Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այսօր մենք պիտի այցելենք աշխարհի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող դպրոցները` ծանօթանալու անոնց աշակերտներու տարազներուն:
– Անգլիոյ մէջ
Նախակրթարանի աշակերտներուն 80 առ հարիւրը եւ միջնակարգի աշակերտներուն` 98 առ հարիւրը: Այս սովորութիւնը մնացած է 16-րդ դարէն, իսկ կարգ մը հաստատութիւններու պարագային, ինչպէս` Օքսֆորտ եւ Քեմպրիճ, այդ տարազը նոյնը մնացած է 400 տարիներէ ի վեր:
– Ճափոնի մէջ
Ինչպէս ասիական բազմաթիւ երկիրներու դպրոցներու պարագային, դպրոցական տարազը սովորութիւն դարձած է 19-րդ դարէն սկսեալ. ճերմակ շապիկ, բաճկոնակ եւ վզկապ` մանչերու պարագային, եւ փլիսէ փէշ, շապիկ, վզկապ կամ ժապաւէն` աղջիկներու պարագային: Անոնք յաճախ կը հագուին նաեւ «լուս սոքս» կոչուած երկար գուլպաներ, ինչպէս` մասկաներուն մէջի հերոսուհիները:
Բոլոր ճափոնցի աշակերտները ունին «րոտուսերօ» կոչուած դպրոցի պայուսակը. սեւ` մանչերուն համար, եւ կարմիր` աղջիկներուն համար: Այս պայուսակը շատ սուղ է եւ կրնայ արժել 200-1800 տոլար: Անիկա խորհրդանշական առարկայ մըն է, զոր փոքրիկ աշակերտները կը ստանան իրենց մեծ հայրիկէն կամ մեծ մայրիկէն` առաջին վերամուտին առիթով:
– Կանայի մէջ
Դասական ոճով, անգլիական իշխանութեան օրերէն մնացած դպրոցական տարազը կը փոխուի 2021-ին, եւ ափրիկեան ոճով տարազներ կ՛որդեգրուին դպրոցներուն մէջ: Այս որոշումին գլխաւոր նպատակն էր արժեւորել երկրին մշակոյթը: Այս ձեւով դպրոցներուն մէջ յայտնուեցան աւելի գունաւոր եւ բնազարդերով տարազներ:
– Հնդկաստանի մէջ
Իսկական հաւասարութիւն գոյութիւն չունի տարազներու պարագային: Սակայն 2021-ին երկրին հիւսիսը գտնուող կարգ մը հաստատութիւններ ձերբազատուեցան աղջիկներու եւ մանչերու յատուկ տարբեր տարազներէն եւ որդեգրեցին աւելի յարմար երկսեռ տարազ մը: Աղջիկներ այլեւս փլիսէ փէշի փոխարէն` սկսան հագուիլ տաբատ, որ իրենց աւելի մեծ ազատութիւն կու տայ շարժելու բակին մէջ, զբօսանքի ժամանակ:
– Պութանի մէջ
Աշակերտները կը հագուին աւանդական հագուստ մը` իբրեւ տարազ. մանչերը մէջքին գօտիով սեղմուած պատմուճան մը` «կոն», իսկ աղջիկները` «քիրան», մինչեւ ոտքերուն կոճերը հասնող կերպաս մը, եւ վրայէն կարճ բաճկոնակ մը` «թոէկոն»:
– Ինտոնեզիոյ մէջ
Հոն իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր տարազը: Այդ տարազները յաճախ կարմիր գոյնի տարբեր երանգներ կ՛ունենան, սակայն անոնք շատ սուղ են, ինչպէս նաեւ` համապատասխանող կօշիկները. իսկ այս բոլորը ծնողները ստիպուած են գնելու: Այս պատճառով աղքատ ընտանիքներու պատկանող կարգ մը աշակերտները դպրոցէն վերադարձի ճամբան բոպիկ կ՛անցնին իրենց թանկարժէք կօշիկները չփճացնելու համար:
– Միացեալ Նահանգներու մէջ
Ինչպէս տեսանք աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ դպրոցականները մեծ մասամբ տարազներ կը հագուին, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարազ գոյութիւն չունի` բացի անձնական կարգ մը դպրոցներէ: Սակայն այս դպրոցներուն մէջ, ուր տարազը պարտադիր չէ, հագուստի չափանիշներ գոյութիւն ունին, ինչպէս, օրինակ, փէշերուն երկարութիւնը, արտօնուած գոյները, ծակած ճինզերը…
Գիտէի՞ր, Թէ…
Հագուստներու չափանիշներու հասկացողութիւնը յայտնուած է միջնադարեան շրջանին: Սակայն մեզի ծանօթ տարազը յայտնուած է Անգլիոյ մէջ, 16-րդ դարուն, աղքատ աշակերտներու յատուկ բարեգործական դպրոցներուն մէջ: 19-րդ դարուն է, որ անիկա կը տարածուի Անգլիոյ գրեթէ բոլոր պետական դպրոցներուն մէջ: Սկիզբը անիկա կը ներշնչուի զինուորական տարազներէն, ապա ժամանակի ընթացքին կը դառնայ բարձր դասակարգի հոմանիշ: Այդ ժամանակ է, որ անիկա մուտք կը գործէ անձնական դպրոցներ եւ տարազներուն վրայ կը յայտնուի իւրաքանչիւր դպրոցի եւ հաստատութեան տարբեր նշանը:
Չինաստանի Մէջ
Նուազ Համացանց Մանուկներու Համար
Սեպտեմբեր 2-էն սկսեալ 18 տարեկանէն աւելի ցած տարիք ունեցող չիները այլեւս միջոցը չունին համացանցին կապուելու իրիկուան ժամը 10:00-էն մինչեւ առտուան ժամը 6:00-ը: Իսկ աւելի փոքրերը օրական միայն մէկ ժամ իրաւունք ունին համացանցին կապուելու:
Կրնայ ըլլալ, որ քու տանդ մէջ ալ նման օրէնքներ գոյութիւն ունին, սակայն այս պարագային, այս որոշումը ծնողքէն կախեալ չէ, այլ ուղղակիօրէն կու գայ պետութենէն: Այս որոշումով Չինաստանի պետութիւնը կ՛ուզէ պայքարիլ պաստառներուն կախուած ըլլալու վիճակին դէմ: Բայց հաւանաբար այս որոշումը ունի նաեւ ուրիշ նպատակներ… Համացանցին վրայ նուազ ժամանակ անցընելով` պատանիները նուազ տեղեկութիւններ կրնան հաւաքել, եւ այս ձեւով անոնք չինական կարգավիճակին դէմ ըմբոստանալու նուազ ընդունակ կ՛ըլլան:
Մտածենք
Վաճառատան Մէջ
Չորս բարեկամներ միասին գնումի գացին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր գումար ունէր հետը, հետեւաբար անոնք իրարմէ տարբեր ապրանքներ գնեցին:
Կրնա՞ս գտնել, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինչ գնեց եւ որքա՛ն ծախսեց` հետեւելով վարի բացատրութիւններուն:
1) Խաղը ամէնէն սուղ ապրանքն էր:
2) Ալինը չի կրնար շաքարեղէն ուտել:
3) Ժիրայրը Մարալէն 300 հազար ոսկի նուազ ունէր:
4) Սեւակը ո՛չ խաղալիք, ո՛չ ալ խաղ մը գնեց:
5) Գիրքը կ՛արժէ 500 հազար ոսկի:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել գիրքերուն հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը: