասին, որուն նպատակն է երկրորդ Վենետիկ մը ստեղծել Լիբանանի մէջ, աւելի ճիշդը` Սուրի կողմերը: Ծրագրին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի իտալական ընկերութեան մը, որ տեղւոյն վրայ քննութիւններ կատարած է արդէն:

Անշուշտ, տրամաբանականօրէն, նոր Վենետիկի մը շինութիւնը կարելի է վստահիլ միայն իտալացիներուն, որոնք դարերէ ի վեր ջուրերուն վրայ կանգուն կը պահեն ջրանցքներու այդ ոստանը: Նոյնիսկ կարելի է մտածել նաեւ հոլանտացիներու մասին: Ֆրանսացի լրագրողը չի գիտեր սակայն, որ մենք ո՛չ իտալացիներուն պէտք ունինք եւ ո՛չ ալ հոլանտացիներուն:

Աւելին. նոր Վենետիկի ալ պէտք չունինք: Փա՜ռք Աստուծոյ, բնութիւնն ու հանրային իշխանութիւնները այն աստիճան սերտօրէն կը գործակցին Լիբանանի մէջ, որ այդքան ծախքի պէտք չկայ Վենետիկ ունենալու համար: Վենետիկը, որ զբօսաշրջիկներուն համար հրապոյրի կեդրոն մը պիտի ըլլար, կա՛յ արդէն, այն տարբերութեամբ որ պարբերական է անոր գոյութիւնը. ձմեռը կու գայ, ամառը կ՛երթայ:

Եթէ իտալական Վենետիկը ունի իր կոնտոլները, Լիբանանի Վենետիկին չեն պակսիր իր… բեռնակիրները, որոնք, երբ Պէյրութի եւ արուարձաններու փողոցները գետակի կը վերածուին, շատ աւելի աժան, 25 դահեկան վարձքով, անցորդները մէկ մայթէն միւսը կը փոխադրեն` եղբայրական օրինակելի պատրաստակամութեամբ մը:

Լիբանան Վենետիկի պէտք չունի: Առայժմ պէտք եղածը պարզապէս կոյուղիներ են եւ ջրաթումբեր, որոնք ուղղութիւն տան իր ձիւնառատ լեռներէն թափուող յորդահոս ջուրերուն:

Անշուշտ այս բոլորը դժուար է հասկցնել «սալոն»-ի լրագրողներուն, որոնց յանցանքին միակ չմեղանքը մեզի հաճելի երեւնալու եւ հիւրասիրութիւնները գնահատելու հասկնալի փութաջանութիւնն է:

Տ. Ո. 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Յաջորդը

2019 Խոզի Տարի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?