Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1969)

Յունուար 25, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մշակոյթի Դեսպան

Սփիւռք կոչուող աշխարհատարած հայ գաղութները մեր պատմութեան վերջին յիսնամեակին մէջ բացին ցաւալի էջ մը: Ցաւալի` մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգներուն եւ մեր ուժերու կոտորակումին տեսակէտէն: Այս մասին յաճախ է խօսուած, եւ ցաւը ծանօթ է բոլորիս:

Սփիւռքը կեանքի կոչող բացառիկ այս երեւոյթը ազգային տեսակէտէն կրնայ ունենալ նաեւ մասնաւոր առաւելութիւններ, եթէ գիտնանք օգտուիլ անոնցմէ:

Ամէն բանէ առաջ մեծ առաւելութիւն է յարաբերութիւններու այն հսկայ ցանցը, զոր հայ մարդը կը ստեղծէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն հետ: Հայը ներկայ է ամէն տեղ իր շունչով եւ իր ոգիով: Անսահման հնարաւորութիւն ստեղծուած է մեզ համար` կենդանի խօսքով ու շփումով մեր արժէքները ծանօթացնելու օտարներուն: Պետութիւն մը միլիոններ ծախսելով պիտի չկարենար քարոզչական այսպիսի վիթխարի մեքենայ մը առաջ բերել ի սփիւռս աշխարհի: Մեր դժբախտ ճակատագիրը, հակառակ մեր կամքին եւ անհաշիւ կորուստներու իբրեւ հետեւանք, լարեց տարօրինակ այս մեքենան երկրագունդիս երեսին: Ու կ՛ուզես` գնա՛, մինչեւ Չինումաչին հայու կը հանդիպիս:

Ամէն հայ իր եղած վայրին մէջ եւ զինք շրջապատող ժողովուրդին առջեւ կրնայ հայ մշակոյթին կամ առնուազն հայու հոգեմտաւոր արժէքներուն դեսպանը դառնալ:

Թող բառը խոշոր չերեւի: Գիտենք, թէ ամէն հայ ո՛չ պէտք եղած պատրաստութիւնը ունի, ո՛չ ալ բնածին կարողութիւնը` մեր մշակոյթին գանձերը պատշաճ ձեւով ուրիշներուն ներկայացնելու համար: Նման առաքելութիւն մը քիչերուն տրուած է:

Պահանջուածը աւելի համեստ աշխատանք մըն է, որուն մէջ բաժին կրնան ունենալ մեր ազգակիցներէն շատ շատեր: Հայ համալսարանականը մի՞թէ ի վիճակի չէ իր օտար դասընկերներուն ճաշակը տալ հայ երգին ու գրականութեան, զանազան առիթներով: Կը բաւէ յաճախ ձայնապնակի մը ունկնդրութիւնը եւ բանաստեղծութեան մը ընթերցումը, որպէսզի հայ հոգիին գեղեցկութիւնը ճառագայթէ մեր շրջապատին վրայ: Քիչ թէ շատ բանիմաց հայ աշխատաւորն անգամ օտար բարեկամներու շրջանակին մէջ կրնայ հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի հմայքին արձագանգները բերել:

Հայկական արժէքները ծանօթացնելու գործը անշուշտ որ ծրագրուած եւ կազմակերպուած ճիգերու կը կարօտի: Խնամուած թարգմանութիւններ, շքեղ հրատարակութիւններ, ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ եւ այլն: Այս բոլորին համար նիւթական աղբիւրներ անհրաժեշտ են: Բայց մեր խօսքը նման ձեռնարկներու մասին չէ, այլ` անհատական նախաձեռնութիւններու եւ առօրեայ յարաբերութիւններու:

Պատահած է շատ անգամ, որ խաւարը լուսաւորելու կոչուած կայծը արձակուի երկու անձերու հոգեկան շփումէն: Այդպէս չեղա՞ւ Լիւք Անտրէ Մարսելի պարագան: Հայ երգի կտոր մը եւ Նարեկէն քանի մը տող բաւեցին, որ երիտասարդ ֆրանսացի արուեստագէտը սիրահարի հայ մշակոյթին եւ դառնայ անոր ամէնէն հաւատաւոր ու անկեղծ քարոզիչներէն մէկը: Եւ յայտնագործող այս սէրը մենք շահեցանք Կ. Փոլատեանի եւ Շ. Նարդունիի անհատական ճիգերուն եւ յարաբերութիւններուն շնորհիւ:

Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա եւ մերձարեւելեան երկիրներ որքա՜ն սրտեր կրնանք գրաւել ու կապել մեր մշակոյթին ու Դատին, եթէ այս ուղղութեամբ ամէն հայ իր կարելին չխնայէ: Այսինքն փորձէ դառնալ մեր հոգեկան հարստութիւններուն եւ մեր իրաւունքներուն անպաշտօն դեսպանը: Նման կարելիութիւններու հսկայական դաշտ մըն է սփիւռքը, որմէ օգտուիլ պէտք է գիտնան մեր տարագիր բազմութիւնները:

Օտարը տրամադիր է արտաքին երեւոյթներէն դատելու մեր ժողովուրդը: Դժբախտաբար արտաքին երեւոյթները կարգ մը պարագաներու եւ վայրերու մէջ շատ ալ նպաստաւոր չեն մեզի համար: Դուրսէն դիտելով` օտարը հայուն մէջ կը տեսնէ ճարպիկ առեւտրականը միայն, գորգավաճառը, շահագործող արեւելքցին եւ այս տուեալներով կը կազմէ իր գաղափարը ամբողջ ազգի մը մասին:

Ինչպէ՞ս ընել, որ օտարները տեսնեն մեր միւս երեսն ալ, մեր հոգեկան խորութիւններէն ներս թաղուած ստեղծագործական այն սքանչելի յատկութիւնները, որոնք հայ մշակոյթի հրաշալիքներուն ծնունդ տուին: Ինչպէ՞ս ընել որ մեզ ճանչնան, բայց մեզ սխալ չճանչնան:

Այս ուղղութեամբ ամէն հայ ընելիք մը ունի, բայց ամէնէն աւելի նման պարտականութիւն մը կ՛իյնայ մեր զարգացած երիտասարդներու ուսերուն: Անպայման գրող ու մտաւորական ըլլալու պէտք չկայ հայութեան Դատին ու արժէքին քարոզիչը դառնալու համար: Կը բաւէ որոշ տեղեկութիւններ ունենալ մեր մշակութային գանձերու մասին` անոնց վրայէն վարագոյրը վերցնելու համար հետաքրքիր նայուածքներու դէմ: Հազար անգամ աւելի արժէք ունի փաստական տուեալի մը յայտնագործումը, քան` մեր տառապանքին ու թափած արցունքներուն ցուցադրութիւնը: Գութ շարժելով` չենք կրնար համակրանք շահիլ: Ազգերու մրցադաշտին վրայ իրագործած արժէքներդ միայն հաշուի կ՛առնուին: Ի՞նչ տուած ես մարդկութեան` իբրեւ արուեստ ու գիտութիւն, ի՞նչ կրնաս տալ տակաւին կենսանորոգ տաղանդիդ ուժով` ա՛յդ միայն յարգանք կը պարտադրէ օտարներուն: Մենք սուտի եւ կեղծիքի դիմելու պէտք չունինք: Եթէ կարենանք իմաստուն ձեւով աշխարհին ծանօթացնել հայ մշակոյթին ինքնայատուկ իրագործումները, արդէն իսկ մեծ նպաստ մը բերած կ՛ըլլանք մեր Դատի յաջողութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն հայ, գաղթաշխարհի տարածքին, նուիրական պարտականութիւնը ունի հայ մշակոյթի դեսպան դառնալու:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Ընթացիկ Գայթակղութիւնը. Ալիեւի Դուստրերը Փորձած Են Լոնտոնի Մէջ 76 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Տուն Մը Գնել

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?