Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուղթէ Անհաւատալի Արուեստի Գործեր

Սեպտեմբեր 2, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երբ մարդ արարածը մտադրէ արուեստի գործ մը ստեղծել` ըստ իր երեւակայութեան, ան կրնայ օգտագործել իր տրամադրութեան տակ գտնուած որեւէ նիւթ եւ զայն արուեստի գործի վերածել: Ժամանակի ընթացքին ան պիտի կարենայ ընտրել իր նախասիրած նիւթը, որ ամէնէն լաւ կերպով կրնայ իր ներաշխարհը արտայայտել:

Կարգ մը արուեստագէտներ ընտրած են իրենց ներաշխարհը եւ զգացումները արտայայտել թուղթին միջոցով: Այս ձեւով մենք առիթը կ՛ունենանք զմայլելու սքանչելի արուեստի գործերով, որոնք նուրբ թուղթին միջոցով կրնան զօրաւոր զգացումներ յառաջացնել:

Այս արուեստագէտներէն մէկն է անգլիացի Էմմա Թէյլըրը: Ան միշտ շատ սիրած է բնութիւնը եւ արուեստը, եւ ան գտած է միջոցը իր այս երկու հետաքրքրութիւնները իրարու միացնելով` գեղեցիկ ստեղծագործութիւններ մէջտեղ բերել:

Իր այս գործերը ստեղծելու համար ան կը կտրէ իր այլեւս պէտք չունեցած բոլոր թուղթի պզտիկ կտորները եւ ապա ան զանոնք կը փակցնէ իրարու, մինչեւ որ ստանայ իր մտադրած շինութիւնը կամ անասունը:

Մինչ Հասք Միթ Նովն (անունս յիշէ) անունով ճանչցուած դանիացի արուեստագէտը ունի տարբեր մօտեցում մը: Ան կը սիրէ գծել, սակայն նոյն ատեն կը փորձէ թուղթը ինքնին մտցնել իր գծագրութեան մէջ` զայն ընդհանուր «գծագրութեան» մէջ ընդգրկելով: Ան կ՛երեւակայէ տարբեր կերպարներով հաճելի պատահար մը, ապա թուղթը կը պատռէ, կը փակցնէ, կը ծալէ շարժում մը ստեղծելու համար:

Վերջապէս, քանատացի Քալվըն Նիքըլզ կը ստեղծէ պատկերներ, որոնց մէջ մենք կրնանք տեսնել ցցուն (3D) անասուններ: Կարծէք` այդ կենդանի էակները իրենց շրջանակէն դուրս կու գան: Նախ ան պարզապէս թուղթին վրայ կը գծէ, ապա զգուշութեամբ կը կտրէ թուղթի մանր կտորներ եւ զանոնք մէկ-մէկ իրարու վրայ կը փակցնէ, մինչեւ որ ցցուածք մը յայտնուի:

Ձեռային Աշխատանք

Խաւաքարտէ Տուփէ Դէմքեր

Ինչպէս մենք տեսանք այս էջին գլխաւոր յօդուածին մէջ, նոյնիսկ թուղթով կարելի է սքանչելի արուեստի գործեր պատրաստել: Եթէ ասիա քեզ կը հետաքրքրէ, դուն ալ կրնաս նման գործեր ընել շուրջդ գտնուող տարբեր առարկաներով` ստեղծելու քու անձնական աշխարհդ եւ երեւակայութիւնդ արտայայտող արուեստի գործեր:

***

Այս ձեռային աշխատանքին համար դուն պարզապէս պէտք պիտի ունենաս` հաւկիթի խաւաքարտէ տուփի, խէժի, մկրատի եւ, եթէ կ՛ուզես գունաւոր գործեր ունենալ, ջրաներկեր:

– Դէմքին բաժինը շինելու համար հաւկիթի տուփին կափարիչը կտրէ: Եթէ պէտք ունիս, չափահասէ մը խնդրէ, որ ան քեզի օգնէ:

– Տուփին փոսերով բաժինէն կտրէ դէմքին տարբեր բաժինները` աչքերը, քիթը, բերանը, յօնքերը, պեխ, մօրուք… ըստ քու երեւակայութեանդ: Կրնաս նաեւ ներկայացնել անասուններու, կամ նոյնիսկ երեւակայական էակներու գլուխներ:

– Ապա սկսիր զետեղել իւրաքանչիւր կտոր իր տեղը եւ խէժով փակցուր:

– Կրնաս այս դէմքերը խաւաքարտին գոյնով ձգել, կամ ներկել ջրաներկերով:

– Վերջապէս, մի՛ մոռնար քու արուեստի գործիդ վերնագիր մը տալու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել «վերջ» վայրին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Ամուլ Հառաչանքը` «Խորապէս Մտահոգ» Արեւմուտքին Եւ «Մեծապէս Ցաւող» Արեւելքին, Եւ Լացակումաց Հայութեան Պատկերը (2 Սեպտեմբեր 1991)

RelatedPosts

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը
Մանկապատանեկան

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը
Մանկապատանեկան

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Սեպտեմբեր 16, 2023
Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը
Մանկապատանեկան

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Սեպտեմբեր 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In